Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ (հատուած)

ԵՂԻԿ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

June 15, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ (հատուած)

1915 Յունիս 15-ին 20 հնչակեաններ դատական վճիռով կախաղան կը հանուին Կ. Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ: Ասոնցմէ զատ տարբեր վայրերու մէջ 35-է աւելի ձերբակալուած հնչակեաններ, դատական վճիռով կամ մինչեւ դատարանին վճիռը, մահուամբ կը պատժուին: Հնչակեաններու հանդէպ գործուած այս ոճիրը մէկ մասն էր շատ աւելի մեծ ոճիրի մը՝ Հայոց ցեղասպանութեան, որուն առաջին փուլն էր հայ ժողովուրդը անճիտել իր առաջնորդող միտքէն: Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութիւնը բացառութիւն չէր կրնար ըլլալ եւ ան եւս կը դառնայ նոյն վայրագ ծրագիրին զոհը: Իր ընդհանրութեան մէջ այս տրամաբանութիւնը ճիշդ կը թուի: Սակայն այդ ճիշտ է իր ընդհանրութեան մէջ: Որովհետեւ այս մօտեցումը շատ մը կարեւոր հարցերու պատասխան չի տար: Հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնն ու աքսորը կը սկսի 1915 Ապրիլ 24-ին, մինչդեռ հնչակեաններուն ձերբակալութիւնները կը սկսին 1914 Յուլիս 17-ին՝ աւելի քան 9 ամիս առաջ. հայ մտաւորականութեան հետ հարցաքննութիւն ու դատավարութիւն տեղի չ’ունենար եւ անոնք կը սպաննուին կարելի եղած չափով աչքերէ հեռու. մինչդեռ հնչակեան գործիչները կ’ենթարկուին հարցաքննութեան, բանտարկութեան, անոնց հանդէպ կ’արձակուի դատական վճիռ եւ անոնք կախաղան կը բարձրացուին հրապարակայնօրէն: Այս ու նման հարցեր յստակ կը դարձնեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան հեռապատկերին վրայ Քսան Կախաղանները կը ներկայացնեն մասնայատուկ պարագայ մը եւ այդ պէտք է ընկալուի, քննարկուի եւ գնահատուի իր իւրայատկութեան մէջ:

Յստակ է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ծայր առած հնչակեաններու ձերբակալութեան (մօտաւորապէս 120 հոգի) պատճառը 1913 Սեպտեմբեր 7–10 Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ կայացած Ս.Դ.Հ.Կ. 7-րդ Համագումարին կայացուցած որոշումներն էին: Համագումարը կայացուցած էր կազմակերպչական (վերադառնալ ընդյատակեայ գործունէութեան), մարտավարական (որդեգրել պայքարի յեղափոխական ձեւեր) եւ քաղաքական (պաշտպանել Ինքնավար Հայաստանի գաղափարը) արմատական որոշումներ: Առաջին հարցը, որ կը ծագի այն է՝ ի՞նչ պատճառներէ թելադրուած հնչակեանները կը հասնին նման արմատական եզրայանգումներու, երբ 1913 Սեպտեմբերի դրութեամբ հայ ազգային-քաղաքական միտքը շատ հեռու էր նման տրամադրութիւններէ եւ միտումներէ: Պարզ է, որ քաղաքական այսպիսի որոշումներ չեն կրնար մէկ օրէն միւսը, պահի ազդեցութեան տակ կայացուիլ: Այս պարագային եւս արմատական այս կեցուածքին պատճառները ետ կ’երթային շուրջ 20 տարի, այսինքն մինչեւ Ս.Դ.Հ.Կ. – Երիտթուրք յարաբերութիւններուն սկիզբը:

Ս.Դ.Հ.Կ. – Երիտթուրք յարաբերութիւնները կը սկսին 1890-ականներու սկիզբները, Փարիզի մէջ, վտարանդիութեան պայմաններուն տակ: Մինչեւ 1895, այդ յարաբերութիւնները, «լայնախոհ հակառակորդութեան հողի վրայ» էին, «երբ առաջին պատեհ առթիւ կրքերը բորբոքեցան եւ “թշնամական” յարաբերութիւնները սկիզբ առան»,– կը գրէ Հնչակեան կուսակցութեան այդ շրջանի յայտնի ղեկավարներէն Ստեփան Սապահ Գիւլեան: Պատճառը Բարեկարգումներու Մայիսեան Ծրագիրն էր: Սուլթան Ապտուլ Համիտ, Պերլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածին նման, կը փորձէր մոռացութեան մատնել հայկական նահանգներուն վերաբերեալ 1895 Մայիս 11-ի բարեկարգութիւններու ծրագիրը: Բարեկարգումներուն գործադրութեան պահանջքով 1895 Սեպտեմբեր 18-ին Հնչակեան կուսակցութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպէ Պապ Ալիի յայտնի ցոյցը: Սա կը ջղագրգռէ արտասահմանի երիտթուրք ղեկավարները: Վերջիններս կը պնդէին, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հարկաւոր է ընդհանուր բարեկարգութիւն, որուն համար ընդդիմադիր բոլոր ուժերը պէտք է համախմբուին: Անոնք արմատապէս դէմ էին մասնակի բարեկարգումներու սկզբունքին: Մինչդեռ հնչակեանները, համաձայն ըլլալով հանդերձ ընդհանուր բարեկարգութեան, կը գտնէին, թէ հայութիւնը կը գտնուի ճնշման եւ հարստահարման մասնայատուկ իրավիճակի մը մէջ, ուստի ան կարիքը ունի իր դրութիւնը փոխող շուտափոյթ եւ մասնայատուկ բարեփոխումներու: Սա Իթթիհատ-Հնչակեան առաջին տարակարծութիւնն էր, սակայն ոչ ամենակարեւորը: Երկու կուսակցութիւններուն միջեւ էական խրամատը օսմանիզմի գաղափարն էր: Օսմանիզմ ըսելով՝ երիտթրքական շարժման առանցքային կուսակցութիւնը դարձած Իթթիհատ Վէ Թերաքքը-ի ղեկավարները կը հասկնային օսմանեան ազգի ձեւաւորումը, որուն մէջ ձուլուելու պիտի գային Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր ազգերը: Հնչակեան կուսակցութիւնը կը գտնէր, թէ օսմանեան ազգ չկայ, այլ կայ Օսմանեան բազմազգ կայսրութիւն, որուն մէջ ապրող բոլոր ազգերն ալ պէտք է հաւասար իրաւունքն ու միջոցները ունենան պահպանելու իրենց պատմա-անհատականութիւնը:

1902 Փետրուար 4-ին, Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենայ օսմանեան ընդդիմադիր ուժերու Ա. Համաժողովը: Հնչակեան կուսակցութիւնը «աւելորդ» կը նկատէ մասնակցիլ այդ ժողովին: Համաժողովին կը մասնակցի հայ պատուիրակութիւն մը՝ կազմուած Հ.Յ.Դ., Վերակազմեալ Հնչակեան եւ անկուսակցական գործիչներէ: Համաժողովէն հայ պատուիրակութիւնը դուրս կու գայ դժգոհ, հայկական նահանգներուն մէջ մասնակի բարեկարգութիւններ կատարելու շուրջ յառաջ եկած վէճերուն պատճառով: Այդ մասին «Հնչակ» պաշտօնաթերթը կը գրէ. «Գոնկրէսը կազմակերպողները, նրանց ջոջերը, տաճկական խորամանկ տիփլոմադների այդ ապագայ խորամանկ գանտիտատները, գոնկրէսի հրաւիրեցին հայ յեղափոխականներին, որպէսզի, յանուն ընդհանուր բարենորոգումների, խեղդէին, ոչնչացնէին, ի սպառ անհետ անէին քաղաքական աշխարհից հայկական դատը»: Յաջորդող տարիներուն, երիտթրքական շարժման տարբեր թեւերը, շարունակելով ժխտել հայ ազգային-ազատագրական շարժման առարկայական, օրինաչափ ծնունդը եւ մերժելով մասնակի բարեկարգութեան որեւէ ծրագիր, կը շարունակեն գործակցութեան եզրեր փնտռել հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն հետ:

1906-ի կէսերէն Իթթիհատ վերստին կը սկսի հետապնդել օսմանեան ընդդիմադիր ուժերով համաժողով գումարելու գաղափարը: Ժողովի նախապատրաստութեան ծիրէն ներս, Իթթիհատի առաջարկով, 1906 Յուլիսին Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենան Ս.Դ.Հ.Կ.–Իթթիհատ բանակցութիւններ, որուն Իթթիհատի կողմէ կը մասնակցին Ահմատ Ռիզա, Պահաէտտին Շաքիր եւ տոքթ. Նազիմ, իսկ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Սապահ Գիւլեան եւ Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան): Հինգ նիստերու ընթացքին կը քննարկուին Հայկական Դատ եւ համապետական ուղղութիւն, ինքնավար Հայաստան եւ Թուրքիա, դեմոկրատական սահմանադրութիւն եւ միդհատեան սահմանադրութիւն, հայկական խնդիր եւ արտաքին միջամտութիւն, ազգութիւն եւ օսմանցիութիւն եւ այլ օրակարգեր: Բոլոր հարցերով յառաջ կու գան խոր եւ անհաշտելի տարակարծութիւններ:

Օսմանեան ընդդիմադիր ուժերու Բ. Համաժողովին ընդառաջ Հնչակեան կուսակցութիւնը հայ կուսակցութիւնները կը հրաւիրէ «Հայ Յեղափոխական Կօնգրէս»ի մը, որ սակայն «վաղաժամ» կը նկատուի եւ ընդառաջում չի գտներ: «Հնչակ», հակադրուելով Հայկական Հարցը համապետական ծրագրերու մէջ «խեղդելու» փորձերուն, կը գրէ. «Մենք ծրագիր չունենք ամբողջ Թուրքիան արմատապէս վերանորոգելու եւ նրա ամբողջականութիւնը պահպանելու,– այլ միայն մեր հայրենիքը, Հայաստանի այն մասը որ գտնւում է Թուրք պետութեան լծի տակ»: Հնչակեան միւս օրկանը՝ Ա.Մ.Ն.-ի շրջանի «Երիտասարդ Հայաստան»ը, քննադատելով Իթթիհատի հետ գործակցութեամբ խանդավառները, կը գրէ. «Վաղը կամ միւս օր իսկ նոյն «յեղափոխական» թուրքերը չպիտի կասին կառավարութեան զօրքերի հետ յարձակում գործել հայերի վրայ եւ նորից ջարդ տալ սրանց, ինչպէս արին 1895–96 թւերին»: 1907 Դեկտեմբեր 27–29, Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենայ ընդդիմադիր ուժերու Բ. Համաժողովը: Հ.Յ.Դ. կարեւոր դեր կը խաղայ անոր կայացման մէջ: Ս.Դ.Հ.Կ.-ը կը մերժէ մասնակցիլ անոր: Համաժողովը Օսմանեան կայսրութեան բաղկացուցիչ ազգութիւններու պահանջքներուն բնաւ չ’անդրադառնար եւ կը բաւարարուի համապետական բարեկարգութիւններու հարցերով, որուն շուրջ ներկաներուն միջեւ կը կնքուի համագործակցութեան դաշինք:

Հնչակեան մամուլը կը շարունակէ խիստ ոճով քննադատել համաժողովի արդիւնքն ու անոր մասնակիցները: Հնչակեաններուն այս կեցուածքը ջերմապէս կ’ընդունուի տարբեր ազգութիւններու ազատագրական շարժումներուն կողմէ՝ որոնք չէին մասնակցած Համաժողովին: 1908 Փետրուարին Ներքին Մակեդոնական Յեղափոխական Կազմակերպութեան «Ilinden» եւ Անկախ Արաբիա կազմակերպութեան «L’independance Arabe» թերթերը կը տպագրեն Սապահ Գիւլեանի «Թրքական բռնատիրութիւնը եւ Երիտթուրքերը» ծաւալուն յօդուածը: Նոյն թուին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ Սապահ Գիւլեանի «Երիտասարդ Թուրքիա» աշխատութիւնը, ուր հեղինակը կը գտնէ թէ Երիտասարդ Թուրքերու հետ գործակցութիւն հնարաւոր է «միայն այն պարագային, երբ Թիւրքիայի բաղկացուցիչ բոլոր ժողովրդների կատարեալ ԻՆՔՆԱՎԱՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ եւ ընդհանուր Թիւրքիայի Ռամկավարական Սահմանադրութիւնը կ’ընդունուի որպէս սկզբունք»:

1908 Յուլիս 11/24-ին սուլթան Ապտուլ Համիտ կը ստիպուի վերահաստատել իր իսկ կողմէ առկախուած սահմանադրութիւնը: Սա կը նկատուի յեղաշրջում օսմանեան քաղաքական կեանքին մէջ, որմէ յետոյ, ժամանակի ընթացքին, քայլ առ քայլ իշխանութիւնը ամբողջապէս կ’անցնի Իթթիհատի ձեռքը: ՍԴՀԿ-Իթթիհատ յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն ամբողջապէս նոր փուլ մը: Ի տարբերութիւն շատերու, Հնչակեան կուսակցութիւնը խոր մտահոգութեամբ կ’ընդունի Սահմանադրութեան վերահռչակումը: Տարակոյսէ դուրս է, որ Սահմանադրական վարչակարգը անհամեմատ աւելի ընդունելի էր, քան համիտեան բռնատիրութիւնը: Սակայն Սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն կու տար, որ թուրք ազգայնականութիւնը մարմնաւորող Իթթիհատը հասնէր իշխանութեան: Սահմանադրութեան հռչակման առթիւ գրուած խմբագրականին մէջ «Հնչակ» կը գտնէ, թէ, իրերու այս նոր դրութեան մէջ, Իթթիհատ Վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը դարձած է իշխանական կուսակցութիւն եւ անոր շնորհիւ «քաղաքական գործօն ասպարէզի եւ ղեկավարի դերի մէջ է մտնում թուրք նացիոնալիզմը… որ զարգանալու համար քաղաքական աւելի ազատ պայմանների պէտք ունէր, քան ինչ որ տալիս էր համիտեան բռնապետութիւնը: …Թուրք նացիոնալիզմը տիրապետուող ժողովրդներին ազատութեան այնքան պայմաններ կտայ, որքան որ իր ընդգրկած նացիոնալիստական սկզբունքների շրջանակը կը ներէ.– այսինքն բաղկացուցիչ ժողովրդների ազգային զարգացումը պիտի մտնի այն շրջանակի մէջ, ինչ որ թուրք նացիոնալիզմը կը գծի: …Մենք որպէս սոցիալիստներ դէմ կը լինենք «Երիտասարդ Թուրքիային», եթէ նա ցանկանայ մի ցեղի տիրապետութիւնը հաստատել միւսների վրայ: Ազգային խնդիրների տեսակէտով՝ մեր դիրքը կը լինի մարտնչել, որ կողմից որ հարուածը գալու լինի, որպէսզի բաղկացուցիչ ազգութիւնները ունենան քաղաքական միեւնոյն իրաւունքները»:

Այս մտահոգութիւնները միայն հնչակեան մամուլին մէջ չէ որ կ’երեւէին: Հնչակեան գործիչներուն մօտ անոնք շեշտուած էին եւ հրապարակ կու գային տարբեր առիթներով: Քսաններէն Ռուբէն Կարապետեան Սահմանադրութեան հռչակման առիթով Գահիրէի իր ընկերներուն կը գրէ. «Այժմ յեղափոխութիւնը (հայ ազգային-ազատագրական շարժումը.– Ե. Ճ.) աւելի լուրջ քայլեր պէտք է առնէ, մանաւանդ գտնւում ենք սահմանադրութիւն անուանուած մի թակարդի առաջը: Ներկայ Սահմանադրութիւնը ոչ այլինչ է, եթէ ոչ ազգերի ինքնուրոյն գաղափարը մեռցնելու եւ ազատագրական շարժումները ի սպառ խեղդելու. եթէ ճնշուող ազգերը մի տեսակ կամէութեամբ համակերպուին իրերի ներկայ դրութեան հետ, դա նշանակում է դատապարտել մեռելութեան՝ քսան տարուայ այդքան գործը եւ նրանից շահած միջազգային առանձնաշնորհումները: Ո՞վ կը համաձայնուի կամովին սպանդանոց գնալու, ոչ ոք»: 1908 Օգոստոս 15-ին, Փարիզէն Կ. Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ, Սապահ Գիւլեան եւ Մեծն Մուրատ քանի մը օրով կանգ կ’առնեն Սոֆիա, ուր հարցազրոյցներ կու տան օտար մամուլին: Գերմանական «Vossische Zeitung» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Ս. Գիւլեան կ’ըսէ, թէ գոհ են եղած յեղաշրջումէն, սակայն անդադար պայքար պիտի մղեն ինքնավարութեան եւ դեմոկրատական կարգեր հաստատելու համար, «ըստ օրինակի բելգիականին եւ ձեռք բերուի Մակեդոնիայի եւ Հայաստանի ավտոնոմիան, ըստ օրինակի Սամոս եւ Կրետե կղզիների, առանց սակայն վնասելու պետութեան միութեան»: Ան կ’աւելցնէ նաեւ, թէ հնչակեանները մտադիր են Կ. Պոսոյ մէջ ստեղծել կայսրութեան տարածքին գործող սոցիալիստական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը համադրող, բազմազգ ղեկավարութիւն մը: Այս առիթով «Մշակ»-ի խմբագիր Համբարձում Առաքելեան հնչակեաններուն խորհուրդ կու տայ հեռու մնալ չափազանցութիւններէն եւ «նպաստել երիտասարդթուրքերի կուսակցութեան՝ իրագործելու իր ծրագիրը, որ յամենայն դէպս, կու տայ բոլոր ժողովուրդներին կեանքի, գոյքի, պատուի եւ քաղաքացիական ազատ զարգացման ապահովութիւն»:

Սահմանադրական կարգերուն տակ Ս.Դ.Հ.Կ.-ին առջեւ կը դրուի յեղափոխական-ընդյատակեայ գործելաձեւէն օրինական պայմաններու տակ գործելու գրեթէ պարտադիր հարցը: Հնչակեաններուն համար այդ կը դժուարանար կարեւոր հանգամանգով մը: Օրինական պայմաններու տակ գործելու առաջին պահէն անոնք պէտք է դառնային իշխանութեան ընդդիմադիր, որովհետեւ իշխանութեան եկած Իթթիհատին մէջ անոնք կը տեսնէին թուրք ծայրայեղ «նացիոնալիզմը»՝ իր բոլոր հետեւանքներով: Միւս կողմէ, սակայն, իշխանութեան հանդէպ կոշտ ընդդիմութիւնը, գործնական քաղաքականութեան մէջ կը նշանակէր նպաստել հակասահմանադրական համիտեան ուժերուն, որոնք տակաւին կենսունակ էին: 1909 Մարտ 31/13 Ապրիլին տեղի կ’ունենայ յետաշրջական շարժում: Կը ծագի սահմանադրական կարգերը կորսնցնելու իրական վտանգ: Հայութիւնը, իր բոլոր հոսանքներով, կը կենայ Սահմանադրութիւնը պաշտպանելու կողքին: Կ. Պոլսոյ եւ արուարձաններուն մէջ հնչակեան եւ դաշնակցական զինեալ խումբեր կը մասնակցին Սահմանադրութիւնը վերահաստատելու համար մղուող կռիւներուն: Այն պահուն, երբ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէր Սահմանադրութեան վերահաստատման պայքարին, տեղի կ’ունենայ Ատանայի Եղեռնը:

1909 Յուլիսին Կ. Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Զ. Համագումարը: Ժողովը երկարօրէն կը քննէ Կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ օրինակա՞ն, թէ՞ ոչ-օրինական գործելաձեւով առաջնորդելու հարցը եւ կ’որոշէ մնալ ընդդիմադիր Իթթիհատի իշխանութեան եւ անոր դէմ պայքարիլ օրինական ձեւերով՝ քաղաքական, քարոզչական, ընտրական եւ այլն: Ս.Դ.Հ.Կ.-ը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կը դառնայ օրինական կուսակցութիւն, որուն համար Համագումարը կը մշակէ նոր ծրագիր եւ կանոնագիր: Զ. Համագումարը իր որոշումները կ’եզրակացնէ այսպէս. «Նկատելով որ թուրք նացիոնալիստները եւ այդ նացիոնալիզմի քաղաքական գործիչները գիտակցաբար ձգտում են ապազգայնացնելու Թուրքիայի մէջ գտնուող ազգութիւնները եւ նրանց ձուլելու Թուրք ազգութեան մէջ ՕՍՄԱՆՑԻ, ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆ ընդհանուր անուան տակ, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Զ.րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը ժխտելով ժխտում է ազգայնացման այդ գաղափարը եւ վճռում է ոգի ի բռին պայքարել այդ ուղղութեան դէմ՝ ընդունելով ազգերի պատմա-անհատական գոյութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ նրանց անկաշկանդ, ազատ զարգացման ու ինքնորոշման իրաւունքը»: Յաջորդող տարիներուն Հնչակեան կուսակցութիւնը Իթթիհատի դէմ կը տանի քարոզչական, քաղաքական եւ ընտրական հետեւողական պայքար մը. այդ օրերուն իր երէց գրչընկերներուն կը միանայ «Կայծ» ուսանողական ամսաթերթը, որուն խմբագիրը՝ Քսաններէն Վանիկ (Գեղամ Վանիկեան) կը գրէ. «Այսօր օրինակ մենք կ’ըսենք որ Իթթիհատ կուսակցութիւնը ազգայնական է. ինչո՞ւ, որովհետեւ կը ջանայ, եթէ ձեռքէն գայ, ջնջել Թուրքիոյ ոչ-թուրք ազգութիւնները: Ուրեմն ազգայնականութիւն ըսել է ուրիշ ազգութիւններ չճանչնալ, զանոնք ձուլել իր մէջ ու իր ազգին բոլորովին առանձնաշնորհեալ դիրք տալ»:

Պայքարը իր սրութեան կը հասնի 1912-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով: Հնչակեան կուսակցութիւնը կ’որոշէ ընտրապայքարը վերածել հակաիթթիհատական պայքարի միջոցի եւ մերժելով Իթթիհատին հետ գործակցելու շատ մը նպաստաւոր ընտրական առաջարկներ, դաշինքի մէջ կը մտնէ ընդդիմադիր Իթթիլաֆ Վէ Հուրիյէթ եւ Յոյն Սահմանադրական Քլուպիստ կուսակցութիւններուն հետ: Հայկական միւս հոսանքները կը շարունակեն «պետական կուսակցութեան» հետ գործակցելու իրենց ընթացքը: Իթթիհատին հետ ըլլալու կամ չըլլալու հարցով, պայքարը կը տեղափոխուի նաեւ ներհայկական կեանքէն ներս: Այս առիթով Կ. Պոլսոյ հնչակեան օրաթերթ «Նոր Աշխարհ» կը գրէ. «Հայաստանի վիճակը սրտին ունեցողը Իթթիհատին պախարակաց քուէ միայն կարող է տալ եւ ոչ թէ գործակցութեան յօժարութիւն:… Հայ ազգի իսկական շահերը կը թելադրեն Իթթիհատի դէմ ըլլալ: Մեր պարտականութիւնը այդպէս հասկցանք եւ դիրք բռնեցինք: Թէ որքան հեռատես եղանք եւ իրաւունք ունեցանք այդ դիրքը բռնելու, ուր որ ենք, դա մօտիկ ապագան ցոյց կու տայ, եթէ ներկան արդէն ցոյց չի տուել»: Այս առնչութեամբ Վանիկ լակոնական ոճով կը գրէ. «Բիւր ամօթ Իթթիհատի գործակիցներուն»: Վերոյիշեալ պատմական ամփոփումը կը պարզէ, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը Իթթիհատին հետ ունեցած է գաղափարական եւ սկզբունքային լուրջ տարակարծութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին խորացած են եւ այս պատճառով երկու կուսակցութիւններուն յարաբերութիւնները եղած են թշնամական: Այս պատմական հեռապատկերին վրայ, կարելի է դիտարկել թէ քաղաքական ի՞նչ պայմաններ կը տիրէին 1913 Սեպտեմբերին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՅԱՒԵՐԺՕՐԷՆ ՔԱՆԴԱԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ «ԼԱ ՍԱՆԹԻՆԷԼ» ԹԵՐԹԸ

Next Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ «ԼԱ ՍԱՆԹԻՆԷԼ» ԹԵՐԹԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.