Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ուղղուի Ամման, ընդառաջելով Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրին: Այցելութեան ընթացքին, Աուն յորդանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Նախագահը ներքին ապահովութեան ուժերը շնորհաւորեց կազմաւորումի 164-րդ տարեդարձին առիթով, շեշտելով որ այս սովորական հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ նուիրումի խորհրդանիշ: