Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

June 12, 2025
in Գաղութային
0
ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին, Լոս Անճելոսի եւ շրջակայքի հայութեան ժամադրավայրը դարձած էր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Պըրպէնքի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդ Մայր տաճարը, որ բերնէ բերան լեցուն էր հաւատացեալներով: Մատուցուող Ս. պատարագին կը նախագահէր Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էր նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ տիար Էրիք Ղուկասեան՝ իր տիկնոջ Ատրինէի հետ, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինի ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան եւ յարակից կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Պատարագի կիսուն տեղի ունեցաւ արարողակարգային ընդհատում: Առաջորդ Յովնան Սրբազան խորան բարձրացաւ, իր շուրջ ունենալով Տէր Մանուկ աւ. քհնյ. Մարգարեանն ու Տէր Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, ողջունեց օրուան մեծարեալ Գաբրիէլ Մոլոյեանը, որ կը ներկայանայ եօթը տասնեակ տարիներու մեծ վաստակով, արժանի այս գնահատանքին: Այնուհետեւ Տէր Մանուկ աւ. քհնյ. կարդաց առաջնորդ Յովնան Սրբազանի «Գիր Օրնութեան եւ Գնահատականաց առ հաւատարիմ զաւակն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծարեալ տիար Գաբրիէլ Մոլոյեանին» պաշտօնական գրութիւնը:

Արդարեւ, այդ գրութեան մէջ սրբազանը կ’ընգծէ. «Ձեր ողջ կեանքը բնորոշուեցաւ հմուտ եւ լուսամիտ լրագրողի, խմբագրի եւ կրթական մշակի պատուաբեր հանգամանքներով: Տասնամեակներ շարունակ, բացառիկ նուիրումով ծառայեցիք նախ Միջին Արեւելքի եւ ապա Գալիֆորնիոյ մէջ հայ ազգային, քաղաքական, կրթական, համայնքային, մշակութային ու լրագրական ասպարէզներուն մէջ, որոնց համար արժանացաք բոլորիս յարգանքին ու մեծարանքին: Լիբանանի մէջ, այլ գործընկերներու հետ, հիմնեցիք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, ԱՄՆ փոխադրուելով շարունակեցիք Ձեր օգտաշատ ծառայութիւնները բերել ազգային, հասարակական, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ եւ ձեռնհասօրէն վարեցիք զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Բազմաթիւ անգամներ ստանձնեցիք ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինի ատենապետութիւնը: Երկար տարիներ եղաք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետը: 1984-ին, խումբ մը ուսումնատենչ ընկերներու աջակցութեամբ իրականութիւն դարձուցիք հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը ունենալու երազանքը՝ «Յովսէփեան» վաժարանը, որ կենսական ջիղը դարձաւ շրջանի հայութեան կենսունակութեան, եւ, Հայ եկեղեցւոյ կողքին, նորահաս սերունդներու մէջ հայկական գիտակցութեան եւ հայապահպանութեան ամրապնդման: Առ ի գնահատութիւն ձեր երկարամեայ ազգօգուտ ծառայութիւններուն, 2005 թուականին, արժանացաք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակին եւ պարգեւատրուեցաք «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:

«Մեծարեալ տիար Գաբրիէլ Մոլոյեան, Ձեր ծննդեան 92-րդ տարեդարձին առթիւ մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած առողջութիւն շնորհէ Ձեզի, որպէսզի Ձեր վաւերական հայու, հօր ու մեծ հօր գուրգուրանքները ընդերկար շաղախուին Ձեր զաւակին, թոռներուն ու հարազատներուն կեանքին հետ:

«Ի գնահատութիւն Ձեր եօթը տասնամեակներու անխոնջ ու բոլորանուէր ծառայութեանց, այսու դուք կը դառնաք երկրորդ անձը, որուն անունը պիտի արձանագրուի Արեւմտեան թեմի 100-ամեակին առթիւ պատրաստուած հարիւրամեակի մեծարեալներու անունը կրող մարմարեայ ցուցատախտակին վրայ»:

Այս առթիւ, Յովնան Սրբազանը մեծարեալ Գ. Մոլոյեանի տիկնոջ՝ Մարիային նուիրեց 100-ամեակի առթիւ պատրաստուած կնոջական թանկարժէք շղարշ մը, իսկ օրուան պատարգիչ Տէր Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի քահանայական օծման 17-րդ տարեդարձին առթիւ իրեն նուիրուեցաւ պատարագի ընթացքին գործածուող սկիհ մը:

Իր ելոյթի աւարտին, Յովնան Սրբազանը անձնապէս եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տէրիք եւ Ատրինէ Ղուկասեանի, քահանայից դասի ու ներկայ հաւաատացեալներուն անունով շնորհաւորեց Գաբրիէլ Մոլոյեանն ու իր ազնուափայլ տիկինը, աղօթելով որ բարձրեալ Աստուած մշտապէս օրհնէ եւ քաջառողջ ու երկար տարիներու իմաստուն եւ բեղուն գործունէութիւն պարգեւէ անոնց, ներշնչելով նորահաս սերունդները եկեղեցին սիրելու, ազգը սիրելու, մշակոյթի առջեւ խոնարհելու եւ իմաստաւորելու իրենց կեանքը:

Այնուհետեւ ներկաներուն մէկ մասը համախմբուեցաւ առաջնորդական համալիրի «Համբար» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ հայկական ուտեստի հիւրասիրութիւն: Այստեղ Յովնան Սրբազանը բաժակ բարձրացնելով առաջարկեց քաջառողջ եւ երկար ու բեղմնաւոր տարիներու կենաց խմել մեծարեալ Գաբրիէլ Մոլոյեանին եւ իր կնոջ Մարիային: Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ մեծարեալը եւ իր սրտաբուխ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ Տէր Յովնան արք. Տէրտէրեանին, Թեմական խորհուրդին, Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ մարմինին, յարակից կառոյցներուն, բարեկամներուն եւ համակիրներուն իրենց աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար:

Ստեղծուած ընկերական ջերմ  եւ համակրալիր մթնոլորտին մէջ առկայ էր տօնական բարձր տրամադրութիւն: Եղան նաեւ հաճելի անակնկալներ: Մեներգներով հանդէս եկան շնորհալի կատարողներ` երգչուհի Սիւզի Մազմանեան եւ Յարութ Տէր Դաւիթեան, որոնք իրենց ազգային եւ հայրենասիրական երգերով առաւել եւս ջերմացուցին արդէն իսկ խանդավառ մթնոլորտը:

Յետմիջօրէին ներկաները ակամայ բաժնուեցան սրահէն, շնորհաւորելով օրուան մեծարեալը, իրենց հետ տանելով եզակի նախաձեռնութեան մը առթած յիշարժան տպաւորութիւնները:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԻԱ. ԴԱՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

Next Post

ՅԻՇԵԼՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԸՆԿԵՐ ԱՐՍԷՆ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ (Մահուան 7-րդ տարելիցին առիթով)

Next Post
ՅԻՇԵԼՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԸՆԿԵՐ ԱՐՍԷՆ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ  (Մահուան 7-րդ տարելիցին առիթով)

ՅԻՇԵԼՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԸՆԿԵՐ ԱՐՍԷՆ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ (Մահուան 7-րդ տարելիցին առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.