Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԺԻ ՆԱԱՄԱՆԻ «ՀԱՐԻՒՐ … ԵՒ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

June 10, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆԱԺԻ ՆԱԱՄԱՆԻ «ՀԱՐԻՒՐ … ԵՒ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

 

Լիբանանցի գրող եւ հրատարակիչ Նաժի Նաաման խելամիտ ու շրջահայեաց դատողութեամբ ոչ միայն կ’ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլ նաեւ անոր մասին կ’ընէ ուսումնասիրական խորհրդածութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայասպանութեան մասին երեւելի օտար անձնաւորութիւններու կարծիքները կը ներկայացնէ սոյն գիրքով․- Նաժի Նաաման, «Հարիւր … Եւ Դեռ Կը Շարունակուի Ցեղասպանութիւնը» «Նաաման հրատարակչական տուն», լոյս տեսած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Ճիւնի, Լիբանան, 2015, 501 էջ։

Այս յօդուածով կ’անդրադառնանք Հայասպանութեան մասին օտարներու վկայութիւններուն Նաժի Նաամանի հատորին մէջ․-

Մարդկային թաքուն զօրութիւններէն մէկն է առանց տեսնելու գիտնալ եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը: Շատ քիչեր ունին այս կարողութեան յատկութիւնը: Մարդիկ ընդհանրապէս ծանծաղ գաղափարներ որոճացող, երեւոյթներէն դատող, կասկածոտ եւ տկար անհատականութեան տէր են: Այս յատկութիւններով անոնք երկվայրկեանական տատամսումէ մը ետք, կը մերժեն իրականութիւնը, անոր դէմ կը լարուին եւ իրենց անձին հիւանդագին վիճակը ծածկելու նպատակաւ սուտի կը դիմեն: Աւելի ծայրահեղ պարագաներու մէջ այսպիսիներ ոխակալութեամբ կը լեցուին եւ  ոճիրներ ալ կը գործեն իբրեւ գոհացում այն հոգեբանական բարդոյթին, որ կը կոչուի հոգեկան անբաւարարուածութեան զգացում: Այսպիսիներ կարողութիւնը չունին գնահատելու անոնք, որոնք իրենց մէջ ունակութիւն ունին առանց բան մը տեսնելու, ճանչնալու եւ հաւատալու անոր: Տկարամիտներ զանոնք միամիտ, անխելք եւ դիւրահաւատ կ՛անուանեն, պարզապէս անոր համար որ իրե՛նք կորսուած են անորոշութեան եւ սուտի խաւարին մէջ:

Լիբանանցի գրող եւ հրատարակիչ Նաժի Նաաման Հայասպանութեան մասին պատրաստած ու հրատարակած իր 501 էջնոց արաբերէն այս հատորին  մէջ հաւաքած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին ոչ-հայ ականաւոր մարդոց վկայութիւններն ու կարծիքները: Այս մարդիկը Հայոց Մեծ Եղեռնը ոչ միայն առանց տեսնելու, այլ նոյնիսկ անոր մասին նախապէս լսած չըլլալով, սակայն հոգիի բարութեամբ եւ տրամաբանութեան բարձր մակարդակով կրցած են թափանցել անցեալի ճշմարտութեան մէջ, ինչպէս վերը յիշեցի:

Պատահականութիւն չէ բնաւ թէ հեղինակին հայրը, բանաստեղծ եւ մտաւորական Մըթրի Նաաման (1912 Դամասկոս- 1994  Ճիւնի, Լիբանան) «Հանդիպում բաժանումէ ետք» վերնագրեալ բանաստեղծութեամբ (էջ 367-369) քօղազերծած է թուրք ոճրագործները, հայոց եւ յոյներու դէմ անոնց գործած ոճիրներուն համար, ուժգնօրէն յարձակելով անոնց դէմ: Այս բանաստեղծութիւնը Մըթրի Նաաման գրած է իր ուսանողութեան տարիներուն, Դամասկոսի մէջ 1927-ին, եւ ձօնած Սուրիոյ Հանրապետութեան թրքական ծագումով նախագահ՝ Մոհամմատ Ալի Պէկ Էլ Ապիտիին, որ կը վերջանայ այսպէս. «… Քանի՜ հայեր եւ յոյներ մորթուեցան եւ որքան արիւն հոսեցուցին բռնատէր դահիճները»: Հետաքրքրական է թէ Մըթրի Նաաման տեղեակ չէր նախագահին թրքական ծագում ունենալէն, սակայն Աստուծոյ նախախնամութեամբ պատգամը ինքնաբերաբար հասած էր հասցէատիրոջ:

Նաժի Նաաման ըլլալով լիբանանցի արաբ գրող, իր այս գիրքին մէջ ընդգրկած է երկու հարիւր յիսուն ոչ-հայ անձնաւորութիւններու վկայութիւնները Հայասպանութեան մասին, որպէսզի ցոյց տայ անոր ձգած ազդեցութիւնը օտարներու վրայ: Անոնցմէ ոմանց Հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացման մէջ բաժին ունեցած է հեղինակը: Ստորեւ այդ վկայութիւններէն քանի մը հատը կը ներկայացնեմ:

Քարլ Այնար աֆ Վիրսէն (1875–1946) Կ. Պոլսոյ մէջ շուէտական դեսպանատան զինուորական կցորդ հարիւրապետը (աւելի ուշ՝ հազարապետ) Հայասպանութեան պերճախօս ականատես վկայ մըն է (էջ 68-69): Ան դեսպանատան մէջ գործած է 1915-էն մինչեւ 1920: Այդ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն մասին աֆ Վիրսէն  կանոնաւորաբար տեղեկացուցած է Շուէտի դեսպան Փէր Կիւսթաւ Օկիւսթ Քոսվա Անքարսվարտը գաղտնի զեկուցումներով: Ան 1942-ին հրատարակած է «Յուշեր խաղաղութենէն ու պատերազմէն» խորագիրով իր տպաւորութիւններու գիրքը, որուն մէջ լման գլուխ մը յատկացուցած է Հայասպանութեան՝ «Ամբողջ ազգի մը բնաջնջումը» վերնագիրով: Հայոց սարսափելի վիճակը նկարագրելով, ան կ’ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ կեցութեանս առաջին տարին ականատես դարձայ անհաւատալի ողբերգութեան մը, որ աշխարհի պատմութեան մէջ տեղ կը գրաւէ՝ իբր հայոց բնաջնջումը: Հայոց իրերայաջորդ բռնագաղթերը լոկ ծածկոյթ մըն էին այդ բնաջնջումին: Տեղահանութիւնները երեւոյթապէս կը նպակադրէին հայերը տեղափոխել Միջագետքի հիւսիսային անապատները, սակայն անոնք խորքին մէջ նպատակ ունէին բնաջնջել հայութիւնը, որպէսզի Փոքր Ասիոյ մէջ ամրապնդուի թուրք տարրին գերիշխանութիւնը»: Այնար աֆ Վիրսէն կը շեշտէ որ թրքական ղեկավարութիւնը հրամանները բերանացի ու ծայրահեղ խորամանկութեամբ կու տար, ամէն բան գաղտնի մթնոլորտի մէջ պահելով:

Յատկանշական է չինացի բանաստեղծ եւ մտաւորական, «Նաժի Նաաման» գրական մրցանակակիր, Միջազգային բանաստեղծութեան տարեգիրքի գլխաւոր խմբագիր Ժանկ Ժիի վկայութիւնը (էջ 500-501) Հայասպանութեան մասին: Ան Նաժի Նաամանէն լսած է Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները եւ կարողութիւնը ունեցած է տրամաբանութեան լծակով իր բարի հոգիին աչքերով տեսնել հայոց տառապանքը աւելի քան հարիւր տարի առաջուան ժամանակաշրջանը մտովի թափանցելով: Ժանկ Ժի հետեւեալ կերպով կ՛արտայայտուի. «Օսմանեան պետութիւնը վայրագօրէն ճօճեց արիւնոտ դանակը եւ մէկուկէս միլիոն հայոց գլուխները անջատեց: Այդ օրէն ի վեր Հայաստանի օդին մէջ լեցուած են արիւնող ոգիներ: Այս վայրկեանիս, հարիւր տարի առաջ արձակուած զէնքի կրակոցը կը լսուի: Ան մեր հոգիները կը հալածէ…»:

Մեծն Բրիտանիոյ Ակադեմիայի անդամ եւ հարաւափրիկեցի դասախօս Սթենլի Քոհեն (էջ 318-319), որ մրցանակակիր է Բրիտանական ոճրաբանութեան հաստատութենէն, իր մասնագիտութեան՝ ընկերաբանութեան ոլորտին մէջ խորանալով, սրտցաւօրէն կ՛արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ թրքական ուրացման մասին ու կ՛ըսէ. «Մեզի ժամանակակից 1,5 միլիոն հայ զոհեր պատճառած Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը Թուրքիոյ կողմէ նեցուկներ ունի դիտումնաւոր քարոզչութիւնը, սուտը, ծածկոյթը, փաստաթուղթերու խեղաթիւրումը, արխիւներու մատչելիութեան արգիլումը եւ պատմաբաններ կաշառելը: Արեւմուտքը եւ մասնաւորաբար ԱՄՆ դաւադրութեան մասնակից է ոչ միայն ՄԱԿ-ի մէջ անտեսելով ջարդերը, այլ նաեւ ՆԱԹՕ-ի մէջ ենթարկուելով թրքական ճնշումին եւ ուրիշ ռազմավարական ասպարէզներու համագործակցութեան ընտրութեան» (Law and Social Inquiry, Jan 12, 1995; Congressional Record, V, 144, Pt. 5, April 23, 1998,  p. 6715):

Նաժի Նաաման իր հաստատած գրական մրցանակներու տիրացած աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու բանաստեղծներէ, գրողներէ ու մտաւորականներէ իրենց լեզուներով եւ թարգմանաբար Հայասպանութեան մասին ստեղծագործական գրական ոճով վկայութիւններ կը հրամցնէ այս հատորին մէջ, որ իսկապէս երախտապարտ ու շնորհաւորելի գործ մըն է ի նպաստ Հայ դատին:

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ

Next Post

ՀԱՅԱՄէՏ               

Next Post

ՀԱՅԱՄէՏ               

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.