Անոնք՝ քսան հնչակեաններ, 15 Յունիս 1915-ին, յամրաքայլ ու խորհրդաւոր դէմքերով կ’ուղղուէին դէպի մահագուշակ ձողափայտեր՝ իրենց սիրտերուն մէջ հպարտութեան ու վրէժի խառն զգացումներով:
Անոնք՝ քսան ուխտաւորներ, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ պիտի անմահանային՝ սերունդներուն համար ըլլալու մշտավառ փարոսներ:
Անոնք՝ գաղափարի քսան աննկուն երդուեալներ, իրենց պատգամներով պիտի ըլլային դաստիարակները անհամար յետնորդներու: Այո՛, անոնք անշնչանալով պիտի կոթողուէին՝ յանուն վաղուան արշալոյսին եւ ի սպաս ազգին ու հայրենիքին:
Փարամազ եւ իր խռովայոյզ ու հասակագեղ ընկերներ, կառափնարաններու բարձունքէն կ’աղաղակէին իրենց ժողովուրդին վաղուան այգաբացի մասին՝ որ պիտի ցաթէր արեւելքի հորիզոնին: Հայասպանութեան գորշ ու մռայլագոյն ամիսներն էին՝ երբ գաղափարի ուխտաւորները, առանց ընկճուելու, իրենց հրաբորբ արիւնը միախառնեցին ազատութեան նուիրական պայքարին: Քսան անհատական երազներ կը դադրէին բաբախելէ, բայց հաւաքական տեսլական մը կը ստանար նոր թափ ու եռանդ: Այն տեսլականը, որ ի սկզբանէ եղաւ Հնչակեան կուսակցութեան գոյառման միտք բանին, նպատակն ու հաւատոյ հանգանակը: Այդ շքեղ տեսլականը ուռճացաւ բազում-բազում մարտիկներու եւ գործիչներու անձնդիր գուպարով, անհաշուելի նահատակներու հերոսական սխրանքներով: Տարբեր ճակատներու վրայ ինկան անոնք. անհաւասար կռիւէ չփախան եւ ոչ ալ անհաշտ ոսոխին դիմաց խոնարհեցան: Իրենց կեանքը ագուցելով կուսակցութեան հաւաքական պայքարի յորձանուտին, կոհակ-կոհակ ծաւալեցաւ՝ ուր որ անկ է, ինչպէս որ անկ է: Ազատութեան պայքարի զոհասեղանը կը կանչէր անոնց՝ որոնք գիտէին նուիրաբերել ամէն ինչ՝ ի խնդիր նպատակի: Եւ այդ կանչը ահազանգեց՝ ոտքի հանելով խիզախներու անթիւ փաղանգներ եւ քաջազուններու բազմաթիւ վաշտեր:
Օսմանեան իշխանութեանց որդեգրած հայաջինջ քաղաքականութիւնը, Կարմիր Սուլթանին տապալումէն ետք իսկ, արդէն ակնյայտ էր: Թէպէտ խաբուսիկ եւ մեղրածորան կարգախօսներ կը շպրտուէին մերթ ընդ մերթ, թէեւ «եղբայրութեան» լոզունգները գինովցուցած էին շատերը եւ գառնուկի մորթերով պարտկուած գայլերու յատուկ կատաղութիւնը կ’անգիտանային օրուան ջոջերէն կարկառունները, սակայն հնչակեաններուն համար սա հերթական որոգայթ էր, հայակուլ նորատիպ ծուղակ մը, որ պիտի մոլեգնէր յարմար մէկ պահուն: Այդ թէժ պահուն ի՞նչ կար աւելի հրամայական, քան դիպուկ եւ ուժգին հակահարուած խորամանկ ոսոխին: Այդ գրոհը կրնար գալ միայն հնչակեաններէն եւ այդ պատճառով իթթիհատականներուն գլխաւոր նպատակը եղաւ չէզոքացնել այդ մարտական ուժը, ազգային յեղափոխական ջիղ ունեցող տարրը, մայր երակը հայ յեղափոխական շարժման:
Հնչակեան կուսակցութիւնն էր որ իր Է. համագումարով կը մշակէր հակահարուածին մանրամասնութիւնները, մարտավարական ոճն ու եղանակը: Փարամազի ղեկավարած ցանցը պատրաստ էր պատմական յանձնառութեան եւ զգետնիչ հարուածին: Անոնք փորձ եւ ոգի ունէին յարմարագոյն խիզախումին: Վճիռն ալ տրուած էր արդէն:
Հոս, տխրահռչակ մատնութեան պարագան չէ հարցը, այլ՝ իթթիհատական պարագլուխներուն հետեւողական ջանքը՝ արմատախիլ ընելու զիրենք խափանող հիմնական ուղղութիւնը, քանզի ուրիշ տարրեր թեւաթափ էին արդէն եւ նոյնիսկ գործակից՝ զանազան անմեղունակ շղարշներով: Ահա թէ ինչու համատարած հալածանքը հնչակեաններուն դէմ եղաւ անթաքոյց ու հեշտ, եւ որուն պիտի յաջորդէր համընդհանուր ցեղասպանութեան դիւային ծրագիրը:
Գաղափարի ուխտաւորները ի յառաջագունէ գիտէին գալիք աղէտը: Անոնց ահազանգը բախեցաւ խուլ ականջներու: Ազգային գիտակցութեան եւ մարտական ջիղի հրահրումին առընթեր, որպէս ընկերվարականներ, կը քօղազերծէին ոսոխին շահագործող, թալանչի եւ ազգայնամոլ էութիւնը: Ցեղամոլը միաժամանակ թշնամին է իր իսկ ժողովուրդին խոնարհ եւ ճնշեալ դասակարգին: Իթթիհատի եաթաղանին զոհերը միայն ընդդիմացող հայերը չեղան, այլեւ անոնք՝ որոնք Օսմանեան կայսրութիւնը կ’ուզէին դուրս բերել ռազմամոլ Գերմանիոյ հակակշռէն, օսմանցիները գաղութացուցած շահածարաւ մեծ տէրութիւններէն: Մինչդեռ, գաղափարի ուխտաւորներու հնչակեան ուղղութիւնը կը միտէր ազատագրուած տեսնել ե՛ւ ազգերը ե՛ւ ընկճեալ դասակարգերը ցեղապաշտական ու կրօնամոլական ժանիքներէ, որոնց ամենաշառաչուն եւ նախայարձակ գաղափարախօսութիւնները համաթուրանականութիւնն ու փան-իսլամիզմն էին: Այդ ուղղութիւնները, այս օրերուն, յստակօրէն, դարձեալ իրենց կատաղի կիրքերը կը բացայայտեն հոս ու հոն եւ տարբեր առիթներով:
Ահա այստեղ է գաղափարի ուխտաւորներուն մեծութիւնն ու հեռատեսութիւնը. ահա, այս օրերուն է որ կը հսկայանայ Փարամազի եւ իր ընկերներուն վիթխարի հասակները, որոնք Պայազիտի բարձունքէն բացականչեցին՝ «Դուք մեր մարմինները կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղափարները՝ ո՛չ», «Դուք մեր քսանները կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի», «Դուք, արեւելքի վրայ պիտի տեսնեք սոցիալիստական Հայաստանը»…:
Ցեղասպանութեան արիւնալի տարուան գրեթէ առաջին նահատակները դարձան հնչակեան Քսան Կախաղանները: Մինչ անոնց անշնչացած մարմինները կը ճօճուէին եռոտնուկներու վրայ՝ անդին ողջ ժողովուրդ մը կը կոտորուէր անգթօրէն կամ ծարաւահիւծ կարաւաններ ու տառապակոծ տարագրեալներ կ’ոչնչանային անապատներու վրայ: Քսանները մարտիրոսացան՝ որովհետեւ փորձեցին կանխել աննախադէպ պատուհասը: Սակայն, նաեւ մարտիրոսացան՝ ցանելով հունտերը վաղուան գաղափարի ուխտաւորներուն: Մի գուցէ Թալաաթ փաշա ցինիկօրէն գոհունակ էր ու հանգիստ, որ Պայազիտի բարձունքին լռեցուց արդարութեան եւ ազատութեան ճիչը՝ հնչակեաններու կախաղանումով. մի գուցէ կարծեց թէ սպառսպուռ հանգած է հնչակեաններու սպառնալից խարոյկը: Բայց, ո՜վ հեգնանք, ինչպէս բանաստեղծը կը գրէ՝ «Պայազիտի բարձունքէն՝ ես վաղուան հունձքը տեսայ…»
Գաղափարի ուխտաւորները անմահացան, որովհետեւ անոնց ցանած հունտերը ուռճացան նոր հնչակեաններու ծնունդով, երիտասարդ ուժերու ոգեւոր շարքերով, հայրենիքի ու գաղափարի նոր նուիրեալներով: Վաղուան հունձքը դարձաւ յուռթի եւ արեւելքի հորիզոնին ծնած Հայաստանով գաղափարի ուխտաւորները փառաւորուեցան անմահութեան դափնիներով:
Իրենց հերթին, իրենց կենսավառ աչքերով ու հրաշէկ սիրտերով, Պայազիտի բարձունքէն՝ քսան ուխտաւորները վաղուան հունձքը տեսան…:
Փա՛ռք գաղափարի ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ: