Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻԱ. ԴԱՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ      Երեւան

June 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ԻԱ. ԴԱՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

 

Դ. դարէն սկսեալ, տարբեր ժամանակներու կտրուածքով գրաւոր վկայութիւններ հասած են մեզի, ուր շեշտուած կը գտնենք հայ կնոջ եւ տղամարդու իրաւունքներու հաւասարութեան մինչ օրս չսպառած նիւթը։

ԺԲ. դարուն, կրօնաւոր, տասէն աւելի գիրքերու հեղինակ, գիտնական, իրաւագէտ եւ առակագիր Մխիթար Գոշ ըսած է՝ «Կրթուած կինը գանձ է  հասարակութեան համար»: Անոր նշանաւոր «Դատաստանագիրքը» դրոյթներ կը ներկայացնէ բռնի ամուսնութիւններու դէմ, կը խրախուսէ  սեփականութեան հաւասար բաժանումը, կը խօսի իգական սեռին պատիւն ու արժանապատուութիւնը յարգելու, անոր ամուսնական տարիքի, ամուսնալուծուելու, կրկին ամուսնանալու եւ այլ իրաւունքներու մասին:

Այսպիսի ձեւակերպումի մը կը հանդիպինք հայկական առաջին սահմանադրութիւնը համարուող «Որոգայթ փառաց» երկին մէջ (ԺԸ. դար), որ շարադրուած է Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ. «Մարդկային արարածը, հայ ըլլայ, թէ այլ ազգի ներկայացուցիչ, տղամարդ, թէ կին, Հայաստան ծնած ըլլայ, թէ անոր սահմաններէն դուրս, պէտք է ապրի հաւասարութեան մէջ եւ հաւասար ըլլայ իր ծաւալած գործունէութեան մէջ: Ոչ ոք իրաւունք ունի հպատակեցնել ուրիշները, իսկ աշխատողները պէտք է վճարուին այնպէս, ինչպէս սովորաբար կը վճարուին ծաւալուած գործունէութեան համար»։

Կնոջ իրաւունքի եւ իրաւահաւասարութեան վերաբերեալ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը կը գտնենք 1860-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ընդունուած «Ազգային սահմանադրութեան» մէջ։

Հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն կինը միշտ եղած է, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ ազգի գոյութեան ու յարատեւումի յենասիւնը։ Իրմով է, որ ընտանիքը կը միաւորուի, իրմով է, որ կը պահպանուին աւանդոյթները, իր աչալուրջ հսկողութեամբ է, որ հասակ կ’առնեն սերունդները։

Մեր աստուածուհիները, թագուհիները, մինչեւ իսկ պարզ շինական կինը, առանցքային տեղ գրաւած են հազարամեակներու պատմութեան մէջ։ Զուր չէ, որ մօր մարմնաւորումով կը ներկայացուի հայրենիքը՝ «Մայր Հայաստան». զուր չէ «մայրաքաղաք» անուանումը, զուր չէ, որ «մայրուղի» կ’անուանեն մեծ քաղաքներու ընդարձակ պողոտաները, զուր չէ, որ «Մայր Աթոռ» կը կոչուի մեր հոգեւոր-վարչական կեդրոնը… Կինը ընդհանրապէս եւ մայրը՝ յատկապէս, միշտ իրենց պատուաւոր տեղը գրաւած են մեր հանրային կեանքին մէջ։

Սակայն գանք, հասնինք մեր օրերուն։

Կնոջ դերը դարերու ընթացքին  զարգացում ապրած է, իսկ 21-րդ դարուն, պէտք է նշել,  շատ աւելի մեծ ու բազմազան դարձած են ակնկալութիւնները իրմէ։ Պատճառը, բնականաբար, ժամանակակից հասարակարգի բարդութիւններն են, երբ աւանդական դերերը նոր իմաստ կը ստանան եւ ամէն նոր օր դուռ կը բանան նոր կարելիութիւններու:

Կինը բազմաշերտ անհատականութիւն եղած է միշտ։ Ան կարիք ունի յարմարելու հմտութեան, ճկունութեան եւ սեփական եսի զօրեղ զգացողութեան, քանի որ պարտաւոր է հաւասարակշռել ընտանիքը, աշխատանքային գործուէութիւնը եւ անձնական ձգտումները: Ժամանակակից կնոջ կեանքին մէջ էական բաղադրիչներ են իր անկախութիւնն ու կայունութիւնը։ Յաջողութեան հասնելու համար կինը թէ՛ նիւթական, թէ՛ զգացական առումով պէտք է ըլլայ ինքնավստահ: Իր աշխոյժութեամբ, ղեկավարելու ձիրքով եւ ամէնօրեայ փոխազդեցութիւններու միջոցաւ ան կոչուած է մարտահրաւէր նետելու կարծրատիպերուն, կոտրելու խոչընդոտները եւ ստեղծելու շատ աւելին պարփակող միջավայր: Աշխարհը օր-օրի աւելի ու աւելի փոխկապակցուած կը դառնայ եւ կինը յաճախ կ’ընկալուի որպէս իր ընտանիքին եւ համայնքին յուզական խարիսխը, որմէ կ’ակնկալուի հանդուրժողականութիւն եւ համագործակցութեան ոգի:

Բարձր կը գնահատուի այն կինը, որ յաջողած է կառավարել յարաբերութիւնները, կողմնորոշուիլ ընդհարումներու ընթացքին, միաժամանակ պահպանելով դրական ընկերային միջավայր։

Այսօր նոր իմաստ ստացած է նաեւ կանացիութիւնը, որ  ձեւով մը ձեռնոց է՝ նետուած հին ըմբռնումներու դէմ։ ԻԱ. դարու կին ըլլալ կը նշանակէ ընդգրկել ինքնութեան եւ անոր արտայայտութիւններուն բազմազան լուսապատկերը: Իր ընտրած վարքագիծով կամ ապրելակերպով (անշուշտ զանց չառնելով որոշակի չափանիշներ) կինը իր անհատականութիւնն է, որ կ’արտայայտէ եւ վեր կը կանգնի հասարակական կանոններէն, որոնք շատ անգամ կը սահմանափակեն իր ներուժը: Մերօրեայ կինը գիտէ կարեւորել իր հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութիւնը, բայց դիւրին չէ բազմաթիւ պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու առընթեր կառավարել աշխատանք-ընտանիք-անձնական կեանք հաւասարակշռութիւնը։

ԻԱ. դարը դեռ չէ հասած տղամարդ-կին հաւասարութեան։ Կին-մօր մը ֆիզիքական եւ յուզական ծանրաբեռնութիւնը միշտ գերազանցած է տղամարդունը, բայց այս մէկը արդէն բնութեան «մեղք»-ն է…

Երբ կ’ըսենք «ԿԻՆ», անշուշտ նկատի ունինք նաեւ հայ կինը, որ եթէ կը տարբերի աշխարհի այլ ազգութիւններու կիներէն, ապա կը տարբերի իր նուիրումին չափով։ Նուիրում՝ բառին ամենալայն իմաստով։ Եւ նշեմ նաեւ, որ «հայ կին» ըսելով, նկատի ունիմ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Սփիւռքի հայ կինը, այս անգամ այն տարբերութեամբ, որ Հայաստանի կին-մայրը ամէնէն սուղը՝ իր որդիները կ’ընծայէ Հայրենիքի պաշտպանութեան։ Այս սուրբ պարտականութիւնը իրն է բացառապէս։

ԻԱ. դարու հայ կինը միաձուլումն է աւանդական արժէքներու եւ ժամանակակից միտումներու, որ աւելի ու աւելի կը կատարելագործուի բարձրագոյն կրթութեամբ եւ արհամարհելի  չէ թիւը անոնց, որոնք կարեւորագոյն դիրքերու հասած են իրաւունքի, բժշկութեան, ճարտարագիտութեան ու արուեստի ասպարէզներուն մէջ: Հայ կանայք թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ սկսած են հաւասարակշռել աւանդական դերերը մասնագիտական գործունէութեան հետ: Անոնք պետական բարձր պաշտօններ ունին, ձեռնարկատէրեր են, ճարտարագէտներ, մանկավարժներ եւ շատ մը այլ ոլորտներու առաջատարներ, որոնք էականօրէն կը նպաստեն իրենց երկիրներու զարգացման: Քիչ չեն նաեւ այն կիները, որոնք ազդեցիկ դերեր ստանձնած են արուեստի, գրականութեան, երաժշտական աշխարհի մէջ։ Անոնք իրենց ընտրած հարթակները կ’օգտագործեն արտայայտելու ժամանակակից խնդիրները, ինչպէս նաեւ  սատարելու համաշխարհային մշակութային երկխօսութեան:

Հակառակ ժամանակակից տեղաշարժերուն, ընտանիքը հայ կանանց մեծամասնութեան համար կը շարունակէ մնալ կեանքի հիմնաքարը եւ մեծամասնութեան համար առաջնահերթ կը մնայ ընտանիքին բարեկեցութիւնը։ Հայաստանցի կինը նախանձելի է իր տոկունութեամբ, մասնաւորաբար պատմական մարտահրաւէրներու եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու շարունակական ազդեցութեան դիմաց: Սփիւռքի հայ կինը, մինչդեռ, նշանակալի դեր կը խաղայ իր համայնքէն ներս՝ նպաստելով օտար երկրի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումին։ Բազմաթիւ սփիւռքահայ կիներ ներգրաւուած են բարեգործական շարժումներու մէջ եւ կ’աջակցին Հայաստանի կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական շատ մը ծրագրերու, միաժամանակ համաշխարհային հարթակներու վրայ ջատագովելով հայկական խնդիրները:

Միով բանիւ, ԻԱ. դարու հայ կինը տինամիք կերպար է, որ պայքարի մէջ է իր արժանի տեղը գրաւելու այս բարդ ու զարգացող աշխարհին մէջ՝ միաժամանակ նպաստելով ինչպէս իր նեղ շրջանակին, այնպէս ալ աւելի լայն հանրութեան:

ԻԱ. դարուն շատ աւելի մեծցած է հայ կնոջ դերը ոչ միայն որպէս ընտանիքի յենասիւն, այլ որպէս տարբեր ասպարէզներու մէջ իր ուրոյն դերն ու ձայնը պարտադրող մասնագէտ։

Այսօր կնոջ դերը զգալի վերափոխումի ենթարկուած է իր տեսանելիութեամբ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ մասնակցութեամբ՝ ներառեալ քաղաքականութիւնը, առեւտրական ասպարէզը, գիտութիւնը եւ արուեստը:

21-րդ դարու կինը աւելի հզօր է, քան երբեւէ։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՍՏԱՑԱՆՔ 

Next Post

ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

Next Post
ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.