Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյման եւ տիկ. Ուաֆա Սլէյման Եարզէի իրենց բնակարանին մէջ կազմակերպեցին ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի: Նախագահ Աունի կողքին, ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու տիկինը՝ Ռանտան, վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու կողակիցը՝ տիկ. Սահարը, ինչպէս նաեւ շարք մը բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ: Ներկաները արծարծեցին ազգային շարք մը հրատապ թղթածրարներ եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Անոնք շեշտեցին Իսրայէլի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի քաշուի լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ վերջ տայ շարունակական խախտումներուն՝ հովանաւորութեամբ զինադադարի գործադրութեան հետեւող միջազգային յանձնախումբին: