Վանի դատարանին մէջ հակառակ դատաւորին լռեցնելու փորձերուն, Փարամազին ինքնապաշտպանութիւնը կարելի եղած է շարունակել շնորհիւ Վան գտնուող եւրոպացի հիւպատոս եւ դեսպաններու միջամտութեան: Հակառակ դատաւորին բազմիցս ընդմիջումներուն եւ դատը կասեցնելու սպառնալիքներուն, Փարամազ, պաշտպանելով Անատոլի մէջ դաշնակցային կառավարման իր համոզումները, կ’ըսէ.-
«Մեր պահանջածը հաւասարութիւն է, մենք թունդ ազգայնականներ չենք, մենք կը պահանջենք որ հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ալեւիներ, լազեր, եզիտիներ, ասորիներ, արաբներ եւ ղպտիներ կարենան ապրիլ հաւասար պայմաններու մէջ: Իբրեւ յեղափոխական կը հաւատամ որ պիտի հասնինք մեր նպատակին: Բայց Օսմանեան պետութեան ընթացքը զայն կը տանի դէպի թրքութեան: Դուք կը վերադառնաք այն նոյն կէտին՝ թրքութեան, երբ հարիւարւոր տարիներ առաջ եկաք այս տարածաշրջանը:
Պրն. նախագահ, դատավարութեան ամբողջ ընթացքին, հիմնուելով ձեր կանխակալ համոզումներուն, դուք մեղադրեցիք զիս եւ ընկերներս իբրեւ «սադրիչներ», «դատարկապորտներ», «հրոսակներ», «թալանողներ» եւ «ժողովուրդին անդորրը փախցնողներ»: Ես հոս պիտի փաստեմ որ ձեր կանխակալ համոզումները անհիմն են եւ այս պատճառով ալ մեզի ցցուած վճիռները թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ խիղճի տեսակէտով անյարիր:
Դուք, պրն. Նախագահ իբրեւ չէզոք կողմ եւ ձեր հանգամանքին պատասխանատութեան բերմամբ, պարտաւոր էք զիս հանդարտութեամբ լսելու ինքնապաշտպանութեան ընթացքին Մենք «սադրիչներ, դասարկապորտներ» չենք: «Սադրիչ եւ դատարկապորտ ըլլալ կը նշանակէ ժողովուրդը շահագործել եւ անոր սահմանադրական իրաւունքները ոչնչացնել: Նման վարքագիծ ներհակ է մեր խիղճին, զգացումներուն եւ պարտաւորութիւններուն: Ժողովուրդին դէմ այսպիսի կեցուածք պիտի նշանակէր յառաջադէմ տարրին դէմ զանազան արգելքներ բարձրացնել որպէսզի պաշտպանուին իր առանձնաշնորումները: Մենք յեղափոխականներ ենք պարզապէս, որ այս ժողովուրդին ծոցէն ծնած կը ներկայացնենք անոր օրուան պահանջները: Այո՛, մենք յեղափովականներ ենք, որ յառաջադէմ աշխարհը կը ճանչնայ, տիպար յեղափոխականներ ենք եւ Օսմանեան պետութիւնը շատ լաւ գիտէ մեր պատմութեան բեմը ելլելու ամբողջ պատմութիւնը»:
Դատարանին մէջ Փարամազին արտասանած խօսքը թէ՛ դատախազին հակազդեցութեան կ’արժանանայ եւ թէ՛ ատեանի անդամներուն, որոնք քանի մը անգամ ոտքի ելլելով կը փորձեն դուրս գալ սրահէն, սակայն հոն գտնուող ռուս դեսպանին հանդարտութեան կոչերուն շնորհիւ կը վերսկսին: Փարամազ հետեւեալ խօսքերով կը շարունակէ.-
«Ի՞նչ բանն է որ ստիպեց մեզ յեղափոխական ըլլալ: Չէի՞ք ուզեր լսել, պրն. նախագահ: Եթէ ձեր ասպարէզը լիուլի պիտի գործադրէք, պարտաւոր էք մեզ լսել, պրն. նախագահ: Մեզ յեղափոխութեան մղող պատճառը թուրք կառավարութեան գործադրած անհաւատալի հալածանքներն են: Դիմադրութեան այս աւանդոյթը պտուղն է դարեր շարունակ ապրուած դաժան կեանքի պայմաններուն: Հակազդեցութիւն մըն է պետութեան գործադրած հալածանքի աւանդոյթին: Այս գործելաոճը պտուղն է կեանքի իրականութիւններուն»:
1898 թուականին, Ցեղասպանութենէն եւ կախաղան բարձրանալէ 17 տարի առաջ, Վանի եւ յարակից շրջաններու հայերուն կեանքի պայմանները, ինչպէս նաեւ Փարամազին եւ ընկերներուն պահանջներուն բացայայտուիլը իւրայատուկ կը դարձնեն որ այս երկար ինքնապաշտպանութեան ամփոփումը տանք այստեղ: Օրուան պայմաններուն համեմատ շատ խիզախ համարուղ եւ Ապտիւլհամիտը թիրախաւորող ծանր արտայայտութիւնները Հնչակեան կուսակցութիւնը կը համարէ իր պատմութեան փայլուն քաղաքական ինքնապաշտպանութիւններէն մէկը: Փարամազ հետեւեալ ձեւով կը շարունակէ.-
«Հիմա պիտի պատմենք վերջին շրջանին տեղի ունեցած հալածանք եւ ջարդերուն մասին, ամփոփ տեղեկութիւններով եւ օրինակով-
1.- Պետութեան հրահանգով կատարուած ջարդեր եւ թալան.
Վերջին տարիներու ընթացքին ջարդուած են 175 հազար հայեր, 80 հազար ընտանիք իրաւազրկուած է, կրակի տրուած է 2500 գիւղ: Այս գազանութիւնները կատարուած են Սատէթթին, Զէքի եւ քիւրտ Պահրի փաշաներուն եւ այլոց ձեռամբ: Վան նահանգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն Կալիւ փաշա, խոստանալով իր պաշտպանութեան տակ առնել 200 մեծահարուստ հայ ընտանիքներ, սպաննած է զանոնք իր ապարանքին մէջ անտանելի չարչարանքներու ենթարկելէ ետք: Արճագ աւանին մէջ կուսակալը 450 հոգի ողջ-ողջ այրած է եկեղեցւոյ հետ միասին: Ալչավազի կուսակալը, ընդօրինակելով իր վարպետին՝ Զէքի փաշային, 40 հոգի ողջ-ողջ թաղած է ցորենի փոսին մէջ: Վերը յիշուած 4-րդ բանակի հրամանատար Զէքի փաշան ալ 600 հոգի ողջ-ողջ թաղած է հողին մէջ… Մուքս աւանի կուսակալը խոստովանած է տեղւոյն հայերուն, թէ «Պետութեան որոշումով անկարող է պաշտպանել զիրենք»: Շէրիֆ պէյ, ոճրագործ Շաքիր, Ճաֆէր պէյ եւ այլք պետութեան կողմէ պարգեւատրուած են մետալներով: Այստեղ պիտի չխորանանք ջարդերու եւ թալաններու մանրամասնութիւններով, պիտի բաւարարուինք միայն յայտարարելու, թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը ձեռք անցուցած է այս որոշումներուն վերաբերեալ շրջաբերական մը եւ զայն պիտի բաժնէ միջազգային հանրային կարծիքին հետ:
2.- Սրբութիւններու հանդէպ վիրաւորանք-
Գործադրուող վայրագութիւններն ու հալածանքները արիւնոտած են նոյնիսկ ամենաանխիղճներուն խիղճերը: Թուրք կառավարութիւնը հայերուն հետ կը խաղայ այնպէս՝ ինչպէս կատուն մուկին հետ: 570 հայկական եկեղեցի եւ 80 վանք թալանուած եւ կրակի տրուած ըլլալով ներկայիս լքուած վիճակի մէջ են: Մեծ գիւղի մը քահանան բռնի իսլամացուած է, կուսակալը պարտադրած է որ ան իր շան ձագը մկրտէ քրիստոնէական ծէսով: Միւռոնի ջուրին մէջ հաց թաթխելով կերցուցած է շուներուն: Մէկ այլ պատասխանատու մը եկեղեցւոյ մասը կրեցուցած է իշուն, շունին եւ կատուին եւ պարտադրած է քահանային որ ներէ անոնց մեղքերը: Շուրջ 300 եկեղեցի փոխակերպուած են մզկիթի իսկ 400 գիւղի ժողովուրդը բռնի իսլամացուած է: Մեծ թիւով կիներ եւ աղջիկներ առնուած են հարեմներու մէջ: Անհամար երիտասարդ, երեխայ եւ կիներ բռնաբարութեան ենթարկուած են:
3.- Տուրքեր եւ զանոնք գանձելու մեթոտները.
Գիւղերէն տուրք հաւաքելու պարտականութիւնը տրուած է հարկահաւաքներու: Գիւղի մը հարկը եթէ 100 ոսկի է, հարկահաւաքը անոր կրկնապատիկը՝ 200 ոսկի կը հաւաքէ: Զինուորագրութեան տուրքը որ պէտք է գանձուի 21 տարեկանէն սկսեալ, իրականութեան մէջ կը գանձուի ծծկեր երեխայէն մինչեւ մօրը արգանդը գտնուող երեխան, զինուորական տարիքի բոլորածներէն եւ նոյնիսկ մահացածներէն կը գանձուի: Չորքոտանի կենդանիներու տուրքը, կենդանին գողցուած ըլլայ թէ բնաւ կենդանի չունենայ, գիւղացին պարտաւոր է վճարել: Ճիզեէ (ոչ-իսլամներու պարտադրուած տուրք) նոյնիսկ օրորոցի մանուկներէն կը գանձուի: Արտամերցի թուրք մը հետեւեալը պատմած էր ինծի. «Տաձենիներուս ամէն մէկ տանձին համար 20 ղրուշ տուրք գնահատեցին, իսկ ես առաջարկեցի ամբողջ ծառը իրենց տալ 10 ղրուշի, այս սպատճառով ոստիկաններուն կողմէ փառաւոր ծեծ մը կերայ եւ վճարեցի տուրքը: Ամենատարօրինակը, սակայն, խաղողի տուրքն է: Տարբեր տեսակ 6 տուրք կը գանձուի խաղողի բեռէ մը: Նախ եւ առաջ հողի տուրք, ջուրի տուրք, խաղողի պտուղի տուրք, խաղողի հիւթի տուրք, չամիչի տուրք, խաղողի օղիի տուրք, օղի եւ գինի ծախելու տուրք, իսկ տուրք մը եւս եթէ գործաւոր ունիս: Կը տեսնէ՞ք, պրն. նախագահ, պտուղի մը համար ահագին տուրք: Ո՞վ է տուրք գանձողը. պաշտօնապէս հետիոտն զաբթիէ մը պէտք է ստանայ ամսական 1.5 ոսկի, իսկ ձիւաւոր զաբթիէն 3 ոսկի: Սակայն այս զաբթիէները 6 տարիէ ի վեր չեն ստանար իրենց ամսականները: Զաբթիէներուն հրամանատարները, որոնք զինուորականներ են, կ’իւրացնեն այս ամսականները: Սակայն այս զաբթիէները ստիպուած են ապրիլ եւ ապրեցնել իրենց ընտանիքները, եթէ ձիաւոր է՝ նաեւ ձին: Այս զաբթիէներուն միջեւ կան ոմանք, որոնք դրամ դիզած են: Ի՞նչպէս կարելի է ասիկա: Զաբթիէն իր ապրուստը կ’ապահովէ կողոպտելով գիւղացին, ան կողոպտելը սորված է իր մեծաաւորէն: Այո՛, զաբթիէն կը կողոպտէ գիւղացին եւ բնաւ տարբերութիւն չ’ըներ թէ ով է ան՝ հայ, թուրք, քիւրտ, ասորի, չերքեզ թէ ղպտի: Զաբթիէին համար ասոնց ամէն մէկը հացի ծառ մըն է: Անշուշտ հայերը մնացեալներէն քիչ մը աւելի կը կողոպտուին: Զաբթիէն ալ ստիպուած է ապրիլ եւ ան կը սորվի գործին նրբութիւնները իր արհեստը գործադրելու ընթացքին: Ստրկացուած, անզօր գիւղացի եւ անօթի մնացած զաբթիէ, մնացեալը դուք մտածեցէք:
4.- Բանտեր եւ դատարան.
Խոնաւ, մութ եւ մամուռ կապած խցիկներ, մարդկային արժանապատուութեան կոխկռտուիլը շղթաներով. ահաւասիկ թրքական բանտերուն վիճակը: Եթէ ամփոփենք, ծեծով եւ խոշտանգումներով ամէն տեսակի յանցանք կը սեփականացուին: Անտանելի խոշտանգումներու ենթարկուած անձը խոստովանութեան կը ստիպեն իրեն անծանօթ մարդոց եւ դէպքերու մասին: Որպէսզի բանտէն չփախչի՝ ոտքերը կը կոտրեն: Անօթի, ծարաւ, վիզը եւ ոտքերը շղթայակապ կը քաշկռտուի: Եոզկաթի մէջ 5 բանտապահ միասնաբար բռնաբարեցին երիտասարդ կին մը: Անգարայի մէջ, նոյն ձեւով 4 երիտասարդներ բռնաբարուեցան պատասխանատուներու կողմէ… Վանի մէջ տնօրէն Իսմայիլ Էֆէնտի բռնաբարեց Աւետիս անունով երիտասարդը… կրնանք եզրակացնել որ թրքական բանտեր կոչուող հաստատութիւնները կը ծառայեն մեզ լռեցնելու: Ողջ վիճակով բանտ մտած շատեր հոն կը սպաննուին: Արդարութիւնը սերտ կապի մէջ է բանտին հետ, իսկ այս պետութեան արդարութիւնը կ’ապահովուի մասնաւորաբար յանցագործութեան այս վայրերուն մէջ: Այստեղ օրէնքը կախեալ է պաշտօնեային քմահաճոյքէն: Ձեր թրքերէն բառարանին մէջ արդարութիւն բարին հոմանիշը կաշառք չէ՞ միթէ: Պրն. նախագահ, չէ՞ք գիտեր որ անհամար անմեղներուն ձեզի ըրած անէծքները դէպի երկինք կը բարձրանան:
5.- Համիտիէ զօրագունդեր.
Ենիչերիներուն իսկական ժառանգորդը համարուող այս կազմակերպութիւնը կը ծառայէ որպէս մտրակ ժողովուրդի կռնակին: Համիտիէն ժողովուրդին արիւնն ու քրտինքը կը ծծէ: Ասոնք ժողովուրդի պատուին եւ արժանապատուութեան թշնամիներն են: Ժողովուրդին սրբութիւնները ասոնք կ’աղտոտեն: Միայն Թուրքիոյ մէջ կարելի է ստեղծել պաշտօնական նման կազմակերպութիւն մը, եւ այս կազմակերպութեան անունը տրուած ճիւաղն ալ միայն Թուրքիոյ մէջ կրնայ գոյութիւն ունենալ: Համիտիէն մեզ աւետող այն նշանն է, որ թրքական վարչակազմը հասած է իր աւարտին:
6.- Ծխախոտի Ռեժի եւ ծխախոտի ոստիկաններ.
Այս ալ Համիտիէի նման տարբեր կողոպուտի հրոսախումբ մըն է, ժողովուրդին նկատմամբ ամէն տեսակ հալածանքէ չեն խուսափիր, գողութեան եւ ամենազզուելի արարքներէ ալ չեն ամչնար: Բնականաբար կիները անմասն չեն մնար այս զզուելի եւ հրոսախումբին գէշութիւններէն, քանզի անոնք երիտասարդ աղջիկներուն եւ կիներուն ներքնազգեսներուն մէջ պզտիկ ծխախոտներ կը փնտռեն: Համիտիէներն ու ոստիկան զօրքերը 19-րդ դարու թուրք պետութեան ստեղծած ամենահրաշալի գիւտերն են:
Ահաւասիկ պրն. նախագահ, վերը յիշուած հալածանքի համակարգը մեզ մղեց դէպի յեղափոխութեան ուղին: Այնքան ատեն որ հալածանք կայ՝ յեղափոխականներ ալ պիտի ծնին: Մեր պարտականութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ որ չարչարողները, ժողովուրդին հացը գողցողները եւ շահագործողները վերանան: Այդ ժամանակ ժողովուրդին երջանկութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ ապահովութիւնը հարցեր ըլլալէ պիտի դադրին եւ մարդկութիւնը պիտի կարենայ յառաջանալ դէպի նոր դար: Ժողովուրդին երջանկութիւնը… ահա այս է հայ յեղափոխականներուն մտածումներն ու ջանքերը:
Ժողովուրդին երջանկութեան համար յեղափոխականներուն պահանջները հետեւեալներն են.-
Ա.- Խղճի ազատութիւն
Խիղճը մարդկութեան հոգին եւ աստուածային ներկայութիւնն է, եւ որքան որ լայն եւ տարածուն ըլլայ, աստուածային ուղղութիւնը այնքան մարդկային կ’ըլլայ: Մարդուն խիղճը պէտք է լայն ըլլայ, ազատ ըլլայ եւ ամէն տեսակ ճնշումէ եւ արգելքէ ձերբազատուած: Խիղճին վրայ ճնշում բանեցնել կը նշանակէ մեռցնել մարդկային խառնուածքին ազնիւ, բարձր եւ լաւ բնաւորութիւնը: Մենք կը պահանջենք ամբողջական խիղճի եւ հաւատքի ազատութիւն, հետեւաբար մենք յեղափոխականներ ենք եւ ո՛չ «դատարկապորտներ»:
Բ.- Մամուլի ազատութիւն
Ազատ մամուլը մարդուն միտքը կը լուսաւորէ, ուղեղին մէջ աւելի նոր եւ աւելի բարձր գաղափարներու ազդեցութիւնը կ’ապահովէ, կարողութիւններ եւ սովորութիւններ հասկնալու, ինչպէս նաեւ բնութեան հրաշքները իրեն ծառայեցնելու ձեւերը եւ կարողութիւններերը կը զարգացնէ եւ վերջապէս կ’ապահովէ որ պիտի մարդկային արժանապատւութեան արժանի կեանք մը: Մենք կը պահանջենք մարդավայել կեանք, հետեւաբար յեղափոխականներ ենք եւ ո՛չ «սադրիչներ»:
Գ.- Հաւաքներու եւ արտայայտութեան ազատութիւն
Գաղափարներու հանդիպումը կ’առաջնորդէ նոր հասկացութիւններու եւ մտայնութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ համայնքին՝ աւելի թարմ եւ դարուս համապատասխան ուղղութեան մը հետեւելու: Հաւաքներու ազատութեամբ եւ ազատ արտայայտութեամբ մարդկութիւնը պիտի կրէ «բնութեան թագն ու դափնիի ճիւղը»: Եւ որովհետեւ խօսքը նոյնինքն մարդն է, մենք՝ իբրեւ անհատին միտքն ու մտածումը, կը պահանջենք բացարձակ ազատութիւն: Հետեւաբար մենք յեղափոխականներ ենք եւ ոչ թէ «ժողովուրդին անդորրը խանգարողներ»:
Դ.- Կեանքի, ինչքի եւ պատուի ապահովութիւն
Կեանք կամ հոգի, միաձուլուած ըլլալով բնութեան հետ, իր աւարտին կրնայ հասնիլ միմիայն բնութեան օրէնքներուն համաձայն: Ինչք եւ կալուած, որ մարդ ձեռք կը բերէ իր ճակտի քրտինքով, կը ծառայեն որպէս միջոց կեանքը շարունակելու, մարդուն (եւ ընտանիքին) հիմնական կարիքներէն են: Իսկ պատիւն ու արժանապատուութիւնը, իբրեւ մարդու հոգիի եւ խիղճի հանդարտութեան գլխաւոր պահանջք, պէտք է ունենայ յատուկ անձեռնմխելիութիւն: Այս երեք անձեռնմխելիութիւնները, որոնք կը համարուին մարդկային կեանքի անփոխարինելի ազդակներ, պէտք է առնուին յատուկ հոգատարութեան եւ պաշտպանութեան տակ: Սակայն, պրն. նախագահ, քանի որ այս երկրին մէջ կը տիրէ ո՛չ թէ իրաւունքին ուժը, այլ՝ ուժին իրաւունքը, մարդիկ պէտք է ունենան իրենց ուրոյն կեանքը, ինչքը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իրաւունք: Պետութիւնը զինաթափած է հպատակներուն մէկ մասը եւ զինած ուրիշ խումբ մը, ան պէտք է արգելք ըլլայ որ վերջինը սպաննէ առաջինը: Մենք, իբրեւ համոզուած յեղափոխականներ, կը պահանջենք որ հպատակները ունենան այն բոլոր միջոցները, որոնցմով կարենան պաշտպանել իրենց կեանքը, ինչքը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Եւ որպէսզի ժողովուրդը կարենայ իր սեփական անվտանգութիւնը ապահովել, պէտք է ճանչցուի անոր զէնք ունենալու եւ կրելու իրաւունքը: Մենք որ կը բարձրաձայնենք այս պահանջները, երբեք «հրոսակ կամ թալանողներ» չենք, մենք յեղափոխականներ ենք…
Ե.- Անուղղակի հարկերու վերացում
Քանի որ անուղղակի հարկերը ժողովուրդին բարօրութեան համար չեն գործածուիր, այլ ստեղծուած են կարգ մը մակաբոյծներուն շահ ապահովելու, հետեւաբար մեր պահանջն է որ հպատակները ձերբազատուին այս մակաբոյծներու բեռէն: Մեր այս պահանջին պատճառաբանութիւնը ո՛չ թէ «ժողովուրդին թշնամի», այլ ժողովուրդին բարեկամ յեղափոխականներ ըլլալնիս է:
Զ.- Մեր պահանջները սահման չունին
Որովհետեւ անսահման են մարդուն պահանջները կեանքէն, եւ որովհետեւ մեր պահանջներուն գործադրութիւնը անկարելի է Օսմանեան պետութեան կազմին մէջ, գործածելով մարդկային մեր իրաւունքները, կը պահանջենք որ Հայաստանի բնակիչները բաժնուին Օսմանեան պետութենէն»:
(Դատարանի նախագահը. «Դուք շատ բաներ կը պահանջէք, բայց պիտի չկարենաք ունենալ»: Ատեանէն ծաղրական ձայներ եւ խնդուք…)
«Մեր պահանջը այս հողերուն վրայ իշխանութիւն մը կազմել չէ ինչպէս որ կը պնդեն վատ նպատակ ունեցող շրջանակներ: Մենք ազգայնականներ չենք, մենք «ազգին ջանքերով» չենք ուղղորդուիր. մենք ազգայնամոլներ չենք, այլ՝ ժողովուրդին բարեկամը: Մենք գիտենք որ ազգայնական իշխանապետութիւն մը նոյն համակարգը պիտի շարունակէ: Մենք կը պահանջենք որ Հայաստանի բնակիչները՝ հայը, քիւրտը, թուրքը, արաբը, լազը, չերքեզը, ասորին, եզիտին եւ ղպտին կարենան իրենց ազատ կամքով ու քուէով ընտրել իրենց ղեկավարը: Մենք այս ապագան կը պահանջենք Հայաստանի բոլոր բնակիչներուն համար, բոլոր օսմանցի ժողովուրդներուն համար: Եւ վերջապէս, պրն. նախագահ, վստահելով յեղափոխականի մը սուրբ հաւատքին, կը հաւատամ որ պիտի հասնիմ նպատակիս: Ես կը հաւատամ, որ Հայաստանի բնահիչներուն ձայնը պիտի չխեղդուի»:
Փարամազին եւ ընկերներուն Վանի մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւնը կը սկսի 1897 թուականի Նոյեմբեր ամսուն եւ վերջ կը գտնէ 1898 թուականի 8 Փետրուարին: Նախքան դատական ատեանին վճիռը, Փարամազ հետեւեալը պիտի ըսէր.-
«Պրն. նախագահ, թէ՛ դատախազին ամբաստանագիրը կարդալու ընթացքին եւ թէ՛ ձեր ատեանին տալիք վճիռը սպասելու ժամանակ, ծանրախոհ յեղափոխականի մը արհամարական զգացումներով լեցուն եմ: Մեր ճակտին իբրեւ արատ քսելու ձեր մեղադրանքներն ու հաւանական վճիռը կը հաւատամ որ մեր ճակտին վրայ պիտի կրենք իբրեւ պատուոյ ծաղկեպակներ: Կրնաք արձակել ձեր ուզած վճիռը: Արհամարհելով այդ վճիռները, ձեզի կը վերադարձնենք իբրեւ անարգանք: Տուէ՛ք ձեր ուզած վճիռը, սակայն վախցէ՛ք ապագային ըլլալիքներէն: Դուք իբրեւ ժողովուրդներու երդուեալ թշնամի, պիտի պատժուիք ձեզի արժանի ձեւով: Տուէք ձեր վճիռը: Կեցցէ՛ յեղափոխութիւնը, կեցցէ՛ Հնչակեան կուսակցութիւնը»:
Դատարանին մէջ ունեցած երկար ելոյթին ընթացքին, Փարամազ գովասանական խօսքեր ըրած է Հայկական հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ մօտեցումներուն: Իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Պերլինի համայաձնայգիրի 61-րդ յօդուածին, Հայկական հարցը միջազգային հարցի վերածելու, Ալեքսանտր Բ. Ձարին 1887-ին Օսմանեան կայսրութեան հետ ունեցած պատերազմին եւ վերջին՝ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին: 1888 թուականին, տարբեր դատավարութեան մը ընթացքին, Վանի մէջ գտնուող ռուս հիւպատոսը պիտի պահանջէր, որ Փարամազ Ռուսիա վերադարձուի:
1900 թուականին Փարամազ ազատ կ’արձակուի եւ կ’երթայ Պաքու: Հոն կ’աշխատի Հնչակեան կուսակցութեան տեղական կազմակերպութիւնը ուժեղացնելու: 1903-ին ՍԴՀԿուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին կայացուցած որոշումով կ’երթայ Ալեքսանդապոլ, ուր Հնչակեան կուսակցութեան «Արագած» մասնաճիւղի վարչայիններուն հետ կը կազմակերպէ Իշխան Գալիցինի մահափորձը: Իշխան Գալիցին, որ Ձարին ներկայացուցիչն էր Կովկասի մէջ, երդուեալ հայատեաց մը, հայերուն կալուածները կը յափշտակէր, եկեղեցապատկան դպրոցները կ’ազգայնացնէր եւ կը պնդէր որ հայկական մշակոյթն ու կրթութիւնը վերահսկուէր պետութեան կողմէ: Փարամազ այս միջամտութիւններուն դէմ դնելու համար կազմակերպեց շարք մը բողոքի ցոյցեր: Ի վերջոյ Գալիցին պիտի սպաննուէր կառքին տակ դրուած ռումբի մը պայթումով: Այս մահափորձը պիտի թեթեւցնէր կովկասահայերուն վրայ ի գործ դրուած ճնշումները: Պէտք է ընդունիլ որ մահափորձը Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ երբեմն օգտագործուող մեթոտի վերածուեցաւ:
Քատիր Աքըն, «Հայ յեղափոխական ՓԱՐԱՄԱԶ Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ Թերաքքի հայ ընկերվարականներ եւ Ցեղասպանութիւն» հատորէն
Թրքերէնէ թարգմանեց՝ Գրիգոր Կէօքճեան