Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումին համար: Անոր համաձայն, Եւրոպական խորհուրդը կրնայ աջակցիլ այդ հոլովոյթին, որովհետեւ ինչպէս Եւրոպային, այնպէս ալ բոլոր երկիրներուն համար կարեւոր է խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումը: