Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Աուն միջազգային ընտանիքէն վերստին պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ վերջ դնելու համար անոր շարունակական ոտնձգութիւններուն եւ ապահովելու իսրայէլեան նահանջը Լիբանանի սահմանային բռնագրաւեալ բլուրներէն: Նախագահը գնահատեց իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի թափած ջանքը՝ երաշխաւորելու համար ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգումը: