Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

June 14, 2025
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

 

 

Անցնող քանի մը շաբաթներուն աստիճանաբար սրած լարուածութենէն եւ փոխադարձ սպառնալիքներէն ետք, իսրայէլեան բանակն ու հետախուզական ծառայութիւնները երէկ աննախադէպ եւ լայնածաւալ յարձակում գործեցին Իրանի զինուիրական եւ հիւլէական բազմաթիւ կեդրոններու դէմ: Աւելի քան երկու հարիւր ռազմական օդանաւերու գործածութեամբ յարձակումի առաջին ալիքը սկսաւ Թեհրանի ժամով արեւածագի ժամը 3:30-ին, ուր նախ կործանուեցաւ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, ապա զինուորական եւ գիտական կեդրոններ թիրախ դարձան ծանր հրթիռներու՝ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա զանազան շրջաններու մէջ՝ ներառեալ Թավրիզը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ Իրան կրնար արտադրել հիւլէական ռումբ եւ վտանգել Իսրայէլի գոյութիւնը, ուստի որոշում կայացուած էր ծանր հարուած տալ հիւլէական ծրագրին: Ծանրագոյն հարուածը բաժին հասաւ մայրաքաղաքէն շուրջ 250 քիլոմեթր հեռու, Ասֆահան քաղաքին մօտակայքը գտնուող Նաթանզ հիւլէակայանին, որ կը համարուի եուրանիւմի հարստացումի գլխաւոր կեդրոններէն մէկը: Մինչեւ ուշ գիշեր հակասական տեղեկութիւններ տարածուեցան հարուածին մասին: Իսրայէլեան կողմը յայտարարեց հիւլէակայանի կործանումը, մինչ Իրան խօսեցաւ ստորգետնեայ ճառագայթումի մասին, իսկ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Նաթանզի շուրջ տակաւին չէ նկատուած ճառագայթող վտանգաւոր նիւթերու արտահոսք, թէեւ Ասֆահանի բնակչութիւնը փոխադրուեցաւ աւելի ապահով վայր:

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով մահացան Իրանի զինուորական 20 բարձրաստիճան հրամանատարներ եւ հիւլէական վերնախաւի բազմաթիւ գիտնականներ՝ ներառեալ զինուած ուժերու հրամանատար զօրավար Մոհամմատ Պաքիրին, յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօրավար Հըսէյն Սալամին եւ օդուժի պատասխանատու Ալի Հաժիզատէն: Իսրայէլեան Մոսատը յայտարարեց, թէ օդային հարուածներէն առաջ յատուկ գործակալներ գետնի վրայ կատարած են գործողութիւններ՝ ճամբան հարթելով հրթիռային հարուածներու իրականացումին: Իսկ բանակը շեշտեց, թէ այս միայն բացումն է եւ արշաւը պիտի ըլլայ երկարատեւ: Իրանի «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ նախնական տուեալներով Թեհրանի ռմբակոծումը պատճառած է քաղաքացիական առնուազն 78 զոհ եւ 330 վիրաւոր:

Հարուածէն ետք, յեղափոխական պահակագունդի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամինէի, նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան, արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի եւ այլ պատասխանատուներ խոստացան վրէժ լուծել ու պատմական հարուած տալ Իսրայէլին: Որպէս հակադարձութիւն, Թեհրան շուտով յայտարարեց, թէ հակահարուածին առաջին փուլը կատարուած է անօդաչու սարքերով, որոնք հարուածած են իսրայէլեան թիրախներ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ահազանգեց, թէ «իսրայէլացիները երկար ժամանակ պէտք է մնան ապաստարաններուն մէջ»: Իրանի անօդաչու սարքերուն ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան ցամաք-օդ հրթիռներուն բեկորներն ինկան Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարաւային շրջաններու վրայ՝ սարսափի մատնելով բնակչութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՃԻՊԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ ԱՅՆՊԷՍ՝ ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԲԱԲԱԽԷՐ ԻՐ ՍԻՐՏԸ

Next Post

  ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

Next Post
  ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

  ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.