Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍԻ ՄԷՋ

June 10, 2025
in Միջազգային
0
ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍԻ ՄԷՋ

 

 

Ամերիկեան իշխանութիւնները փակեցին Լոս Անճըլըսի կեդրոնական հատուածը, բացարձակապէս արգիլելով այդ շրջանին մէջ ժողովրդային հաւաքներու կազմակերպումը՝ առ ի հակադարձութիւն քաղաքի նշեալ հատուածին մէջ անցնող երեք օրերուն տեղի ունեցած անկարգութիւններուն, որոնք բռնկած էին ամերիկեան ազգային պահակագունդէն եւ բանակէն զինուորներու տեղակայումէն ետք՝ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի հրահանգով, հակառակ նահանգային իշխանութիւններու ընդդիմութեան: Ժողովրդային ցոյցերը սկսած էին որպէս հակադարձութիւն ապօրինի գաղթականները հետապնդելու մասին իշխանութիւններու որոշումին եւ այդ առնչութեամբ ապահովական ուժերու ձեռնարկած հետապնդումներուն: Ապահովական ուժերը արցունքաբեր կազ եւ ձայնային ռումբեր գործածեցին՝ ցրելու համար ցուցարարները, ոստիկանութիւնն ալ յայտարարեց 56 ցուցարարի ձերբակալութեան մասին: Նոյն ծիրին մէջ, Գալիֆորնիոյ նահանգապետը սպառնաց չվճարել դաշնակցային տուրքերը, որպէս հակադարձութիւն կեդրոնական կառավարութեան կողմէ Գալիֆորնիոյ տրամադրուած ֆինանսաւորումներու ծաւալի կրճատումին: Ան նշեց, որ իրավիճակը սրած է նախագահ Տոնըլտ Թրամփի միջամտութեան հրահանգներէն ետք:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Next Post

  ԻՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Next Post

  ԻՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.