Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դատապարտեց Իրանի դէմ իսրայէլեան օդային լայնածաւալ յարձակումը, որովհետեւ «այդ հարցականի տակ կը դնէ այն փխրուն կայունութիւնը, որ ունինք մեր տարածաշրջանին մէջ: Հետեւաբար, մենք շատ մտահոգ ենք»: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը եւս հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը, կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւններն ու հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւունքին: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւս յայտնեց, թէ խորապէս մտահոգուած է վերջին իրադարձութիւններով: Իսկ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տեղի ունեցածը համարեց ոտնձգութիւն Իրանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին վրայ: «Երեւան որոշ ժամանակ առաջ սկսած էր նախապատրաստուիլ այս յարձակումին եւ քննարկել հնարաւոր բոլոր զարգացումները: Նախապատրաստական աշխատանքներ կատարած ենք եւ ըստ զարգացումներուն մենք ունինք ծրագրեր, որոնց համապատասխան ալ պիտի շարժինք», հաւաստիացուց Արմէն Գրիգորեան: Ան շեշտեց, որ տեղի ունեցածը ոչ միայն Իրանի եւ Միջին Արեւելքի համար սպառնալիք է, այլեւ խնդիր է Հայաստանի համար: Թեհրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Իրան գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն յորդորեց պահպանել զգօնութիւն, հետեւիլ պաշտօնական ցուցմունքներուն եւ արտակարգ իրավիճակի պարագային կապ հաստատել դեսպանատան հետ: Իրանի դէմ գործուած օդային յարձակումին պատճառով, Մոսկուայէն, Մինսքէն, Քազանէն եւ այլ շրջաններէ Տուպայ ուղղուող 10 օդանաւ վայրէջք կատարած է Պաքուի մէջ: Այդ օդանաւերուն մէջ եղած են հայկական ծագում ունեցող եւ ազգանուն ունեցող ուղեւորներ: Նկատի առնելով Պաքուի հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ հայերու նկատմամբ ատրպէյճանական դաժան վերաբերմունքը, Ռուսիոյ հայերու միութիւնը դիմեց Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան, խնդրելով վերահսկողութեան տակ առնել դրութիւնը եւ կանխել օդանաւերուն մէջ գտնուող հայազգի ուղեւորներուն նկատմամբ հնարաւոր ապօրինութիւնները: Միւթիւնը դիմեց նաեւ Երեւանին՝ կոչ ուղղելով կատարելու ամէն ինչ՝ ապահովելու Պաքուի մէջ յայտնուած հայերուն անվտանգութիւնը:
Իրանի դէմ իսրայէլեան հարուածներուն լոյսին տակ, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ընդհատեց Իտալիա եւ Վատիկան իր այցելութիւնն ու վերադարձաւ Պէյրութ՝ հետեւելու տարածաշրջանային վտանգաւոր զարգացումներուն: Անոր խօսքով, հարուածը միայն Իրանի դէմ չէ, այլ՝ ամբողջ տարածաշրջանին:
Աուն նախապէս Վատիկանի մէջ տեսակցած էր Հռոմի պապին հետ եւ յայտարարած, որ լսած է Լիբանանին աջակցելու հարցով եկեղեցւոյ յանձնառութեան մասին: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նախարարներու հետ արծարծեց նորազոյն զարգացումներն ու պահանջեց դիմել հնարաւոր բոլոր միջոցներուն՝ վերականգնելու համար կայունութիւնը: Վարչապետը ահազանգեց, որ տեղի ունեցածը միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում է: