Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

June 10, 2025
in Լիբանանեան
0

 

 

Անցեալ Հինգշաբթի օր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ շարք մը դիրքերու ռմբակոծումէն ետք, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը եւ անօդաչու սարքերը շաբաթավերջին շարունակեցին  սաւառնիլ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վերեւ: Կիրակի օր, զինադադարին հետեւող միջազգային յանձնախումբը լիբանանեան բանակէն պահանջեց խուզարկել հարաւային արուարձաններու Մրէյժէ շրջանի շէնքերէն մէկը եւ ստուգել, թէ կառոյցը Հըզպալլային կողմէ կը գործածուի զէնք արտադրելու եւ մթերելու համար: Կարճ ժամանակ ետք լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ այցելած է նշեալ վայրը եւ որեւէ զէնք չէ գտած շէնքին մէջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ի տես Իրանէն զինամատակարարումի գիծերու խափանումին, Հըզպալլա սկսած է Լիբանանի մէջ արտադրել անօդաչու սարքեր՝ օգտուելով ուքրանական փորձառութենէն, մանաւանդ որ նման սարքերու արտադրութիւնը աւելի դիւրին է հրթիռներու եւ այլ զէնքերու արտադրութենէն եւ այդ կարելի է իրականացնել հակառակ տարածաշրջանային ճնշումներուն:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ անցեալ Կիրակի օր իսրայէլեան երկու անօդաչու սարք ջախջախուած է հարաւարեւելեան Հուլայի եւ հարաւարեւմտեան Պէյթ Լիֆ գիւղերուն մէջ, առանց պատճառելու մարդկային կորուստ կամ նիւթական վնաս: Լիբանանեան բանակը անյապաղ ուղղուած է ջախջախումի վայրեր եւ սարքերը փոխադրած ապահով վայր, զանոնք քննելու նպատակով:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 33 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

  ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՀԱՐՑՈՎ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Next Post

  ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՀԱՐՑՈՎ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.