Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՒՆԻԿ ՏԷՐ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ    

June 15, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆՈՒՆԻԿ ՏԷՐ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ 

 

 

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԶԻՆԱՆՇԱՆԻՆ     

Հեւքոտ տենդով՝ մեծ պատգամին ախոյեան

Ներհուն փառքը դարբնեցիր դու ո՜վ նշան,

Չարչարանքի գողգոթայէն անվեհեր,

Ազատ երթին կարդացիր գոռ հրաւէր:

 

Կորովիդ մէջ առաքինի, անյարիր,

Եռանդագին վեհ Գուպարը սիրեցիր,

Ազատութեան վսեմ գործը խաչուելուն,

Նուիրեցիր կեանքդ մաքուր ու բեղուն:

 

Զոյգ պայտերդ շղթաներու ագուցուած,

Իղձերուդ փունջ կապոցին յար զուգընթաց,

Նիզակաւոր սուրբ դրօշիդ յատկանիշ,

Ասպետական կամքիդ դարձաւ խորհրդանիշ:

 

Նկուն չեղար ոչ մէկ ազնիւ պայքարի,

Շնորհիդ մէջ միշտ դուրս եկար քաջարի,

Ամէն կողմ երկաթ ձողեր փակած պինդ,

Նուիրական կը պատկերեն հոգիդ պինդ:

Սոյն գողտրիկ բանաստեղծութիւնը գրգիռ հանդիսացաւ հետեւելու անոր հեղինակին՝ Նունիկ Տէր Ղեւոնդեանի կեանքի հետքերուն:

Ծնած է Ռոտոսթօ: Սոյն քաղաքը կը գտնուի Մարմարա ծովուն հիւսիսարեւմտեան եզերքը՝ Կ. Պոլիսէն 72 մղոն դէպի արեւմուտք, իսկ Տարտանէլի նեղուցին ներքին բերանէն շուրջ 60 մղոն դէպի հիւսիս-արեւելք: Քաղաքը թրքական տարբերակով կը կոչուի Թեքիրտաղ: 1600-ականներէն սկսեալ, հայեր կը սկսին հաստատուիլ հոն՝ գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներէ (Կամախ, Երզնկա, Ակն, Կեսարիա, Տիվրիկ, Կարին եւ այլն), որպէս հետեւանք իրենց անտանելի պայմաններուն: Ռոտոսթոյի բնակիչները եղած են յոյներ, թուրքեր եւ հայեր:

Քաղաքին հայերը, հոծաթիւ կերպով, գլխաւորաբար կը բնակէին երկու թաղամասերու մէջ, որոնք կը կռչուէին իրենց եկեղեցիներուն անուններով՝ Սբ. Թագաւոր եւ Սբ. Խաչ: Թագաւոր թաղին երբեմնի առաջնորդական փոխանորդը եղած է Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Պեզիրճեան, որուն տան երդիքին տակ կը ծնի Նունիկ 1885 թուականին: Ան հետագային կը կրէ իր հօր եկեղեցական անունը՝ որպէս մականուն, ինչպէս որ աւանդութիւն եղած է հայոց մէջ՝ քահանաներու շառաւիղներու պարագային: Ան կ’ուսանի իր թաղին Յովհանեան վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը այդ տարիներուն կը վարէր Լեւոն Շանթ: Ապա՝ կը յաճախէ Կէլիպոլեանի ֆրանսերէնի վարժարանը:

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան օրերուն կը մեկնի Կ. Պոլիս, ուր իբրեւ ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ Կէտիկ Փաշայի հայկական դպրոցին մէջ: Մի քանի տարի անց կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը պաշտօնավարէ Յովհանեան վարժարանէն ներս:

Ռոտոսթոցի, հետագային Ֆրանսա բնակած եւ ստեղծագործած անուանի գրող ու արձակագիր Վազգէն Շուշանեան իր յուշագրական «Ալեկոծ տարիներ» հետաքրքրական հատորին մէջ կը վկայէ. «Բոլորին պէս ե՛ս եւս ծաղրած եմ Պոլսէն եկած մեր ուսուցիչները եւ զանազան անհաճոյ խաղեր սարքած անոնց գլխուն: Այս արհամարհանքը երբեմն անողոք հալածանքի կը փոխուէր, եթէ կին ըլլար պոլսավարի խօսողը: Կը յիշեմ թէ մեր դասարանի տղաքը բաւական կը նեղէին ֆրանսերէնի ուսուցչուհին՝ Օր. Նունիկ Տէր Ղեւոնդեանը, որ ո՛չ միայն մաքուր, այլեւ չնաշխարհիկ բառերով խօսելու գէշ սովորութիւնը ունէր,- հէ՜ք աղջիկը: Այս ոտնձգութիւնը չէինք ներեր իրեն, որովհետեւ ռոտոսթոցի էր ու հետեւաբար տեսակ մը դաւաճանութիւն էր ըրածը: Նայեցէ՛ք անգամ մը սա երիտասարդ օրիորդին, որ կը յանդգնէր խանգարել աւանդութիւնն ու կարգը: Օրիորդ Նունիկ՝ բաւական չարչարուած Յուսաբերի ջղային խմբագրին ձեռքէն, որ զինքը Հնչակեան սոխակ կ’անուանէր, նուրբ, թուխ ու փափուկ աղջիկ մըն էր այն ատեն: Ու հաւանաբար չէր հասկնար մեր անառակ ու խօլ զուարճութեան պատճառը: Ի՜նչ խայտաճամուկ, չնաշխարհիկ, ի՜նչ անմրցելիօրէն զուարճալի բառեր կը նետէր մեր թեքիրտաղցիի բիրտ գլուխներուն: Ս. Խաչ թաղէն դասընկեր մը ունէի, որ զայն Գրաբար մատմազէլ մկրտած էր:

Գրաբար մատմազէլ կամ ոչ, յամենայն դէպս ծածուկ հիացում մը կը պատճառէր ինձ մեր Ս. Դեմոկրատ Հնչակեան Օր. Նունիկը: Ու կարծեմ հայ լեզուին հանդէպ սնուցած սիրոյս առաջին ծիլերը մասամբ կը պարտիմ նաեւ իրեն»: («Ալեկոծ տարիներ», Օշական մատենաշար, Մոնթրէալ, Գանատա, 2014, էջ 75-76):

1890-ականներէն, Ռոտոսթոյի մէջ կային քանի մը անհատ հնչակեաններ, որոնք անդամ էին Կէտիկ Փաշայի եւ Գում Գաբուի հնչակեան մասնաճիւղերուն: Աւելի ուշ, հետզհետէ անդամները կը բազմանան եւ 1908-ի Սահմանադրութենէն ետք կը կազմուի Սբ. Խաչ թաղի հնչակեան «Մուրատ» մասնաճիւղը, որ ունէր «Պոյաճեան» (Մուրատ) անունով ակումբը: Կուսակցութիւնը հոն կը գործէ մինչեւ 1915 Մեծ Եղեռնը, որու ընթացքին անոր անդամներէն շատեր կը նահատակուին կամ կ’աքսորուին:

Նշենք, որ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ծնողները (Աբրահամ եւ Սիրանոյշ Պալճեաններ) ռոտոսթոցի էին: Անոր մայրը իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօնավարած է Ռոտոսթոյի այն վարժարանին մէջ, ուր կը դասաւանդէր Նունիկ Տէր Ղեւոնդեան:

Ռոտոսթոյի հայութեան պատմութիւնն ու հայ անուանի դէմքերու մասին գրած է ռոտոսթոցի եւ ապա Պուլկարիա հաստատուած Սարգիս Փաչաճեան («Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922», 1971, Պէյրութ, 266 էջ. տպարան՝ Տօնիկեան): Իսկ քաղաքին մասին գեղարուեստական-վաւերագրական վէպ գրած է պուլկարահայ գրագիտուհի, դիւանագէտ, հասարակական գործիչ Սեւտա Սեւան:

1922-ին քաղաքը կ’իյնայ քեմալականներուն ձեռքը. տեղի յոյն եւ հայ բնակչութիւնը զանգուածաբար կը գաղթէ: Ռոտոսթոհայեր մեծաւ մասամբ կը հաստատուին Պուլկարիա եւ Ռումանիա: Նունիկ Տէր Ղեւոնդեան կը մեկնի Ռումանիա, ուր Պուքրէշի հայոց վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ ուսուցչուհի մինչեւ 1927 թուական:

Ան 1928-ին կ’անցնի Ֆրանսա, Մարսէյլի շրջան: Ֆրանսահայ բազմաբեղուն եւ հմուտ պատմաբան Լեւոն Չորմիսեան անդրադառնալով Մարսէյլի արուարձան Սէնթ Անթուանի շրջանի հայ գաղութին կազմաւորման, կը գրէ. «Եկեղեցւոյ յարակից սրահ մըն ալ կը շինուի իբրեւ դպրոց, որ ունեցած է 110 աշակերտներ: Երկար տարիներ այդ դպրոցին ուսուցչուհին եղած է Օր. Նունիկ Տէր Ղեւոնդեան, պատրաստելով հայեցի դաստիարակութեամբ օժտուած սերունդ մը»: Ապա՝ «Սէնթ Անթուանի մէջ եւս կուսակցական մասնաճիւղեր կան: Հնչակեանները զօրաւոր կազմ ունեցած են, բաղդատմամբ տարբեր շրջաններու» (Լեւոն Չորմիսեան, «Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան, Դ. հատոր, Հայ սփիւռքը, Ա. գիրք, Ֆրանսահայերու պատմութիւնը», 1975, Պէյրութ, էջ 323. տպարան՝ Տօնիկեան):

Մինչ Մարսէյլի մէջ կը շարունակէր ուսուցչական ասպարէզը՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասաւանդումով, ան կը մնար հաւատաւոր կուսակցական եւ կը գրէր բանաստեղծութիւններ: 1934 Օգոստոսին, Մարսէյլի մէջ տեղի կ’ունենայ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 9-րդ համագումարը: Արժանաւոր բանաստեղծուհին, սոյն համագումարին կը մասնակցի որպէս Ռումանիոյ շրջանի պատգամաւոր, ունենալով երկու ձայնի իրաւունք: Ռումանահայ ընկերներ իրենց վստահութիւնը յայտնած էին անոր: Ան աշխուժօրէն կը ներգրաւուի համագումարի աշխատանքներուն: (խմբագիր Արսէն Կիտուր, «Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, 1887-1963, Բ. հատոր, 1963, Պէյրութ, էջ 328-330. տպարան՝ Շիրակ):

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արարատ» բացառիկին մէջ, «Մեր անկրկնելի հերոսուհիները» խորագրեալ յօդուածին մէջ, ընկերուհի Ազնիւ Կիտուրեան Նունիկ Տէր Ղեւոնդեանի անունը կը թուէ Մարօ Նազարբէկեանի, Շուշանիկ Կուրղինեանի, Հերոսուհի Շաքէի, Բիրուզ Սապահ-Գիւլեանի, Մառի Պէյլերեանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու քովն ի վեր («Արարատ» բացառիկ, 1987, էջ 39):

Յարգա՛նք նուիրեալ հնչակեան, անձնդիր ուսուցչուհի, շնորհալի բանաստեղծուհի Նունիկ Տէր Ղեւոնդեանի յիշատակին, որուն «Հնչակեան զինանշանին» բանաստեղծութիւնը խօսուն վկան է իր հայրենասիրական ոգիին:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՆԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍԱՒԱՌՆԻԼ ՔՈՊԱՆԻԻ ՎՐԱՅ

Next Post

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍԱՒԱՌՆԻԼ ՔՈՊԱՆԻԻ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.