Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՆՈՐ ԸՆԾԱՅԵԱԼԸ` Տ. ԴԱՒԻԹ ԱԲԵՂԱՅ

 Լ. Շ.   

June 10, 2025
in Գաղութային
0
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՆՈՐ ԸՆԾԱՅԵԱԼԸ`  Տ. ԴԱՒԻԹ ԱԲԵՂԱՅ

Ոգեւոր օրեր ապրեցաւ Անթիլիասի մայրավանքը, կրկին, անցնող շաբաթավերջին (7-8 Յունիս 2025)։  Ս. Աթոռը նոր ընծայեալ մը եւս շահեցաւ, զայն բերել կապելով այն սրբազան Ուխտին, որ կը միտի տեւականացնել մեր հաւատքի դպրոցը, մշտավառ պահել Լուսաւորչի կանթեղը եւ մշակներ հայթայթել ազգային-եկեղեցական ընդարձակածաւալ անդաստաններուն …։

Սփիւռքեան մեր գօտիներէն ներս կատարուած իւրաքանչիւր հոգեւոր ձեռնադրութիւն, սարկաւագական ըլլայ անիկա, քահանայական, թէ եպիսկոպոսական, կը հրճուեցնէ մեզ անհուն ոգեւորութեամբ։

Երբեք անտեղի չէ այս ոգեւորութիւնը, յատկապէս եթէ նկատի առնուին մեզ շրջապատող ջլատիչ պայմանները, կոչումներու սուր պակասը ու կրօնաեկեղեցական առողջ կեանքը խաթարող ժամանակակից այն բազմազան մարտահրաւէրները, երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքները, որոնց մռայլ շուքին տակ ինկած է աշխարհը ամբողջ…։ Ո՞ւր պէտք է փնտռել Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ու Վանահօր այն տիպարը, որ իր միաբանակից  եղբայրներուն հեգնական ակնարկներուն դիմաց կը բացականչէր. «Իմ տաճարիս հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները իմ կամքս է, ու գմբէթն ալ ըլլալու է հաւատքս»…։

Մեր դպրեվանքերը (Երուսաղէմ, Պիքֆայա, չմոռնալով Ս. Ղազարը) կը թիավարեն հոսանքն ի վեր` անխախտ մնալու համար իրենց առաքելութեան մայր գիծին վրայ ու պահպանելու այն աւանդները, որոնք սնուցեր են մեր ազգն ու եկեղեցին։

Մասնաւորելով մեր խօսքը Կիլիկեան աթոռի Պիքֆայայի Դպրեվանքին մասին, ուրախութեամբ պէտք է հաստատել, թէ անիկա չէ ընկրկած որակեալ մարդուժ հայթայթելու իր վաղեմի նպատակադրութեան մէջ։ 95 տարուան երթը (1930-էն սկսեալ) չէ կասած։ Այնուհանդերձ, պէտք չէ մտահան ընել, թէ Դպրեվանքը լիովին չ`ապրիր կամ ամբողջովին չի շնչեր այն իտէալ մթնոլորտը, որ իրն էր… 40-ական, 60-ական, 70-ական կամ 80-ական թուականներուն։ Կեանքի, կենցաղի, մտայնութեանց, շահագրգռութեանց, ըմբռնումներու, տեսիլքներո՜ւ հսկայ վերիվայրում մը ապրուած է անցնող սա տասնամեակներուն, մասնաւորաբար 2000-ական թուականներէն ասդին։ «Աշխարհը շուռ եկած է» կ`ըսուի։ Բաւական փոփոխութիւններ կրած է նաեւ հայերէնագիտական, մատենագիտական, աստուածաբանական ու եկեղեցապատմական ճիւղերու նկատմամբ

Ժամանակակից դպրեվանեցիին կեցուածքը։ Անցեալին յաճա՛խ տեսնուող խորաթափանց հետաքրքրութիւնը իր տեղը թողած է մակերեսային ծանօթացումով բաւարարուելու ինքնագոհութեան…։ Այս մասին բաւարար է թերթատել ու ընթերցել Դպրեվանուց Տարեգիրք «Գլաձոր»-ի հին թիւերը, ուր հրաշալի երկասիրութիւններ տպուած են 17-18 տարեկան թարմատի տղոց գրչով։ Յետոյ չմոռնանք որ փոխուած է նոյնիսկ դասատուներու «խմոր»-ը…։ Անո՛նք ալ իրենց տուրքը տուած են, կամայ-ակամայ, դարուն պահանջներուն…։

Բայց այսքան վիթխարի վերիվայրումներով կամ դիմափոխութիւններով հանդերձ, Դպրեվանքը կը շարունակէ մնալ մեր միւս կրթօճախներէն հիմնովին տարբեր հաստատութիւն մը, ուր կոկիկութիւն, կարգապահութիւն, ապագայի հեռանկար եւ տոհմաշունչ ապրումներ դեռ կը յամենան կարելի չափով…։ Եւ այդքանը, խոստովանինք, գէթ սկզբնապէս կը բաւէ մեզի, որպէսզի հոն հասակ առնող մեր սիրելի տղաքը, Դպրեվանքի իրենց սեւ պարեգօտին հաւատարիմ` հետզհետէ սեւեռին դէպի կատարելատիպ կեանքի կարելի ու մատչելի բարձունքները..։

Այս մտորումները գրի առինք ինքնաբուխ մղումով` վերահասու դառնալէ ետք Կիրակի օր Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ կայացած աբեղայական նորագոյն ձեռնադրութեան, երբ կուսակրօն քահանայութեան սեւաթոյր վեղարը դրուեցաւ Դպրեվանքի հարազատ սան եւ ընթացաւարտ բրշ. Վարդան սրկ. Ասայեանին գլխուն։

Ընծայեալին ձեռնադրութիւնը կատարեց միաբանութեան երիտասարդ եպիսկոպոսներէն Տ. Տաճատ սրբազան (իրեն համար ալ երջանիկ պահ մը, քանի առաջին անգամ է որ ձեռնադրութիւն կը կատարէր), «Վարդան» անունը փոխակերպելով ԴԱՒԻԹի։

Հիմա, սա պահէն սկսեալ, Կիլիկեան միաբանութիւնը ունի ուխտապահ մը, զինուորեալ մը եւս` Տ. Դաւիթ աբղ. Ասայեան։

Մենք, որ վերջին երկու տարիներուն, դպրեվանքեան ամառնային խտացեալ դասընթացներու տեւողութեան, մօտէն հետեւեցանք Վարդանին ու մտերմացանք իրեն հետ, սիրեցի՛նք շնորհուած այս նոր անունը։

Ձեռնադրիչ սրբազանը, ամենայն հաւանականութեամբ, «Դաւիթ» անունին մէջ կ’ուզէր ապրեցնել Դաւիթ մարգարէն, սաղմոսներու անմահանուն հեղինակը։ Արդա՛ր է այս վերակոչումը։ Բայց մենք, անձնապէս (մեր աշխարհականի մտածողութեամբ), «Դաւիթ» անունին տակ ողջունեցինք Սահակ-մեսրոպեան թարգմանիչ վարդապետներէն Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան (Ե. դար) ու Սիւնեաց լեռնաշխարհի ազատարար Դաւիթ Բէկը (ԺԸ. դար)…։

Հետեւաբար, մտքի թռիչքի ու բազուկի ուժի խառնուրդ մը պիտի տեսնենք այս անունէն թելադրուող խորհուրդին տակ ու միաժամանակ պիտի յիշեցնենք, թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասեան բովանդակ ժամանակաշրջանին «Դաւիթ» անունով միաբան մը չէինք ունեցած ցարդ…։

Կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Դպրեվանքի տեսչութիւնը։ Ընծայեալն ալ կ’ողջունենք, մաղթելով որ ան դառնայ «մշակ առանց ամօթոյ»։

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ՏՆՕՐԷՆ ՄԻՍԱՔ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ 

Next Post

Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ

Next Post
Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ

Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՅՍԷՆ ԱՌԱՋ՝ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՑՄԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.