Շաբաթ օրն էր, երբ «Արարատ»ի խմբագրատունը դարձեալ լուսաւորուեցաւ, այս անգամ երաժշտական արուեստագէտի մը ժամանումով, յանձին տիար Միսաք Պաղպուտարեանի:
Արմատներով հաճընցի մայեսթրոյին համեստ ներկայութենէն օգտուելով ժամի մը չափ ունեցանք հաճելի զրոյց մը:
Տիար Միսաք Պաղպուտարեանը Սուրիոյ պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի ղեկավարն է 2003 թուականէն ի վեր։ Փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ: Ուսանած է High Institute of Music պետական համալսարանը: Սուրիոյ պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի հիմնադիր Սուլհ ալ-Ուատիի քաջալերանքով մեկնած է Իտալիա՝ կատարելագործելու խմբավարական հմտութիւնները: 1997-2002 թուականներուն ուսանած է Ֆլորանս եւ Միլանօ քաղաքներուն մէջ՝ Ալեսանտրօ Փինզաութի եւ Եուլիոս Կալմարի մօտ: Հերթաբար ղեկավարած է Ֆլորանսի «Ամատիուս», Ֆորլիի «Պրունօ Մատերնա», Միլանի «Հանս Սվարովսկի», Սոֆիայի նոր ֆիլհարմոնիկ «Pacific Symphony Orchestra» նուագախումբերը: Ղեկավարած է նաեւ Ալճերիոյ պետական սիմֆոնիկ, Դոմինիկեան Հանրապետութեան պետական սիմֆոնիկ, «Kammerphilharmonie Graubünden» նուագախումբերը, La Scala Օփերայի ակադեմիոյ «Bernasconi» անսամպլը եւ այլ նուագախումբեր։ 2010-ին ղեկավարած է Դամասկոսի օփերային թատրոնի բեմադրած առաջին օփերան՝ Մոցարթի «Le Nozze di Figaro»-ն:
Իտալիոյ նախագահէն ստացած է պատուոյ շքանշան: Պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ մետալով»: Պետական մրցանակներու արժանացած է Սուրիայէն եւ Մոսկուայի Մեծ թատրոնի (Պալշոյ Թէաթըր) բեմէն:
Ան 2024 թուականին Սուրիոյ պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին զուգահեռ նշանակուած է Դամասկոսի օփերայի տնօրէնը:
Մայեսթրոյին քոյրերը նոյնպէս երաժշտագէտներ են: Ծովակը՝ Դամասկոսի Ազգային միացեալ ճեմարանի տնօրէնուհին, ջութակահարուհի է: Գարունը՝ թաւջութակահարուհի է եւ կ’ապրի Հոլանտայի մէջ:
Մեր երաժիշտ այցելուն այժմ կը դասաւանդէ նաեւ Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն ներս:
Բարի կեցութիւն եւ սրտագին յաջողութիւններ տաղանդաշատ երաժշտագէտին: