Ապակայունութիւնը կը տիրէ ամերիկեան Լոս Անճըլըս քաղաքին եւ այլ շրջաններու մէջ, ուր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի կ’ունենան ապօրինի գաղթականները հետապնդելու որոշումի լոյսին տակ: Լոս Անճըլըսի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ անցնող չորս օրերուն ձերբակալուած է առնուազն 378 մարդ՝ ապօրինի հաւաքներ կազմակերպելու եւ ապահովական ուժերուն նկատմամբ բռնութեամբ վարուելու յանցանքով: Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէվըն Նիւսըմ յայտնեց, որ պիտի շարունակէ պաշտպանել նահանգի բնակչութեան իրաւունքները եւ այդ հարցով դիմել դատական մարմիններուն: Ան ահազանգեց, որ նախագահ Թրամփն ու իր համակիրները կը շահագործեն առկայ տարակարծութիւնները՝ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Թեքսասի նահանգապետ Կրէկ Ապոթ իր կարգին յայտնեց, թէ ազգային պահակագունդէն ուժեր պիտի տեղակայէ նահանգին մէջ՝ վերականգնելու համար կայունութիւնը, անցնող օրերուն այնտեղ եւս տեղի ունեցած անկարգութիւններու լոյսին տակ: