Արսէն Տագէսեան անունը աւագ սերնդակիցներու համար կը յիշատակուի իբրեւ նուիրեալ հնչակեան, գաղափարապաշտ գործիչ եւ օրինակելի ընկեր: Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը կը բնորոշուին որպէս ազնիւ ու անշահախնդիր ծառայութեան կերպար։
Դեռ պատանի հասակին միացած էր Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, իր երիտասարդութեան ընթացքին ըլլալով Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան սիւներէն, որուն ճամբով նաեւ էական նպաստ բերած է Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարաբանութեան տարածման։ Ընկեր Արսէնի եւ գաղափարակից ընկերներու առաջնորդութեամբ «Տխրունի»ն վերածուեցաւ կազմակերպուած հարթակի մը, որ հայ երիտասարդութիւնը կ’առաջնորդէր կրթութեան, մշակոյթի եւ քաղաքական գիտակցութեան ուղիով։
Ընկեր Արսէն Տագէսեան երբեք պաշտօնի ձգտում չունեցաւ, չնայած որ բոլոր արժանիքները ունէր անոր: Ան երբեք չթուլցուց իր նուիրումը՝ ո՛չ դժգոհելով, ո՛չ ալ երբեւիցէ իր ընկերվարական համոզումէն շեղելով։ Շարունակեց գործել լուռ, խոնարհ, բայց անզիջում համոզումով չհեռանալով պատասխանատուութենէ։ Իր մտածումները համեստութեամբ արտայայտեց, սակայն եթէ բան մը ունէր ըսելիք՝ կ’ըսէր ուղիղ, մաքուր եւ արդար։
Նախաձեռնող էր եւ հետեւողական: Անաչառ ու անկեղծ: Իր ընկերային շփումներով եղած է անկեղծ, արդարամիտ ու սիրելի։ Երբ ան ներգրաւուէր հակասութեան մը լուծման մէջ, բոլոր կողմերը վստահութեամբ կ’ընդունէին ընկերոջ առաջարկները, որովհետեւ ան կանգնած կ’ըլլար արդարութեան ու ճշմարտութեան հիմքերուն վրայ։
Իր առաջարկները չընդունուելու պարագային բնաւ չէր վշտանար վարչութենէն, ընկերներէն կամ գերագոյն մարմինէն: Չէր հեռանար կամ աջ ու ահեակ չէր բամբասեր: Կը շարունակէր իր համոզուած գաղափարին հետեւիլ ամենայն խոնարհութեամբ: Իր նմանները մոմի լոյսի պէս կը փնտռուին օր ցերեկով:
Իր բնաւորութեան նման ալ դաստիարակեց իր երկու զաւակները, որոնք իրենց ապրած հայագաղութներուն մէջ իրենց լայն նպաստը կը շարունակեն բերել ազգապահպանման եւ կուսակցական առաքելութեանց մէջ:
Պէտք չէ մոռնալ իր կողակիցը՝ Սեդա Կիւզէլեանը, որ թեւ ու թիկունք մնաց իր կողքին, երբեմն առաւել թունդ քան գաղափարապաշտ ամուսինը:
Ընկեր Արսէն հայրենասէր մարդ էր: Բոլոր ջանքերը ուղղած էր նաեւ Հայրենիքին նուիրումով ծառայելու մէջ։ Իրեն համար իշխանութիւնները՝ նախագահներէն մինչեւ վարչապետները, «եկող ու գացող» էին միայն, իսկ Հայրենիքը՝ անփոխարինելի մշտական յենարան: Կը հաւատար, որ բոլորն ալ այսպէս պէտք է մտածեն ու գործեն՝ Հայրենիքը պէտք է մնայ մեր ամուր հիմքը:
Օրինական մարդ էր եւ մնաց օրինականութեան հետ: Ընկերասէր, մարդասէր, ընկերվարականի բոլոր յատկանիշները կը կրէր ընկեր Տագէսեանը:
Վարած է մաքրամաքուր կեանք, հեռու ծխախոտի կամ խմիչքի չարաշահումներէն:
Ափսոս, շատ ափսոս որ կեանքէն շուտ հեռացաւ, 13 Յունիս 2018-ին, 73 տարեկան հասակին: Դեռ շատ բան ունէր տալիք ան:
20 կախաղաններու 110-ամեակի նախօրէին կ’արժէ իր յիշատակն ալ թարմացնել անվերադարձ մեկնումէն եօթը տարի ետք:
Աստուած հոգին լուսաւորէ: