Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

June 14, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

 

110 տարիներ առաջ այս օրերուն, անմահացան Հնչակեան կուսակցութեան կարկառուն դէմքերը, որոնք 1915 թուականի Յունիս 15-ին, թրքական դատարանի որոշումով Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացան՝ մեղադրուելով Երիտթուրքերու պարագլուխներուն եւ հայ ժողովուրդի դահիճներուն դէմ մահափորձ կազմակերպելու մէջ։ Այս եղելութիւնը տեղի կÿունենար երբ արդէն ձերբակալուած էին Պոլսոյ հայ մտաւորականները, իսկ գաւառներուն մէջ ծայր առած էին հայութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածները։ Այս իրադարձութիւնները շաղկապուած են իրենց տխուր վախճանով, սակայն եւ կÿարժեւորուին հայ ժողովուրդի վերածնունդով ու գոյատեւմամբ։

Այդ օրէն ասդին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ամէն տարի նշելով Քսաններուն հերոսական նահատակութեան տարելիցը, վեր կÿառնէ անոնց վերջին պատգամները՝ արտասանուած կախաղանին վրայէն։ «Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր գործը շարունակելու», «Վաղը արեւելքի հորիզոնին պիտի ողջունենք Հայաստանի ծնունդը», «Այս թաշկինակը տուէք մօրս ու ըսէք, որ ան արցունք չէ տեսած», այս խօսքերով Քսանները անմահացան Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան մէջ ու իրարայաջորդ սերունդները կը շարունակեն ուխտել՝ քալելու անոնց գծած ուղիէն ու հետեւելու անոնց տեսլականին ու նպատակներուն։

ՍԴՀԿ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ մարտնչած է հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Կուսակցութեան առաջնորդած Սասունի ու Զէյթունի ապստամբութիւնները, Գում Քափուի ու Պապ Ալիի ցոյցերը կը ձգտէին աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու Օսմանեան պետութեան վարած կեղեքումի քաղաքականութեան վրայ՝ ձգտելով վերացնելու հայութեան դէմ գործադրուող տնտեսական ճնշումը ու հասնելու նուազագոյնը ինքնավարութեան, որ պէտք էր դառնար նախաքայլը դէպի անկախ պետականութիւն։

Մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան գնով ու Սարդարապատի հերոսական ճակատամարտով հայ ժողովուրդը վեց հարիւր տարուայ ստրկութենէ ետք վերականգնեց իր պետականութիւնը ու մասամբ իրականացաւ Քսաններուն երազը ու աւելիով իմաստաւորուեցաւ անոնց կեանքի ուղին։

Ներկայիս, մեր բոլորիս պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել փոքրիկ մեր Հայրենիքը, որ լոյս կը սփռէ Մայր Հայրենիքի մէջ ու աշխարհի տարբեր անկիւններ ապաստան գտած իր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ինչպէս անցեալին, մեր ժամանակներուն եւս, Հայաստան կը մնայ շրջապատուած նոյն թշնամիներով, որոնց համար մեր անկախ պետականութիւնը խոչընդոտ է իրենց փանթուրանական ծրագրերու իրականացման ճանապարհին։ Տակաւին վերջերս Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վրայով թռչելու պահուն բացէիբաց կը խօսէր այդ մասին։ Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Էրտողաններու երազը մնայ այդպիսին՝ պարզ երազ։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս օրերուն կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ, սակայն ի վիճակի է յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները՝ կառուցելով ուժեղ տնտեսութիւն, արդիական բանակ ու վայելելով բարեկամ երկիրներու աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Այս բոլոր աշխատանքները աւելի հեշտ կը դառնան ներքին համերաշխութեամբ ու պետականութեան պահպանման գաղափարին շուրջ համախմբումով։

ՍԴՀԿ, հետեւելով իր Քսան հերոսներու պատգամին, կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ժողովուրդի ընտրութեան, հեռու մնալով բոլոր տեսակի արկածախնդրութիւններէ, որոնք կը ջլատեն մեր ներքին դիմադրողականութիւնը՝ յագուրդ տալով մեր թշնամիներուն։ ՍԴՀԿ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին մնացած է հաւատարիմ իր դաւանած գաղափարախօսութեան, միշտ մնալով ճիշդ ուղիի վրայ, քանի որ մենք Հայրենիքը կը դասենք ամէն բանէ վեր։

Յարգանք Քսան հերոսներու յիշատակին։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱ՛ՌՔ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ 

Next Post

ՅԱՒԵՐԺՕՐԷՆ ՔԱՆԴԱԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ՅԱՒԵՐԺՕՐԷՆ ՔԱՆԴԱԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ

ՅԱՒԵՐԺՕՐԷՆ ՔԱՆԴԱԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.