«ԱՐԱՐԱՏ», 1-6 Յունիս 1970
Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրները որո՞նք էին։
Հայ իրականութեան մէջ ամէն ոք չէ որ պիտի կարենայ պատասխանել այս հարցումին։ Ոմանք թերեւս պիտի տան Փարամազի անունը, ուրիշներ՝ Սարգիս Տխրունիի…։
Հարցում մըն է այս, որ մեզ կը տանի մինչեւ 138 տարի ետ ու մեր դիմաց կը հանէ կովկասահայ սոցիալիստ (ընկերվարական) գործիչներու փաղանգ մը։ Այդ գործիչներուն մէջ կայ մէկը, որուն դասական ու շատ ընդհանրացած մէկ դիմանկարը, հինէն իվեր, տպաւորած է զիս։ Արտակարգօրէն առատ եւ ուռած գանգուր մազերով օժտեալ գլուխ մը, պատկառելի սեփ-սեւ մօրուք մը, պճլտուն աչքեր եւ շղթայէ հնամենի ակնոց մը՝ քիթին վրայ…։ Վիզին ալ՝ լայնաթեւ թիթեռնիկ փողկապ մը…։ Լուսանկարին տակ գրուած է «Աւետիս Նազարբէկ»։
1887-ին Ժընեւի մէջ կեանքի կոչուած Հնչակեան կուսակցութեան ամէնէն երեւելի հիմնադիրն էր Նազարբէկը։ Ծնունդով Թիֆլիսէն էր (1866)։ Կ՛ըսուի, թէ ան կը պատկանէր կուսակցութեան ծայրայեղ ձախ (մարքսիստ) թեւին, այնքան որ՝ 1933-ին, երբ տարիքը առած էր արդէն, նախընտրեց իր կեանքին վերջալոյսը անցընել Խորհրդային Միութեան մէջ։ Արդէն տարիներ առաջ անդամակցեր էր Կոմունիստ կուսակցութեան։ Գնաց հաստատուեցաւ Մոսկուա ու այնտեղ կնքեց իր մահկանացուն ստալինեան դաժան վարչակարգի շուքին տակ, 1939-ին։ Ծանօթ էր նաեւ իբրեւ բանաստեղծ՝ «Լեռենց» գրչանունով։ Իր մասին իմ գիտցածը, ընդհանուր գիծերու մէջ, ա՛յսքան է։
Բայց ինչո՞ւ յիշատակեցի Աւ. Նազարբէկը։
«Արարատ»-ի այս շաբթուան թիւին մէջ արտատպումներ կատարուած են մոսկուաբնակ գրականագէտ ու թատերագէտ փրոՖ. Արշալոյս Արշարունիի յուշերէն, որոնք կը վերաբերին Աւ. Նազարբէկի։
Արշարունի (1896-1985) կը պատմէ որ Նազարբէկին ծանօթացաւ 1936-ին, Մոսկուայի Գրողներու տան մէջ։ Բարեկամութիւն ստեղծուեցաւ իրենց միջեւ։ Նազարբէկ, իր ռուս կնոջ հետ (ըստ երեւոյթին բաժնուած էր իր առաջին կնոջմէն՝ Մարոյէն, ու վերամուսնացած — Լ.Շ.), կը բնակէր խորհրդային մայրաքաղաքի «Յեղափոխութեան վեթերաններու տուն»-ը, պետական հոգածութեամբ եւ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ։ Այդ շրջանին ան արդէն գրած էր եղեր Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան Ա. հատորը եւ կ՛ուզէր զայն հրատարակել։ Ձեռագիրը յանձներ էր Հայաստանի պատմութեան հիմնարկի մարքսիզմ֊լենինիզմի բաժնին։ Բայց գործին հրատարակութիւնը կ’ուշանար եւ Նազարբէկ մտահոգ էր։ «Արդեօք չի՞ կորել…», կը մտմտար ան։ Քանի մը տարի անց Նազարբէկ պիտի մահանար։
Անխուսափելի է հարցումը. այդ պատմագիրքը հրատարակուեցա՞ւ արդեօք, կամ՝ գոնէ պահպանուա՞ծ է ձեռագիրը, կամ՝ կը տարբերէ՞ր ատիկա Արսէն Կիտուրի երկհատոր պատմագրքին բովանդակութենէն։ Ո՞վ գիտէ։
Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեան (գրականութեան տոքթոր Սորպոնէն) երկարօրէն դեգերած է ԺԵ.-ԺԶ. դարու իտալացի պետական գործիչ Մաքիավէլիի «Իշխանը» հատորին շուրջ, հոնկէ երեւան բերելու համար որոշ գաղափարներ՝ ի մասին «դիւանագիտութիւն» ըսուած պետական խորամանկ մտածողութեան եւ գործելաձեւին։
Տեղական գաղութային լուրերէն մէկն է Լիբանանահայ գրական շրջանակի ակումբին պաշտօնական բացումը, 23 Մայիսին։ Այս նոր կեդրոնատեղին, որուն վայրը Ելեկտրական ընկերութեան դիմացն է եղեր, նախապէս պատկաներ է Վերածունդ միութեան։ Բացման արարողութեան ներկայ եղեր է Խորհրդային Հայաստանի կրթական նախարարի Ա. տեղակալ, բանաստեղծ եւ գրող Գուրգէն Բորեան։ Շրջանակին ու ակումբին նախագահը՝ բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեան, ողջուներ է ներկաները։ Թերթը կը հաւաստիացնէ որ «հիմա երբ Գրական շրջանակը կ՛օժտուի իր սեփական շքեղ ակումբով, մշակութային գործունէութեան շատ աւելի լայն դաշտեր կը բացուին իր առջեւ»։ Այդ «լայն դաշտեր»-ը, այո՛, տեսանելի մնացին 30-35 տարի, գոնէ մինչեւ 2000-ականներու սկիզբը։ Յետոյ ամայութիւնը, ձեռնթափութիւնն ու ինքնալուծարումը բաժին ինկաւ նաեւ Գրական շրջանակին, ինչպէս է պարագան մշակութային մեր կառոյցներէն շատ֊շատերուն…։
Այլ լուր մը կը վերաբերի Դպրոցասէր կանանց ընդհանոր միութեան Պէյրութի մասնաճիւղին, որ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեր է Մայրերու օրուան առիթով, Շիրակ ճաշարանին մէջ։ Խօսք առեր է վարչութեան փոխատենապետուհին՝ տիկ. Արշալոյս Նաճարեան։ Բանախօսեր է տիկ. Դաւիթեան։ Յստակ չէ թէ Միութիւնը Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանի՞ն կապուած խմբաւորում մըն է, թէ՞ ոչ։
Զահլէի մէջ բացումը կատարուեր է Հ.Մ.Մ.-ի նոր ակումբին (31 Մայիս), Պէյրութէն ալ համակիրներու մասնակցութեամբ։ Բացման խօսք արտասաներ է Տիգրան ՍարաՖեան։ Այնուհետեւ սրտի խօսքերով արտայայտուեր են օրդ. Սիլվա Ճէրէճեան, ընկերներ Աբրահամ Աշըգեան, Գէորգ Տարօնի եւ Գաբրիէլ Մոլոյեան (արաբերէն)։
Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարները (իրենց տիկիններով) ընթրիքի սեղանի մը շուրջ բոլորուեր են` ի պատիւ հայրենի գրող Գուրգէն Բորեանի, Ալ Քասըր ճաշարանը (26 Մայիս)։ Բաժակաճառեր արտասաներ են ընկերներ Յարութիւն Կուժունի, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Աւ. Տէմիրճեան, Հրանդ Գանգրունի, Պէպօ Սիմոնեան, Տիգրան ՍարաՖեան եւ Յ. Աբարտեան։ Հայրենի գրողը այդ օրերուն Լիբանան կը գտնուի եղեր` ընկերակցելով Հայաստանի պարի պետական համոյթին, որ ելոյթներ տուեր է Փիքատելլի թատրոնին մէջ։
Հայաստանի մէջ իր մահկանացուն կնքեր է դերասանուհի Օլգա Գուլազեան։ Եւ ինչպէս սովորութիւն էր այն ատեն՝ մահագոյժին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրեր են Հայաստանի Կոմկուսի Կենտրոնական Կոմիտէն, Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն Սովետի նախագահութիւնը եւ Հայկական ԽՍՀ Մինիստրների Սովետը։ Ողբացեալը թատրոնի մեծ վարպետ է եղեր եւ «ժողովրդական արտիստուհի»։
Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան» թերթը խմբագրականով մը (որ արտատպեր է «Արարատ») անդրադարձեր է արտագաղթի աւերիչ հետեւանքներուն։ Թերթը իր մտորումներուն առանցք դարձուցեր է Խորհրդային Հայաստանի առաջին տարիներու ղեկավար դէմք Ալ. Միասնիկեանի մէկ արտայայտութիւնը, որ հետեւեալն է. «Դէպի հայրենիք վերադարձը ապրող հայութեան ամէնօրեայ տիրական մտածումը դառնալու է, որպէս ամէնօրեայ աղօթք եւ երազ ամէն գիշերի»։ Մէջբերումին աղբիւրը չէ նշուած։ Սակայն զարմանալի է որ համայնավար բարձրաստիճան գործիչ մը «ամէնօրեայ աղօթք»-ի կ՛ակնարկէ, երբ գիտենք որ խորհրդային շրջանակներու մէջ աղօթք ու եկեղեցի հիմնովին անտեսուած բաներ էին…։
Վախճանեալ Շաւարշ եպս. Գույումճեանի մասին վերյիշումներով լի մահագրական մը ստորագրեր է Կ. Ա. Չալըքեան։ Ան կը պատմէ որ սրբազանին դասընկեր եղած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին մէջ, 20֊ական թուականներուն։ Մատթէոս (սրբազանին աւազանի անունը) պատանի տարիքէն խիզախ ու չարքաշ նկարագիր մը ունէր։ Ուսումնատենչ էր եւ ունէր լեզուներ սորվելու բնատուր կարողութիւն։ Եւ արդէն, Սրբոց Յակոբեանց վանքին անվերջանալի դատական գործերը անձամբ վերահսկելու նպատակով ` հետեւած էր իրաւաբանական ուսման եւ տիրացած փաստաբանի վկայականի…։ Ըստ յօդուածագրին, Շաւարշ սրբազան ձեռնամուխ եղած էր Օրմանեանի «Ազգապատում»֊ին շարունակութեան, սակայն հիւանդութիւնն ու մահը խափաներ էին այդ ծրագրին լրումը (գիտենք, որ աւելի ուշ, Ամերիկայէն Տ. Զաւէն աւ. քհնյ. Արզումանեան ի’նք ձեռնարկեց այդ գործին ու գլուխ հանեց զայն երեք հատորով ֊ Լ. Շ.)։ Կը նշուի նաեւ, թէ «հայութենէ այլասերած երկու սինլքոր դատարկապորտներ» ոճրափորձ մը կատարեցին սրբազանին վրայ, Դամասկոսի ազգ. առաջնորդարանին մէջ։ Եկեղեցական պայքարի տարիներն էին…։
«Արարատ» նոր թերթօն մը սկսեր է այս շաբաթ։ «Սիրոյ կայծը կամ գաղտնի ոստիկան Վիպեռի յիշատակները»։ Արկածալից վէպ մըն է եղեր իրական կեանքէ։
Այժմ ակնարկ մը նետենք ազգային ծանուցումներուն վրայ։
֊ Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը գրական-գեղարուեստական երեկոյթով մը պիտի ոգեկոչէ եղեր Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի յիշատակը (իր Ֆեսթիվալին առիթով)։ Խօսք պիտի առնեն եղեր Սիսակ Վարժապետեան, Լեւոն Վարդան եւ փրոՖ. Խալիլ Հաուի (արաբերէն)։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն եղեր Յակոբ Կիւլոյեան (ասմունք) եւ տիկ. Զ. Պուճիգանեան (նուագ)։ Վայր եւ թուական՝ Կոմիտաս սրահ, 2 Յունիս։
— Նոր ՍԵրունդ մշակութային միութեան «Արտաւազդ« թատերախումբը նոր վարագոյր մը պիտի բանայ եղեր՝ բեմ հանելով Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»–ը։ Բեմադրիչ՝ ԼութՖի Թապագեան։ Կարապետ Հաննէսեան, ակնարկի մը մէջ, կը գրէ որ մանուկները շատ տպաւորուեր էին այս փիէսէն։ «Գրական էջ»֊ն ալ այս շաբաթ իր սիւնակները ամբողջովին նուիրեր է «Քաջ Նազար»֊ին։ Արտատպուեր է հատուած մը թատերակէն, ծանօթացուեր է Դերենիկ Դեմիրճեանը՝ կենսագրութեամբ ու թատերական իր վաստակով ։
– Ամռան եղանակը մեր միութիւնները շարժման անցուցած է։ Եոզղատի եւ Շրջակայից հայրենակցական միութիւնը դաշտագնացութիւն մը կազմակերպեր է դէպի ՊիքՖայայի Տահր էլ-Պէզ սրճարանը, Յունիս 7-ին, լման Կիրակի մը հաճելի ժամեր խոստանալով մասնակիցներուն։ Ճիշդ նոյն օրը այլ դաշտագնացութիւն մըն ալ կազմակերպեր է Համախարբերդցիական միութիւնը, դէպի Աժալթունի «Քազինօ Ֆլորիտա» զբօսավայրը։ Իսկ 14 Յունիսին դէպի Հաճ Իլիասի գեղատեսիլ «Քազինօ Համետինա» դաշտագնացութիւն կազմակերպեր է Պուրճ Համուտի Հ.Մ.Մ.֊Մասիսը։
— Թենոր Խաչիկ Փիլիկեան դասական երգերու մենահամերգով մը հանդէս պիտի գայ եղեր «Զիրիապի 1100֊ամեակին առիթով»։ Դաշնակով պիտի ընկերակցի փրոՖ. Միշէլ ՉեսքինոՖ (Ամերիկեան համալսարանի Չէփըլին մէջ, Յունիս 13)։ Հովանաւորներն են Իտալական մշակութային կեդրոնն ու Արաբական մշակութային միութիւնը։ Իդէպ, Զիրիապ Անտալուզի մէջ (Սպանիա) Թ. դարուն ապրած արաբ նշանաւոր երաժիշտ մըն էր։
– Վահէ Օշական Բ. մասով մը պիտի շարունակէ եղեր «Արեւմտահայ վէպին ծագումը» խորագրեալ իր դասախօսութիւնը, Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամպիոնի ժողովրդային լսարանի հերթական շարքով (3 Յունիս, գոլէճի հանդիսասրահը)։
– Սահակեան շրջանաւարտից միութիւնը իր անդամները պտոյտի պիտի տանի եղեր դէպի Դամասկոս (7 Յունիս)։
– Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Կրթական յանձնախումբը Ալէյի մէջ «Ամառնային վարժարան» մը պիտի բանայ եղեր՝ պրն. Երուանդ Ակիշեանի ղեկավարութեամբ։ Տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու ամիս (15 Յուլիս-15 Սեպտեմբեր) ու պիտի դասաւանդուին հայերէն (յատկապէս օտար վարժարան յաճախողներու), արաբերէն, անգլերէն եւ թուաբանութիւն։ Օթոքարի սպասարկութիւն ալ կայ։
– Պետական երաժշտանոցի երկու հայ ուսուցիչներ՝ Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան եւ Կարապետ Չատըրեան հայ երգի համերգով մը հանդէս պիտի գան եղեր Յունիս 6-ին, Գ. Կիւլպէնկեան սրահը։
– Հ.Բ.Ը.Մ.֊ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի տարեկան քերմէս-պազարը պիտի կայանայ եղեր 7 Յունիսին, դպրոցին «ընդարձակ եւ դալարագեղ պուրակին մէջ»։