Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Իսմայէլ Պաքայի յայտնեց, որ Թեհրան շուտով հիւլէական համաձայնութեան վերաբերող նոր առաջարկներ պիտի ներկայացնէ միջազգային ընտանիքին, մաղթելով որ Ուաշինկթըն դրական վերաբերի այդ առաջարկներուն հետ: Միւս կողմէ, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի յայտնեց, թէ կարելի չէ ստուգել Իրանի հիւլէական ծրագրին խաղաղ բնոյթը, որովհետեւ Թեհրանի իշխանութիւնները բաւարար տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր գործակալութեան: «Մենք մատնանշեցինք Իրանի մէջ եուրանիւմի հարստացումի աշխատանքներուն ծառայող երեք կեդրոն», ըսաւ Կրոսի: Այլ հարցով, գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը յայտնեց, որ ռուսական կողմին հետ քննարկած է ուքրանական Սափորոժիա հիւլէակայանին կարգավիճակը՝ ի տես երկրին մէջ ընթացող պատերազմին եւ բազմացող վտանգներուն: