Ս. Յարութեան տօնէն անցած են արդէն 50 օրեր: Յիսուսի հրաշափառ Յարութենէն 40 օրեր ետք նշեցինք Համբարձման տօնը, որմէ ետք կը նշենք Հոգեգալստեան տօնը:
Հոգեգալուստ կը նշանակէ Պենտեկոստէի տօն: Այս օրը երբ հասաւ, Յիսուսի բոլոր աշակերտները մէկ տեղ հաւաքուած էին:
Այս տարի հոգեգալստեան տօնը կը զուգադիպէր 8 Յունիս 2025-ին:
Այս առիթով Կիրակի օր, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ձեռնադրութիւն: 100 դպիր եւ դպրուհիներ, 15 կիսասարկաւագներ եւ վեց սարկաւագներ ձեռնադրուեցան ձեռամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի:
Այս առիթով, կու գամ շնորհաւորել բոլոր ձեռնադրուողները, ի մասնաւորի Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, բոլորին մաղթելով անկեղծ նուիրում եւ հաւատքի զօրութիւն:
Վարձքը կատար բոլորին, յատկապէս ժրաջան, եւ անկոտրում կամքով զինուած մեր շատ սիրելի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճաեանին:
Բարի երթ բոլոր ձեռնադրուողներուն, մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն, հաւատք, յոյս եւ սէր: