Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԴԱՆ ԷՕԶԷՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՄԸ ԿԱՐ…

  Լ. Շ.

June 14, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՆԴԱՆ ԷՕԶԷՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՄԸ ԿԱՐ…

Գիտեմ, որ շատերու համար խորթ պիտի հնչէ այս թրքահունչ մականունը։ Էօզէ՜ր…

Այնուամենայնիւ, գէթ անունի’ն մէջ հայ բարբառէն արմատ մը, մասնիկ մը կը փորձեմ գտնել…։

«Անդ» արմատով ու «ան» վերջածանցով կազմուած անուն մը կրնա՞նք սեպել արդեօք ԱՆԴԱՆ-ը, նմանողութեամբ «Վարդան»-ի։ Չեմ կրնար ճշդել կամ հաստատել։ Արդէն, վստահ եմ որ այսպիսի անուն մը ծանօթ չէ իմ ընթերցողներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան։ Մենք, մեր շուրջ, Անդան անունը կրող ոեւէ մէկը չունինք, չենք ալ ունեցած։ Սակայն իրողութիւն է, որ իսթանպուլահայ ժամանակակից գրականութեան սիրելի դէմքերէն մէկն էր բանաստեղծ եւ արձակագիր ԱՆԴԱՆ ԷՕԶԷՐԸ (1927-1994)։

Այսօր տխրօրէն անդրադարձայ, որ արդէն լման 30 տարի սահեր անցեր է Անդան Էօզէրի մահէն ասդին։ Ան իր աչքերը փակեր էր 30 Նոյեմբեր 1994-ին, առողջական լուրջ ու վտանգալից հարցերու դէմ մաքառելէ ետք…։

Բայց այսօր ո՞վ կը յիշէ Անդանը։ Նոյնիսկ Պոլսոյ իր հարազատ միջավայրին մէջ, ուր ան գրիչ շարժեց ոչ-նուազ քան քառասուն տարի, Անդան Էօզէրը մոռցուա՜ծ անուն մըն է այլեւս, հասակ առնող նոր սերունդներուն համար գրեթէ անծանօ՜թ դէմք մը։  Թերեւս պէտք է ուրախանալ, եթէ դպրոցական հանդէսներու ընթացքին, պատահաբար, քանի մը գողտրիկ տողեր արտասանուին իր քերթուածներէն, քանի մը շիթ` իր իմաստուն գրիչէն…։

Ո՞վ էր Անդան Էօզէր։ Ի՞նչ եղաւ իր տեղը իսթանպուլահայ ժամանակակից գրականութեան մէջ։

Անդան Էօզէր հայկական համեստ, սահմանափակ կրթութիւն մը ստացեր էր Գատըգիւղի (Պոլսոյ ասիական ափ) երբեմնի Տիպար կրթարանին մէջ, յետոյ ալ շրջանաւարտ եղեր էր Առեւտրական Բարձրագոյն վարժարանէն։ Դեռ շատ երիտասարդ էր,- յիսունական թուականներուն,- երբ ան ուշադրութիւն սկսաւ գրաւել  իր նորարար սիրուն բանաստեղծութիւններով, որոնք կը կրէին ժամանակի շունչն ու ոճը եւ կը հրատարակուէին այդ շրջանի հայերէն թերթերուն մէջ։ Իրեն համար գրական իսկական աւազան մը դարձաւ մա’նաւանդ «Երջանիկին տարեգիրքը»֊ը, ուր խրախուսիչ միջավայր մը գտաւ Անդան, տարեգիրքերու այդ շարքին վաստակաւոր հրատարակիչ ու երէց գրող Բագարատ Թեւեանի շուքին տակ։ Անդան հո՛ն կոփուեցաւ ու մշակուեցաւ իր սկզբնական քայլերուն մէջ։ Այդպէս ալ ծնունդ պիտի առնէր իր բանաստեղծութեանց առաջին հատորը` «Ահա՛ այսպէս…»֊ը (1953) ։

Անդան, մինչեւ այսօր ալ, գրականութեան պատմութեան մէջ կը յիշուի առաւելաբար այդ թուականներէն յամեցող իր բանաստեղծութիւններով, որոնք ինքնուրոյն դիմագիծ մը շահեցուցեր էին իրեն։ Եւ այդ դիմագծութիւնը աւելիո՛վ ամրագրուեցաւ, երբ հրապարակ ելաւ Անդանին երկրորդ քերթողագիրքը` «Առանձնութիւն»֊ը (1984)։

Ահա՛ օրինակ մը՝ ժողովրդային լեզուով գրուած իր բանաստեղծութիւններէն. վերնագիրը՝ «Անմարսողութիւն».

 

բժիշկը

    բժիշկին ղրկեց

դեղագործը

    դեղագործին

եւ

ոչ դեղ գտան

    ոչ դարման

ու

վերջապէս

ստամոքսը ճեղքեցին

եւ մէջը

«մտահոգութիւն» գտան… 

 

Ահա՛ հատ մը եւս, «Բեռնակիրին մահը» խորագրով.

 

Չեմ գիտեր որքան տարի

   անոր–ասոր

   գոյքերը կրեց

   սնտուկները կրեց

    Եւ

    Օր մը միայն

    Իր սնտուկը կրեցին

 

Այնուհետեւ Անդան Էօզէր պիտի փորձարկէր արձակի սեռն ալ եւ յաջողապէս իր պատուաբեր տեղը պիտի գրաւէր հոն, այս անգամ` իր գրութիւններուն համար ամպիոն եւ քաջալերանք գտնելով «Մարմարա»-ի էջերուն մէջ։ Կը ստորագրէր խոնարհ դասակարգի կեանքէն վերցուած իրապաշտ ու սրտագրաւ պատմուածքներ։ Ասոնք, հետագային, ամփոփուեցան «Ծածուկ իրականութիւններ» (1984) ու «Եւ…» (1990) խորագրով զոյգ հատորներու մէջ։ Այս վերջինին մասին Ռ. Հատտէճեան կատարած է հետեւեալ նշումը. «Անդան Էօզէրի ուրիշ մէկ վարպետութիւնն է կեանքի ամէնէն աննշան դրուագները դնել խոշորացոյցի տակ եւ տեսանելի դարձնել անոնց ներքին ողբերգական եւ երգիծական տուեալները։ Քիչ թիւով հեղինակներ այսքան թափանցող ակնարկ կրնան պտտցնել կեանքի թաքուն իրականութիւններուն վրայ»։ 

Երբ կ`ընթերցէք իր պատմուածքները, անպայման կ`ունենաք անդրադարձում մը, թէ ատոնք շա՛տ կը յիշեցնեն ԺԹ. դարու իրապաշտ գրողներու գործերը։ Կարծէք Բաշալեան մը կամ Երուխան մը կը վերյայտնուի ձեր դիմաց…։ Այո՛,  եւ սակայն Անդանի պատմուածքներուն մէջ ընդնշմարելի էին գողածածուկ երգիծանք մը, խորունկ հեգնանք մը եւ ուշագրաւ սրամտութիւններ…։

Անդան, ժամանակին, գրած էր «Սառնադարան» վերնագրով թրքերէն թատերգութիւն մըն ալ, որ հետագային հայերէնի թարգմանուելով բեմադրուած է Թորոնթոյի մէջ։

Ընդհանրապէս լռակեաց, քիչ գրող, դժուար արտադրող հեղինակ մը եղած է Անդան Էօզէր, որուն նիւթական կեանքը արտադրողական ու առեւտրական մեծղի գործառնութիւններու մէջ մեծ նուաճումներ արձանագրելէ ետք՝ օր մըն ալ տակնուվրայ պիտի ըլլար անհաւատալի ողբերգութեամբ մը։ Իր ու իր գործընկերներուն հսկայ փոխադրանաւը ծովամոյն պիտի ըլլար` նիւթական ու բարոյական ահաւոր կորուստի մը դէմ-յանդիման դնելով զինք…։ Այս մասին արտայայտուած է իր գրչեղբայրը՝ Ռ. Հատտէճեան, «Օտարականներ՝ աշխատասենեակիս մէջ» հատորով (2002)։ Հէ՜ք Անդան…։ Փշրուած էին իր երազները…։ Վայրէջքի մը սկիզբն էր այս իրեն համար։ Ո՛չ Վոսփորի իր շքեղ բնակարանը, ո՛չ ալ Գնալը կղզիի իր փարթամ ամառանոցը կրնային սփոփել, մխիթարել զինք…։

«Ահա՛ այսպէս», մեր հորիզոնէն եկաւ ու անցաւ Անդան Էօզէր մը…։

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՉ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ, ՈՉ ԺԽՏՈՒՄ

Next Post

ՓԱ՛ՌՔ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ 

Next Post
ՓԱ՛ՌՔ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ 

ՓԱ՛ՌՔ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՔՍԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.