Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յստակացուց, որ Երեւան մտադրութիւն չունի խզելու յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ կամ վերջ տալու Հայաստանի մէջ ռուսական ուժերու ներկայութեան: «Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը հաւասարակշռուած է եւ կը հաւասարակշռուի, այդ մեր ռազմավարութիւնն է», ընդգծեց վարչապետը: Չեխիոյ մէջ կատարած յայտարարութիւններով Փաշինեան բարդ որակեց տարածաշրջանային կացութիւնը եւ յիշեցուց, որ բացի ռուսերէն, Հայաստանի մէջ կը գործէ նաեւ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը, որ կը հետեւի Ատրպէյճանի հետ սահմանային գօտիի դրութեան ու զարգացումներուն: «Մեր նպատակն է տարածաշրջանի երկիրներուն հետ հաստատել յարատեւ ու կայուն խաղաղութիւն», ըսաւ Փաշինեան: Յիշեցնելով, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ, վարչապետը յայտնեց, որ այժմ ժամանակը հասած է ստորագրելու այդ պայմանագիրը: Յիշեցնենք, որ պայմանագիրի մշակումը ամբողջացաւ 13 Մարտին, սակայն Պաքու նախապայմաններ կ’առաջադրէ՝ ստորագրելու համար փաստաթուղթը: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւան կը ձգտի Հայաստանի շուրջ ստեղծելու խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի միջավայր մը: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ահազանգեց, թէ Պաքու տակաւին չէ արձագանգած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտումին վերաբերեալ Հայաստանին կողմէ փոխանցուած նիւթերուն: Անոր խօսքով, սահմանամերձ գիւղերուն ուղղութեամբ ատրպէյճանական դիրքերէն արձակուած կրակոցներուն նպատակներէն մէկն է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան շեղումը խաղաղութեան պայմանագրին հարցով յաջողութիւններէն: «Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է ստեղծել սահմանային միջադէպերը հետաքննող համատեղ յանձնաժողով մը: Պաքուին փոխանցուեցաւ պաշտօնական փաստաթուղթ եւ որոշ քննարկումներ եղած են ատրպէյճանական կողմին հետ», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան: «Անկայուն աշխարհին մէջ կայունութիւն գտնելով» խորագրեալ «APRI2025» համաժողովին ընթացքին խօսելով տարածաշրջանային խաղաղութեան յանգելու Հայաստանի ջանքերուն մասին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը բացատրեց, որ Երեւան խաղաղութեան օրակարգը կը համարէ տարածաշրջանային սպանալիքներուն արձագանգելու հիմնական գործիքը: