Հայաստանի մէջ Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէին մէջ քննուող քրէական գործի շրջանակներուն մէջ ձերբակալուեցաւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ եւ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Ըստ կոմիտէին, Աբրահամեան կը հետապնդուի քանի մը դրուագ դրամի լուացումի, պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցութեան մեղադրանքով: