Ամէն տարի, Յունիս ամսու 15-ին, հնչակեան աշխարհատարած ընտանիքը
հպարտութեամբ ու երկիւղածութեամբ կը յիշէ հայ ազգի ազատագրութեան եւ Հայաստանի
անկախութեան համար 1915 թուականին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան
բարձրացած իր ՔՍԱՆ տիտանները: Անոնց անունները ոսկեայ տառերով քանդակուած են
ամէն հնչակեանի սրտին ու մտքին մէջ:
Թէ ինչո՞ւ արժանի են Քսանները այդքան յարգանքի եւ մեծարանքի,
Որովհետեւ հայութեան դահիճ Թալէաթը իրենց մէջ տեսաւ մեծագոյն վտանգը իր անձին
եւ Թուրքիոյ դէմ: Անոնք վճռած էին կանխել իթթիհատական վարչակարգի ծրագրին
գործադրութիւնը, որ ցեղասպանութիւն գործել էր հայութեան դէմ: Անոնք վճռած էին կտրել
ձեռքը դահիճներուն՝ Թալէաթի, Էնվերի ու Ճեմալի, որպէսզի հայը անոնց ձեռքով չմորթուէր:
Որովհետեւ անոնց իմաստուն գաղափարական թրծուածքին մէջ գոյութիւն չունէր այն
տեսակ շահախնդրութիւն, որ անձնականը գերադասէր ազգային շահէն: Թուրքը չէր կրցած
«գնել» զիրենք:
Որովհետեւ անոնք ընկերվարականներ էին, որոնց քայլերուն դոփիւնը կը սարսափեցնէր
այդ օրերու Եւրոպայի եւ Ասիոյ թունդ ազգայնականներն ու բռնակալները: Անոնք
զինուորներն էին այն բանակին, որ անիրաւուած հայու կողքին կը պայքարէր փրկելու
անիրաւուած թուրքը, քիւրտը եւ արաբը:
Եւ սակայն, աւա՜ղ, անոնք զոհ գացին հայ մատնիչ-դաւաճանի մը անարգ արարքին:
Արթիւր Եասեան կոչեցեալ սրիկայ մը մատնեց զիրենք:
Պոլսոյ մէջ լեցուն էին հայ մատնիչները այդ օրերուն: Աշխարհական մատնիչներու
կողքին կային նաեւ կղերականներ: 1890-ին Պոլսոյ պատրիարք Աշըգեանը մահափորձի
ենթարկուած էր հնչակեաններու կողմէ, որովհետեւ ան կը նկատուէր կամակատարը թուրք
Սուլթան Համիտին: 1914 թուականին երբ ձերբակալուեցան Քսանները, Արթիւր Եասեանի
կողքին կային շատ մը կղերական ու քաղաքային մատնիչներ: Ըստ ստոյգ աղբիւրներու՝
անոնք կը կոչուէին Սիմոն եպիսկոպոս, Մամբրէ վարդապետ, Տաճատ վարդապետ, Սուքիաս
քահանայ, լուսարար Խաչիկ, եւ քաղաքայիններ՝ փաստաբան Խաչիկ Պետրոսեան, Անաստաս
Յարութիւն Նաթուրեան, Արմենակ Հայկունի եւ ուրիշներ:
Տարբեր չէ երեւոյթը այս օրերուն, երբ հայ անուանակիրներ կը փորձեն ձախողեցնել ու
վտանգել Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրացման գնացքը՝ Ռուսիոյ Փութինին
ծառայելու իրենց տենչով: Եթէ Թուրքիոյ սուլթանը իր սուրով վնաս հասցուց հայուն, այնպէս
ալ Ռուսիոյ Փութինը իր շահերուն զոհ դարձուց հայը: Քաղաքային եւ եկեղեցական գործիչներ
այսօր ալ կ’աշխատին, հայրենասիրութեան պիտակին տակ, վնաս հասցնել Հայաստանի
արդիականացման գնացքին, փտածութեան դէմ տարուող պայքարին, Հայաստանի ամբողջ
աշխարհին բացուող երթին, վաշխառուներէն ձերբազատուելու գործին եւ հայրենի
ժողովուրդին հանգիստ ու խաղաղ կեանք շնորհելու պետական ջանքին:
Քսանները գաղափարի զինուորներ էին, որոնք անարդարութեան եւ բռնակալութեան դէմ
պայքարեցան իրենց գրչով ու խօսքով, եւ եղան իրենց ազգին ու ժողովուրդին խորհրդանիշը
(symbol) ազատագրութեան եւ բարեփոխութեան: Անոնց հաւաքական մարտիրոսացումը
կախաղաններու վրայ եզակի երեւոյթ էր, որ թուրքին կողմէ կը միտէր ցուցադրել իր
ժողովուրդին եւ աշխարհին, թէ ազատ ու անկախ Հայաստանի համար պայքարողներուն
վերջը մահ էր: Անոնք ոճրագործներ չէին՝ նոյնիսկ զիրենք դատող թուրք դատաւորին
վկայութեամբ, որ իր խօսքը Քսաններուն ուղղելով կ’ըսէր. «Ինչե՜ր չէին կրնար ընել ձեզի պէս
մարդիկ, եթէ այս երկրի հասարակաց օգտին աշխատէին»:
Քսանները «ժամանակի ժայռին դէմ յաւերժօրէն քանդակուող» հերոսներ են, որոնց
մասին շատ մը բանաստեղծութիւններ գրուած են. անոնց լաւագոյններէն մէկը կարելի է
նկատել լիբանանահայ տաղանդաւոր մտաւորական Գառնիկ Ադդարեանի «Պայազիտ»
խորագրով ոտանաւորը, ուր ան կ’ըսէ.
Նայուածքներուն մէջ անոնց նահանջի դող չտեսայ,
Հպարտութիւնը այնտեղ առկայծող բո՜ց էր անշէջ,
Միայն ոմանց կոպերուն տակ կար արցո՛ւնք քարացած,
– Ջահել էին ա՜խ այնքան, ու կեանքը քա՛ղցր էր այնպէս։
Դեռ հեռուէն լսեցի քայլերն անոնց երկաթէ՝
Ժամանակի ժայռին դէմ յաւերժօրէն քանդակուող,
Ապա տեսայ թէ ինչպէս անոնք ելան դէպի վեր՝
Հորիզոնին դէմ՝ անբիծ դէմքե՛րն իրենց գծելով։
Փա՜ռք յաւերժօրէն մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ քանդակուած ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ: