Կը սպասուի, որ 16 Յունիսին սկսի Լիբանանի մէջ տարածուած պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ կուտակուած զէնքերը լիբանանեան բանակին յանձնելու ծրագրին գործադրութիւնը: Այսուհանդերձ, տակաւին յստակ չէ, թէ լիբանանեան-պաղեստինեան բարձրաստիճան համաձայնութեամբ մշակուած ծրագիրը պիտի գործադրուի՞ այդ թուականին կամ ընդհանրապէս, թէ՞ ոչ: Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Էլիաս Հանքաշ դիտել տուաւ, թէ գուցէ ըլլայ որոշումի գործադրութեան թեքնիք յետաձգում, սակայն հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ լիբանանեան բանակը յանձնառու կը մնան որոշումի գործադրութեան, թէեւ պաղեստինեան կարգ մը կազմակերպութիւններ գուցէ դժգոհին զէնքը յանձնելու պարտաւորութենէն: «Ժամանակը հասած է, որ Լիբանանի պետութիւնը պարտադրէ իր կամքը եւ ամրապնդէ հեղինակութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին՝ սկսեալ գաղթակայաններէն», շեշտեց Հանքաշ: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ֆէտի Քարամ իր կարգին պահանջեց, որ համաձայնութիւնը գործադրելու ժամկէտը չփոխուի, որովհետեւ խօսքեր արտասանելու ժամանակաշրջանը աւարտած է ու պէտք է անցնիլ գործի: Անոր կարծիքով, Դիմադրութեան ճակատը գաղթակայաններուն զէնքը կը համարէ իր սեփական զէնքը պաշտպանելու առաջին գիծ: Ազգային ազատ հոսանքի «Ուժեղ Լիբանանը» համախմբումի անդամներէն երեսփոխան Ղասսան Աթալլա իր կարգին ազգային առաջնահերթութիւն մը որակեց պաղեստինեան զէնքի հարցին լուծումը, հաւաստիացնելով որ պետութիւնը բաւարար ուժ եւ աջակցութիւն ունի գործադրելու այս ծրագիրը: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Պիլալ Ապտալլա իր կարգին պնդեց, թէ գաղթակայանները ապազինելու որոշումէն յետդարձ չկայ: «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» խմբակցութեանի երեսփոխաններէն Քասէմ Հաշէմ միւս կողմէ նշեց, թէ այս շաբաթ հաղորդակցութիւնները պիտի բազմանան՝ լուծումներ գտնելու համար գաղթակայաններու զէնքի թղթածրարին: