6 Յունիս 2025 թուականին, Վիեննայի մէջ կեանքէն անժամանակ հեռացաւ տաղանդաւոր լիբանանահայ դաշնակահար եւ Ճազ երաժիշտ Յովհաննէս Ճիպեան: Ան ապրեցաւ ու ստեղծագործեց՝ երաժշտութիւնն ու մարդոց սրտերը իրար կապող կամուրջ դառնալով։ Իր ապրած ճամբան ոչ միայն նուագի արուեստ էր, այլ՝ նուիրում, զգացմունք եւ հաւատարմութիւն հայ մշակոյթին։
Ծնած է Պէյրութ, Ճիպեան առաջին երաժշտական ուսումը ստացած է Ազգային երաժշտանոցի մէջ։ Սակայն իր ճակատագիրը կը փոխուի 1989 թուականին, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը մղէ զինք դէպի Վիեննա։ Եւ այնտեղ՝ Եւրոպայի սրտին մէջ, սկսած է իր նորագոյն ու ազդեցիկ ուղին։ 1997-ին աւարտած է Ֆրանց Շուպերթի երաժշտանոցը՝ ստանալով համերգային եւ ճազային դաշնամուրի կրկնակի մասնագիտացում։
Ճիպեան իր ձայնով եւ մատներու յարափոփոխ մեղեդիով հմայեց բազմաթիւ սրահներու լսարաններ։ Ան ելոյթներ ունեցաւ Եւրոպայի քաղաքներուն մէջ, Ճիպեան բազմաթիւ համերգներով ներկայացած է Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ եւ երկար տարիներ անփոխարինելի մասնակցութիւն ունեցած է վիեննական ճազային կեանքին, համագործակցելով միջազգային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու հետ։
Անոր նուիրումին օրինակն էր նաեւ դասաւանդումը՝ ճազի եւ յանկարծանուագումի (improvisation) սիրով ու նրբութեամբ փոխանցումը նոր սերունդին։
Ճիպեանի անժամանակ մահը, որ տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ, խոր ցաւով ընդունուեցաւ երաժշտական համայնքին կողմէ։ Իր գործընկերները զինք յիշեցին իբրեւ «լուսաւոր ընկեր», «մարդկային բարութեան մարմնացում» եւ «բեմի խոհուն պատուիրակ»։
Անոր հոգին յաւիտեան պիտի ապրի բոլոր այն սրտերուն մէջ, որոնք ճանչցած ու սիրած են այս մեծ մարդը։ «Բայց մենք վստահ ենք, որ ան այժմ համերգներ կու տայ շատ աւելի վեհաշուք վայրերու մէջ, քան այստեղ», գրած են ողբացեալի երաժիշտ ծանօթները համացանցին վրայ: