Ծննդեան 95-ամեակ
Սեպուհ Աբգարեանը մեծարժէք հայ երաժիշտ, երգահան, խմբավար, ձայնասփիւռի հաղորդավար ու մշակութային գործիչ մըն էր, որ իր ամբողջ կեանքով ու ստեղծագործութեամբ ծառայեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու արուեստի հարուստ աւանդներուն։
Կեանքի ու ուսումնառութեան սկիզբը
Ծնած է 12 Յունիս 1930-ին, Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքը։ Հայրը՝ սասունցի արմատներով: Ընտանիքը վաղ տարիքին տեղափոխուեցաւ Պէյրութ, ուր ան սկսաւ իր երաժշտական ուսումը՝ Էդուարդ Տարօնեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի մօտ։
13 տարեկանին ընտանիքը դարձեալ փոխադրուեցաւ՝ այս անգամ Հալէպ։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Փարիզ՝ երաժշտական բարձրագոյն ուսման նպատակով։
Ուսուցչական եւ ձայնասփիւռային գործնէութիւն
Փարիզէն վերադարձին, Աբգարեան հաստատուեցաւ Կիպրոս եւ իր ուսուցչական գործունէութիւնը շարունակեց հայկական վարժարաններէն մէկուն մէջ՝ իբրեւ երգչախումբի խմբավար։ Միաժամանակ, երկու այլ հայերու հետ հիմը դրաւ Կիպրոսի հայկական ձայնասփիւռի հաղորդումներուն, որոնք ղեկավարեց ու վարեց շուրջ 46 տարի՝ դառնալով համայնքի մշակութային ինքնութեան պահապան ձայնը։ Միաժամանակ պաշտօնավարեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ որպէս երգչախումբի ղեկավար եւ դասաւանդեց արուեստի պատմութիւն։
Երաժշտական ստեղծագործութիւն եւ «ԳՈՀԱՐ» համոյթ
Սեպուհ Աբգարեան հեղինակած է բազմաթիւ սիմֆոնիկ, կամերային, խմբերգային գործեր ու «օրաթորիօ»ներ, որոնք կատարուած են աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ՝ Փարիզ, Թոքիօ, Լիբանան, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ։ Անոր ամենանշանաւոր նախաձեռնութիւններէն մէկը եղաւ 140 երաժիշտներէ եւ 12 մեներգիչներէ կազմուած «ԳՈՀԱՐ» սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարումը։ Այս համոյթը համերգներով հանդէս եկած է թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներուն մէջ։
Վախճան եւ յուշ
Սեպուհ Աբգարեան մահացած է 5 Օգոստոս 2014-ին, իր ծննդավայր Նիկոսիոյ մէջ։ Իր անունը կը յիշուի իբրեւ նուիրեալ մշակութային գործիչ, որ իր ամբողջ էութեամբ ծառայեց հայ երգին, լեզուին ու ոգիին։