Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

June 10, 2025
in Յօդուածներ
0
Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ
Ս. Հռիփսիմէ, սրբանկար Նաղարշ Յովնաթանեանի, 1680–1700 թթ.։

Դժուար է պատկերացնել՝ արդեօ՞ք առանց Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան կ’իրականանար Դ. դարու սկիզբը Հայաս­տանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ առ այս կարեւորագոյն նշանակութիւն ու­նեցող եղելութեան գլխաւոր շարժառիթը ոչ թէ Գրիգոր Պարթեւի «մուտն ի վիրապ»-ի բանտարկութեան կամ անոր 14 երկար տա­րիներու ազատազրկումէն ետք «ելն ի վի­րապ»-ի իրադարձութիւններն են, այլ միա­նշանակ փաստն է Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան. պետական անարգ ոճիր մը, որ խղճահարութեամբ կը զգետնէ Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորի նման զօրեղ անձնաւորութիւն մը՝ դարձի գալու եւ, ի վերջոյ, սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզու­թեամբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակելու պետական պաշտօնական կրօն։

Հայաստան աշխարհի փրկութեան դարձի պատմութիւնը մագաղաթին յանձնած հայ գրականութեան ոսկեդարու պատմիչ Ագա­թանգեղոս կը վկայէ, որ ինչքան պատկա­ռանքով ու խորազգած զգացումներով կ’արտայայտուի սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ նահատակ 32 կոյսերուն մասին, եւ բոլորովին պատահական չէ, որ ան Ս. Էջ­միածնի կաթողիկէն կառուցելէ ետք իսկոյն կը ձեռնարկէ կոյսերու նահատակու­թեան վայրերուն եւ անոնց աճիւններուն վրայ կերտելու անոնց լուսապսակ յի­շատակին ձօնուած վկայարանները՝ սբ. Հռիփսիմէ, սբ. Գայիանէ եւ սբ. Շողա­կաթ անուններով։

Աստուածաբանութեան կամ քրիստոնէական վարդապետութեան սկիզբը գերազանցապէս Աստուած-Մարդեղութեան խորհուրդը կը կազմէ։ Յովհաննէս աւե­տարանիչ իր աւետարանը փառահեղօրէն կը սկսի «Ի սկզբանէ էր Բանն… Եւ Բանն մարմին եղեւ, եւ բնակեաց ի մեզ»[1] վկայութեամբ։ Համատես աւետարանիչներ՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս, նոյնպէս կը հաղորդեն սբ. Կոյս Մա­րիամ Աստուածամօր Աւետման պատմութիւնը՝ վկայելով անոր անարատ յղու­թիւնը աստուածային հրաշագործ միջամտութեամբ։ Քրիստոնէական աստուա­ծաբանութեան ամբողջ պատմութեան մէջ չկան աւելի մեծ աստուածաբաններ քան աւետարանիչներն ու քրիստոնէութեան այն հզօր ներկայացուցիչները, ո­րոնց գործերը եւ թուղթերը բաղկացուցիչ մասերն են բովանդակ Նոր Կտակա­րանին։

Անդրադառնալով Քրիստոսի մարդեղու­թեան խորհուրդին՝ Ս. Աւետարանը չի խօ­սիր Բանն Աստուծոյ բացառաբար այր կամ կին ըլլալու, այլ մա՛րդ դառնալու, այլ խօս­քով՝ մարդանալու մասին։ Իսկ մարդ հաս­կացութեան մէջ կ’ընկալուի միաժամանակ կինը՝ ինչպէս այրը, նոյնպէս եւ կինը մա՛րդ է կատարեալ։

«Մեր գործած մեծագոյն մեղքերէն մէկը Ե­կեղեցիին «առնականացումն է», ըսաւ եր­ջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը 2023 թուականի Նոյեմբերին՝ Վատիկանի մէջ գումարուած եկեղեցական խորհրդաժողո­վին ժամանակ։ Այդ ուղերձին մէջ ան շեշ­տած է նաեւ՝ ընդգծելով. «Եթէ մենք չհաս­կնանք, թէ ի՞նչ է կանացի աստուածաբա­նութիւնը, երբեք չենք հասկնար, թէ ի՞նչ է եկեղեցին»։\

 Տրդատ Գ. Մեծ, Աշխէն թագուհի եւ Խոսրովադուտ կոյս, որմնանկար՝ Ախթալայի վանք, 1205–1215 թթ.։

Նոր Կտակարանի յունարէն բնագրին մէջ եկեղեցի ἐκκλησία բառը քերականօրէն իգական սեռին կը պատկանի։ Նաեւ մայրենիին մէջ մենք մայր եկեղեցի կ’անուանենք, իսկ մեր դաւանակիցները քոյր եկեղեցիներ կը կոչենք։ Բայց հակա­ռակ այս իրողութեան, կինը Եկեղեցւոյ մէջ զուրկ է պատասխանատու եւ բարձ­րաստիճան պաշտօններ ստանձնելէ։ Այր մարդոց հետ ան Եկեղեցւոյ անդամնե­րու բովանդակ թիւին՝ այսպէս կոչուած հաւատացելոց դասուն գուցէ աւելի քան կէսը կը կազմէ, սակայն այս կէսը ծիսական-ծառայական պաշտօններ զբա­ղեցնելու իմաստով կը յատկանշուի մեծ բացակայութեամբ։

Նախանցեալ տարուան Նոյեմբեր, իսկ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր ամիսներուն Ֆրանչիսկոս պապի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մէջ գումարուեցան Եկեղեցւոյ արդի կեանքին համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող խորհրդաժողով­ներ՝ նպատակ ունենալով Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիին տալու «սինոտալ» կամ ժողովական վարչաձեւ մը։ Այս խորհրդաժողովներու ընթացքին քննար­կուող բազմաթիւ նիւթերու շարքին մեծ տեղ կը գրաւէին Եկեղեցւոյ կեանքին եւ պատասխանատու պաշտօններու մէջ կանանց ներգրաւուածութեան վերաբեր­եալ հարցերը։ Այս առթիւ նշանակուեցան իրարմէ անկախ երկու յանձնախում­բեր, որոնց պարտականութիւնն է ուսումնասիրել՝ արդեօ՞ք Կաթոլիկ եկեղեցին նուիրապետական առումով երբեւէ ունեցած է կին հոգեւոր սպասաւորուհիներ, թէ՞ ոչ։ Համոզուած եմ, որ ինչ ալ ըլլայ այս յանձնախումբերու ուսումնասիրու­թեանց արդիւնքը, Կաթոլիկ եկեղեցին վաղ թէ ուշ ընթացք պիտի տայ կանանց ներգրաւուածութեան Եկեղեցւոյ նուիրապետական պաշտօններուն մէջ։

Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցինե­րը, որոնք ստոյգ մինչեւ ԺԱ. դար կիրառած են սարկաւագուհիներ ձեռնադրելու աւանդութիւնը, այդ դարաշրջանէն ետք, ինչ-ինչ պատ­ճառներով, ուղղակի անուշադրու­թեան մատնած են զայն։ Պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ հանրա­ծանօթ սարկաւագուհիներու անուններ՝ Յովհաննէս Ոսկեբերանի բարեկամուհի՝ Ողիմպասը, Բարսեղ Կեսարացիի քոյրը՝ Մագրինան, Գրիգոր Նիւսացիի կինը՝ Թէոսեպ­իան, եւ ուրիշ շատեր եղած են ձեռ­նադրուած սարկաւագուհիներ, ո­րոնք իրենց ծիսական եւ վարչական անգնահատելի ծառայութիւնները մատուցած են բիւզանդական կրօնական միջավայրին։

Թէեւ 1988 թուականի Համաուղղա­փառ եպիսկոպոսաց ժողովը կա­նանց ձեռնադրութեան առնչու­թեամբ առարկայական քայլերու չձեռնարկեց, սակայն միւս կողմէ յայտարարեց, որ աստուածաբա­նական եւ եկեղեցական արգելքներ գոյութիւն չունին վերականգնել կարենալու համար սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան ուղղափառ աւանդութիւնը։

Արդարեւ, 2 Մայիս 2024 թուականին, Անժելիք Մոլենը սարկաւագուհի ձեռնադրուեցաւ Զիմպապուէի մայրաքաղաք Հարարէի օրթոտոքս եկեղեցիին մէջ: Յա­ջորդող քանի մը օրերու ընթացքին Սերաֆիմ մետրոպոլիտը անոր աւագ սար­կաւագութեան կոչում շնորհեց՝ տալով անոր լրացուցիչ «Ֆիպէ» անունը՝ ի պա­տիւ Եկեղեցւոյ առաջին սրբուհի սարկաւագուհիին[2], որուն մասին կը յիշատակէ Պօղոս առաքեալ իր Հռովմէացւոց թուղթին մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ձեզի կը յանձնարա­րեմ Փիբէն՝ մեր քոյրը, որ սպասաւորն է Կենքրացիներու եկեղեցիին»[3]:

Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ եկեղեցիներու՝ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին քրիստոնէական նախնական եկեղեցւոյ կեանքէն իւրացուցած է եզակի աւանդ մը եւ զայն պահելով իր ծոցին մէջ՝ հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Եթէ ոչ քահանայագործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ  զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկեղեցւոյ նուիրապետական եռաստիճան կարգէն առաջինը՝ սարկաւագութեան աստիճանը։ Սոյնը առանձնայատուկ տուչութեամբ միանշանակ կը լիազօրէ սարկաւագուհին եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տի­րոջ Եկեղեցիին եւ անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու։

Բացի Սիւնեաց աշխարհի կուսանաց բազմաթիւ վանքերէն, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին տարբեր ժամանակներուն հաստատուած միանձ­նուհիներու եկեղեցապատկան հաստատութիւններէն, Նոր Ջուղայի Ս. Կատա­րինէ եւ Թիֆլիսի մեծահամբաւ Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքերէն, ԺԶ. եւ ԺԷ.  դարերուն նաեւ Լեհաստանի մէջ ունեցած ենք «Հայազգի բարեպաշտ տիկ­նանց» եւ «Ս. Հռիփսիմեանց» կուսանաց միաբանութիւնները։ Այս առնչութեամբ առանձնակի կարեւորութիւն պէտք է ընծայել Մարիա Պօղոսովնա անունով միանձնուհիին, որ սարկաւագուհի կը ձեռնադրուի 1653 թուականին, ուղղակի Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի կաթողիկոսէն, երբ ան Երուսաղէմէն վերադարձի ճա­նապարհին Կ.Պոլիս կը գտնուէր, հուսկ վերադառնալու համար Ս. Էջմիածին։ Անկարելի է պատկերացնել նման ձեռնադրութեան մը իրականացումը, եթէ եր­բեք Աղբակեցիի նման Հայ եկեղեցւոյ «կարգաց եւ կանոնաց» ամենայն նախան­ձայուզութեամբ փարած, հաւատարիմ ու պահպանողական կաթողիկոս մը ամ­բողջապէս համոզուած չըլլար Հայ եկեղեցիէն ներս դարէ ի դար նուիրա­գործուած սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան աւանդոյթին։

Նախնական եկեղեցիի սրբազան ակունքէն ժառանգելով մեր մայր եւ սուրբ Եկեղեցին իր ծիսական գանձարանին մէջ աւանդած է առանձնայատուկ կարեւորու­թիւն ունեցող կանոն մը, որ կը կոչուի «Ձեռնադրութիւն սարկաւագ կանանց, որք են սարկաւագուհիք»։ Սոյնը կ’աւանդուի ԺԳ. դարու հնագոյն ձեռագրերէն քանի մը օրինակումներուն շնորհիւ, ապա հետագայ դարերուն օրինակուած բազմաթիւ ծիսարան մաշտոցներու մէջ, որոնք ցայսօր կը պահպանուին Հայրե­նիքի եւ հայաշխարհի զանազան մատենադարաններու լուսաձիր յարկին տակ։ Կանայք սարկաւագուհի ձեռնադրելու այս կանոնին գոյութիւնը արդէն ԺԳ. դա­րէն միանշանակ կը վկայէ, որ սոյնը պէտք է ունեցած ըլլայ աւելի վաղ աւանդու­թիւն մը, եւ մեր «Ձեռնադրութեան մաշտոց»-ին մէջ ներառուած ըլլայ նոյնիսկ Թ. դարուն, «Ծիսարան մաշտոց»-ի առաջին կազմութեան՝ Մաշտոց Ա. Եղիվարդե­ցի կաթողիկոսի օրօք։ Այսպէս, Հայ եկեղեցին փաստացիօրէն եզակի եւ անզու­գական լայնախոհութիւն մը կը ցուցաբերէ նաեւ կանանց նուիրապետական աս­տիճան շնորհելու հարցին մէջ՝ անքակտելիօրէն միացած ըլլալով նախնական եկեղեցւոյ առաքելաշաւիղ աւանդութեան։

Անմնացորդ հիացմունք կ’առթեն ձեռնադրութեան աղօթքին հետեւեալ խօսքերը, որոնք աւելի քան երբեք ունին այժմէական հնչեղութիւն մը.

«Միածնիդ մարդեղութեամբ սրբութեամբ հաւասարեցուցիր արուն եւ էգը, ինչպէս ընդունելի էր Քեզի՝ ոչ միայն տղամարդոց, այլեւ կանանց տալ Սուրբ Հոգիին շնորհները»։

Ամբողջական ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել գրաբար բնօրինակին մէջ դրսեւորուած «հաւասարեցուցեր» (հաւասարեցուցիր) բառին վրայ, որ Ի. դա­ուն Եւրոպայի մէջ սկիզբ առած ֆեմինիստական շարժումէն առնուազն հազարամեակ մը առաջ Հայ եկեղեցին իր այս ձեռնադրութեան կանոնով կ’ամրագրէ այր մարդոց հետ կանանց իրաւահաւասարութեան իրաւունքը։

Արդարեւ, կատարուած արարողութիւնը լիարժէք ձեռնադրութիւն մըն է եւ ոչ թէ լոկ օրհնութեան սովորական կարգ մը։ Ներկայացուած խորապատկերին վրայ հաստատուած է Քրիստոսէ շնորհուած եւ առաքեալներէ գործադրուած ձեռնադրութեան խորհուրդը, որ միանգամայն նորկտակարանեան հիմքեր ունի, զոր­օրինակ Գործք առաքելոց գիրքին մէջ եօթը սարկաւագներու[4], Անտիոքի մէջ Բառնաբասի ու Սաւղոսի ձեռնադրութիւնները[5], նաեւ Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղուած Ա. եւ Բ. թուղթերուն մէջ անդրադարձը ձեռնադրութեամբ ա­նոր շնորհուած պաշտօնին մասին[6]։

Իրօք, այս այն խորհուրդն է, որ նախնական եկեղեցիին օրերէն սկսեալ անընդմէջ փոխանցուած է ու միշտ կը փոխանցուի իւրաքանչիւր ձեռնադրութեան կամ օծման արարողութեան առթիւ։ Այս այն ուղին է, որով Եկեղեցին կը պահպանէ քրիստոսաւանդ իր առաքելական ծառայութեան պաշտօնը եւ իշխանութիւնը մինչեւ օրս։ Հետեւաբար կատարուածը Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն՝ ձեռնա­դրութեան խորհուրդի լիարժէք իրականացումն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ կանանց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ հովուական եւ ծիսական որո­շակի ծառայութիւններ իրականացնելու։

Այսօրուան վիճակով՝ Հայ եկեղեցիէն ներս Թեհրանի մէջ կը գործէ ընդամէնը սարկաւագուհի մը՝ բարշ. Անի-Քրիստի Մանուէլեան անունով, իսկ կիսասարկաւագուհի մը Կ.Պոլսոյ մէջ՝ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան անունով։ Հազար ափսոս, եւ մի՛ լիցի երբեք, եթէ Հայ եկեղեցիէն ներս չարաբաստիկ օր մը վերջ գտնէ Հայ եկեղեցիին յատուկ այս հնաւանդ եւ սրբակրօն աւանդութիւնը։ Հետե­ւաբար հարկաւոր է ջանք չխնայել վերականգնելու եւ վերապրեցնելու համար զայն։ Արդարեւ, մեր Եկեղեցին ունի այդ հնարաւորութիւնները, եթէ միաժամա­նակ այս ուղղութեամբ դրսեւորուի համապատասխան պատրաստակամութիւն, եւ եկեղեցական վերադասին պատկանող որոշ կղերականներ հրաժարին իրենց ժամանակավրէպ ու խունացած, նաեւ Եկեղեցւոյ յառաջընթացը խանգարող կարծրատիպերէն։

[1] Հմմտ. Յովհ. Ա. 1, 14։

[2] Տե՛ս Carrie Frederic Frost, Schritte zur Wiederbelebung des Frauendiakonats in der Orthodoxie, Religion und Gesellschaft, 5, 2025, էջ 7–9։

[3] Հմմտ. Հռոմ. ԺԶ, 1-2։

[4] Գործք. Զ, 5-6։

[5] Գործք. ԺԳ, 2-3։

[6] Ա. Տիմ., Դ. 14 եւ Բ. Տիմ., Ա, 6։

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՆՈՐ ԸՆԾԱՅԵԱԼԸ` Տ. ԴԱՒԻԹ ԱԲԵՂԱՅ

Next Post

ՆԱԺԻ ՆԱԱՄԱՆԻ «ՀԱՐԻՒՐ … ԵՒ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

Next Post
ՆԱԺԻ ՆԱԱՄԱՆԻ «ՀԱՐԻՒՐ … ԵՒ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

ՆԱԺԻ ՆԱԱՄԱՆԻ «ՀԱՐԻՒՐ … ԵՒ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.