Հարաւի մէջ գործող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ ոտնձգութիւններու շարքին մէջ, Սուր գաւառի Մանսուրի բնակավայրէն խումբ մը երիտասարդներ ճամբան փակեցին ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ինքնաշարժներուն առջեւ, որոնք շրջուն ջոկատով կը շրջագայէին նշեալ շրջանին մէջ եւ մուտք գործած էին գիւղը, առանց համակարգելու լիբանանեան բանակին հետ:
Լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն խոչընդոտումէն եւ միջազգային ուժերուն դէմ գործուած բռնութիւններէն ետք, երէկ բարձրացան քաղաքական եւ կրօնական կոչեր՝ իրավիճակը հանդարտեցնելու եւ խաղաղապահներուն ներկայութիւնը պահպանելու պատգամով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գլխաւորեց խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան զօրակցողները եւ հաւաստիացուց, որ հարաւի բնակչութիւնը առաւելագոյնս հետաքրքրուած է իրենց գիւղերուն մէջ խաղաղապահներուն ներկայութեամբ եւ յանձնառու կը մնայ փոխադարձ լաւ յարաբերութիւններուն, որոնք հաստատուած են 1978 թուականէն ի վեր: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, դատապարտեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դէմ յարձակումը եւ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ խաղաղապահներուն առաքելութիւնը երկարաձգելու առաջարկին, պահանջելով անյապաղ ձերբակալել յանցագործները:
Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան անդամ երեսփոխան Ալի Ֆայյատ շեշտեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն ներկայութեան կարեւորութիւնը: Խօսելով վերջերս խաղաղապահներուն նկատմամբ գործուած բռնութիւններուն մասին, Ֆայյատ ցաւ յայտնեց, թէ ոմանք կը փորձեն աւելի ընդարձակ ծաւալ տալ մանր խնդիրներուն:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հարաւի բնակչութեան կոչ ուղղեց դրական վերաբերմունք ցուցաբերելու խաղաղապահներուն նկատմամբ, «հիմնուելով մեր ազգային եւ մահմետական արժեհամակարգին վրայ»: Խաթիպ զգուշացուց, որ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին եւ բնակչութեան միջեւ կրկնուող խնդիրները չեն ծառայեր Լիբանանի ազգային շահերուն, չեն ազատագրեր բռնագրաւեալ հողը եւ չեն զսպեր իսրայէլեան նկրտումները, այլ կը շահագործուին թշնամիին կողմէ՝ վնաս հասցնելու Դիմադրութեան ու մեր արդար իրաւունքներուն: