Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, որ Կիրակի օր հիւլէական հարցով բանակցութիւններու շարունակութեամբ պիտի երեւի, թէ Իրանի հիւլէական խաղաղ ծրագիրը երաշխաւորող համաձայնութեան մը կնքումը դարձած է աւելի հաւանական: Նախարարին համաձայն, որեւէ համաձայնութեան կնքում պէտք է երաշխաւորէ Իրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու ամբողջական չեղարկում եւ եուրանիւմի հարստացումի աշխատանքներու շարունակութիւն՝ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հովանիին տակ: Իրանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին զգուշացուց, թէ համաձայնութիւն չկնքելու եւ պատերազմ պարտադրելու պարագային Իրան պիտի թիրախաւորէ շրջանին մէջ գործող ամերիկեան խարիսխները, իսկ ամերիկացի զինուորները պէտք է անյապաղ հեռանան տարածաշրջանէն: Իսկ հիւլէական ուժանիւթի իրանեան գործակալութեան նախագահ Մոհամմատ Իսլամի կողմնակալ ու քաղաքական համարեց Իրանին վերաբերող միջազգային զեկոյցները: Ան նշեց, որ Թեհրան շարք մը խիստ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ միջազգային գործակալութիւնը առնէ Իրանը թիրախաւորող որոշումներ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօրավար Մայքըլ Քըրէլա յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են կործանարար սաստիկ ուժ գործածելու՝ խափանելու համար հիւլէական զէնքի տիրանալու Իրանի ջանքերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կը նախընտրէ Իրանի հետ յանգիլ դիւանագիտական համաձայնութեան, խուսափելու համար հաւանական բախումէ: Շեշտելով, թէ կարելի չէ Թեհրանին արտօնել, որ տիրանայ հիւլէական զէնքի, Թրամփ մտահոգութիւն յայտնեց, որ իրանցիները ըստ երեւոյթին հետաքրքրուած չեն հիւլէական համաձայնութիւն կնքելու առաջարկներով: «Կարծեմ սխալ կը գործեն, սակայն սպասենք, տեսնելու որ ինչ պիտի վճռեն», ըսաւ ամերիկացի նախագահը:
Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, ամերիկացի նախագահը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին համաձայնութեան կը յանգին տնտեսական ու առեւտրական զանազան թղթածրարներու շուրջ: Ըստ Թրամփի, համաձայնութիւնը ամերիկացիներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ կարեւոր մետաղներ ներածելու Չինաստանէն, անոր դիմաց չինացի ուսանողներուն արտօնելով ճամբորդել Միացեալ Նահանգներ՝ հետեւելու համար իրենց համալսարանական դասերուն: