Գաղթականներու հարցերով զբաղող ՄԱԿ-ի գործակալութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Լիզա Ապու Խալէտ յայտնեց, թէ 2025-ի աւարտին ամբողջութեամբ պիտի դադրի Լիբանան ապաստանած տեղահանուածներուն բժշկական օգնութիւններու տրամադրումը՝ ֆինանսաւորումի անբաւարարութեան պատճառով: Անոր համաձայն, այս որոշումէն ուղղակիօրէն պիտի տուժէ օգնութիւն ստացող շուրջ 80 հազար տեղահանուած մարդ: