Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ առաջին տեղեկութիւնը կը հաղորդուի արեւմտեան Զուիցերիոյ ընկերվարականներու «Լա Սանթինէլ» թերթի 6 Օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ։ Տեղեկագրութիւնը կը սկսի հաղորդելով ուղղակի Քսան Կախաղաններու գոյժը, որ Կ․ Պոլսոյ մէջ երիտթրքական կառավարութեան կողմէ հրապարակաւ կախաղան բարձրացած են Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամներէն քսան անմեղ հայեր, ամբաստանուելով ազատ Հայաստան մը հիմնելու ցանկութեան մէջ։
Թերթը միաժամանակ կը տեղեկացնէ թէ մինչ այդ որոշակի թիւ մը հայ յեղափոխական այլ կուսակցութիւններէն, մտաւորականներէն եւ ազգի երեւելիներէն ձերբակալուելով աքսորուած են Թուրքիոյ խորերը՝ դէպի Գոնիա, ուր բոլորը սպաննուած կամ «անձնասպան» եղած են։ Հետաքրքրական է, որ տեղեկագրութիւնը «suicidés» (անձասպան ըլլալ) բայը չակերտներու մէջ առած է, ընդգծելու համար այս առնչութեամբ թրքական սուտակասպաս քարոզչութիւնը։
Եւ այս բոլորը,- կը շարունակէ թերթը,- քրիստոնեաներու հին ջարդարարները, Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ․ կայսեր հովանաւորութեան տակ, ինքզինքնին ամբողջապէս ազատ եւ անպատասխանատու կը զգան կրկնելու համար 1894–1896 թուականներու կոտորածները։ Միայն Պիթլիսի շրջանին մէջ, բոլոր այրերը ջարդելէ ետք, թուրքերը 9.000 կանայք, երեխաներ եւ ծերեր հաւաքելով տարած են Տիգրիսի ափը, ուր զանոնք գնդակահարած եւ ապա դիակները նետած են գետը։
Կիլիկիոյ հայութեան դէմ պատահած կոտորածներուն անդրադառնալով, «Լա Սանթինէլ» անգամ մը եւս կը հաստատէ արդէն Յուլիսի կիսուն հաղորդած տեղեկութիւնը, որուն համաձայն 40.000 հայեր սպաննուած են, բնակչութիւնը ունեցուածքէ կողոպտուած եւ բոկոտն աքսորուած է դէպի անապատ՝ հոն անջրդի եւ սովամահ դառնալու համար։
Սակայն հակառակ այս սահմռկեցուցիչ փաստերուն, «Լա Սանթինէլ» լիայոյս է, որ ի վերջոյ արդարութեան ժամը հնչած է եւ Հայաստան կը գտնուի իր ազատագրութեան ճամբուն վրայ։ Վանի եւ շրջակայից հայութիւնը, բոլոր հայ յեղափոխական կուսակցութեանց զօրակցութեամբ ու ղեկավարութեամբ, զէնք բարձրացնելով կրցած է ետ մղել իր կեղեքիչները եւ, հինգ դարերու ստորնացուցիչ ստրկութենէ վերջ, հայոց դրօշը վերստին սկսած է ծածանիլ Հայաստանի ամրոցին վրայ։
Բնականաբար, որքան գնահատելի է թերթին խրախուսիչ լաւատեսությունը, դժբախտաբար, սակայն, կը գտնուի իրական ըլլալէ շատ հեռու։ Թուրքական կանոնաւոր բանակներուն դէմ եւ անհաւասար մարտերու մէջ հետզհետէ պիտի նահանջէր Վանի հայութիւնն ալ, ոմանք ենթարկուելով ցեղասպանուող իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու ճակատագրին, իսկ ուրիշներ իրենց ծննդավայրէն հեռանալով, դժուարին պայաններու մէջ ապաստանարան պիտի գտնէին Արեւելեան Հայաստանի սահմաններէն ներս։
Ինքնաբերաբար այստեղ մեր մտքը կը խուժէ անլուծելի հարցերու տարափ մը. եթէ չըլլային մեր պատմութեան մէջ Վասակները, արդեօ՞ք մեր ժողովուրդը պիտի ունենար աւելի բարեբաստիկ ճակատագիր մը։ Արդեօ՞ք մեր կեանքին փոթորկայոյզ ընթացքը պիտի առնէր նուազ դժխեմ ու արիւնալի ուղղութիւն մը։ Այս պարագային, եթէ չըլլար Արթիւր Եասեան վատանուն հայը, եւ եթէ երբեք թուրք ոստիկանութեան չմատնէր ան Երիտթուրք պարագլուխներուն՝ ցեղասպան Թալէաթները եւ Էնվէրները վերացնելու Կոստանցայի ժողովին ծրագիրը, արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլար 1914-ին կանխարգիլել չարութեան ժահր ստինքէն հայութեան դէմ դիեցուած ոճիրին իրականացումը։ Հետեւաբար՝ պիտի կարենայի՞նք պահպանել մեր դարաւոր հայրենիքը՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու չքնաղ Կիլիկեան։
Հարցադրումները կը մնան ենթադրութիւններու սահմանին մէջ, երազները կը փշրուին բախելով կատարուած դառն իրականութեան ժայռին, բայց վառ յոյսը մեր չի՛ մարիր երբեք, արդարութեան համար պայքարը մեր մէջ պիտի չնահանջէ՛ երբեք, ու պահանջատիրութիւնը պիտի՛ մնայ մնայուն առանցքը հայու գոյերթին։
«ՊԵՌՆԵՐ ԹԱԿՎԱԽԹ» ԵՒ «ՖՈԼՔՍՐԵԽԹ» ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ հրապարակած «Լա Սանթինէլ»-ի տեղագրութեան յաջորդ օրն իսկ, 7 Օգոստոս 1915-ին, «Պեռներ Թակվախտ» ընդարձակ յօդուածով մը, որ «Der Henker Herrscht – Դահիճը կ’իշխէ» խորագիրը կը կրէ, հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն։ Նոյնը առաջնորդող յօդուածի մը հանգամանքով, բայց աւելի ամբողջական տարբերակ մը կը տպէ «Ֆոլքսրեխտ» իր 13 Օգոստոսի 1915 թիւին մէջ։ Սակայն Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ այս լայն անդրադարձին «Ֆոլքսրեխտ» կու տայ ուրիշ, աւելի յուզիչ՝ «Vor frischen Gräbern. Zur Hinrichtung zwanzig türkischer Genossen – Թարմ հողակոյտերուն առջեւ – Քսան թրքահպատակ ընկերներու սպանութեան» խորագիրը։
Այս զոյգ յօդուածները համեմատելով իրարու հետ կը հաստատենք, որ առաջինը, այսինքն՝ «Պեռներ Թակվախթ»-ի տպագրած յօդուածը վերախմբագրուած եւ կրճատուած տարբերակ մըն է խմբագրութեան կողմէ, մինչդեռ «Ֆոլքսրեխթ»-ինը, հակառակ նախորդէն շաբաթ մը աւելի ուշ տպուած ըլլալուն, բնագրին մէջ պահապանած է ամբողջ հատուածներ, որոնք, ինչպէս ըսինք, կը պակսին կամ կրճատուած են առաջինին մէջ։
Վերոյիշեալ «Պեռներ Թակվախթ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի հեղինակն է «Arscheff Suracow, der Abgeordnete der 2. Reichsduma – Բ. Պետական Դումայի պատգամաւոր՝ Արշեֆֆ Սուրագով»-ը, իսկ «Ֆոլքսրեխթ»-ինը կը կրէ «Surabow, Abgeordneter der II Reichsduma – Բ. Պետական Դումայի պատգամաւոր՝ Սուրաբով» ստորագրութիւնը։ Հեղինակի ինքնութեան վերաբերեալ կատարած մեր հետազօտութիւնները պարզեցին, որ երկու պարագաներուն ալ խօսքը միեւնոյն անձի մասին է, եւ ուրիշ կերպ չէր ալ կրնար ըլլալ, քանի վերնագրերու տարբերութենէն բացի, յօդուածը իր հիմնական կառոյցին մէջ նոյնն է։ Հետեւաբար, Արշեֆֆ Սուրագով կամ Սուրաբով ուրիշ անձ մը չէ, եթէ ոչ մին մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ յայտնի գործիչներէն՝ Ռուսաստանի Բ. Դումայի Թիֆլիսի պատգամաւոր, Մենշեւիկ (փոքրամասնական) կուսակցութեան անդամ՝ Արշակ Գերասիմի Զուրաբովը (Զուրաբեան կամ Զոհրաբեան)։
«ՖՈԼՔՍՐԵԽԹ»՝ «ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ»
«Ֆօլքսրեխթ» իր 5 Յունուար 1916 թիւին մէջ անգամ մը եւս հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն՝ «Օգնութեան կանչ մը Հայաստանէն» խորագրին ներքոյ։ Խորագիրը ստոյգ խմբագրութեան զետեղածն է, քանի յօդուածը իսկութեան մէջ Զուիցերիոյ վրացի ուսանողութեան սրտառուչ նամակի տպագրութիւնն է, որ յղուած էր Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան ատենապետին։ «Զուիցերիոյ մէջ գտնուող կովկասցի կուսակցական ընկերներու» գրած բուն նամակը հրատարակելէ առաջ, թերթին խմբագրութիւնը երկու լայն պարբերութիւններով ընթերցողին յիշողութիւնը կը թարմացնէ՝ հրաւիրելով անոր ուշադրութիւնը իր 13 Օգոստոս 1915 թիւին մէջ տպագրած յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերէր Հնչակեան Քսան Կախաղաններու իրադարձութեան՝ ստորագրուած Պետական Բ․ Դումայի պատգամաւոր «ընկեր Սուրաբով»-ի կողմէ։
«16 Յունիս 1915-ի արշալոյսին քսան հայ թրքահպատակ ընկերներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ընկեր Գ․ Վանիկեանը, ընկերվարական «Կայծ» թերթի խմբագրական ամբողջ անձնակազմին հետ [կախաղանի] մահուան դատապարտուեցան բոլոր մուսուլման հաւատացեալներու խալիֆայի կառավարութեան կողմէ։ Պետական Բ. Դումայի պատգամաւոր ընկեր Սուրաբովը [դէպքէն] անմիջապէս յետոյ [բողոքի] իր ձայնը բարձրացուց գերմանական կառավարութեան դէմ ըսելով, “Գերմանական իշխող օղակները մէկ ձեռքով իբրեւ թէ քաղաքացիական խաղաղութիւն կը կնքեն ընկերվարականներուն հետ, երբ միւս ձեռքով կ’օրհնեն այն թուրք դահիճները, որոնք կախաղան կը բարձրացնեն անոնք, որոնք գերմանացի ընկերներու մօտ սորված են դասակարգային պայքարի տեսութիւնն ու գործադրումը, եւ դեռ մինչեւ վեջին վայրկեանը անոնք սերտ կապի մէջ էին Ինտերնացիոնալի Բիւրոյի եւ Գերմանական [Սոցիալ-Դեմոկրատական] Կուսակցութեան հետ»:
«Ֆոլքսրեխթ» կը շարունակէ՝ տեղեկագրելով, թէ Յունիսէն ի վեր Հայաստանի մէջ իրավիճակը բարելաւուած չէ, ընդհակառակը՝ խմբագրութիւնը գրեթէ անընդմէջ վերահասու կը դառնայ թրքական կառավարութեան կողմէ այդտեղ սանձազերծուած բարբարոսութիւններուն:
Նշուած նամակի բովանդակութենէն կը պարզուի, որ զայն ստորագրողները Ժընեւի համալսարանին մէջ ուսանող վրացի ընկերվարականներն են, որոնք միաժամանակ անդամ են` Ռուսաստանի Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան։ Գրութեան շարժառիթ կը հանդիսանայ «Ամբողջ ազգի մը՝ հայ ժողովուրդի սիստեմատիկ բնաջնջումը Թրքական կայսրութեան մէջ», որուն դէմ բողոքարկելը նամակն ստորագրողները կը համարեն իրենց բարոյական սեպուհ պարտականութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք կը խնդրեն Գերմանիոյ սոցիալ–դեմոկրատներու միջամտութիւնը գերմանական կառավարութեան մօտ՝ Թուրքիոյ մէջ կասեցնելու համար չարիքը, որուն դժբախտ զոհը դարձած է հայ ժողովուրդը։
«Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները», Ժընեւ 2014: