Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒԿԻ ՔԵՌԻՆ

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

June 5, 2025
in Յօդուածներ
0

 

– Ձեռագործով հագուստ հագած, եկած ես կրթաթոշակի զե՞ղչ ուզելու: Չենք կրնար տալ:

– Ձեռագործով հագուստս, ի՛մ ձեռքիս գործն է: Կ’ուզէիք որ անարգէի ձեզ եւ լուացքի հագուստո՞վ գայի: Լա՛ւ գիտէք որ դերձակուհի եմ, ոչ միայն ձեր դպրոցի հանդէսներուն, այլ շատ մը մայրապետներու տարազներն ալ սիրայօժար, ձրիաբար ե՛ս կը կարեմ:

Սրբուհի Ագնէս վարժարանի տնօրէնուհիին՝ մայրապետին եւ մօրս միջեւ եղած խօսակցութիւն մըն է այդ, 1962-ին: Մեծ քոյրս՝ Անահիտը նոր աւարտած է նախակրթարանը: Իրենցմով պիտի սկսին միջնակարգ դասարանները, կրկնապատկելով կրթաթոշակները:

Հո՛ս է որ հասած էր Սուկի քեռիին բարերար եւ փրկարար միջամտութիւնը: Փրկարար, որովհետեւ մեր ընտանիքի երեք զաւակներն ալ ձերբազատուեցան այդ օրերու նեղմիտ, ծայրայեղ եւ մոլեռանդ մտայնութեամբ կրթութիւն ջամբող կաթոլիկ վարժարաններէն: Երեքս ալ արձանագրուեցանք Հ.Բ.Ը.Միութեան լայնախոհ շրջանակի մը վարժարաններէն ներս: Անահիտը՝ Դարուհի-Յակոբեան (այդ օրերուն աղջկանց), Հերմինէն եւ ե՛ս՝ Լեւոն Կ. Նազարեան:

Զոյգ վարժարաններուն տնօրէններն ալ մտերիմ էին Սուկի քեռիին: Հետեւաբար, ի՛ր բարեխօսութեամբ, սկիզբը ունեցանք բաւարար զեղչ, իսկ տարիներ ետք, որպէս փայլուն աշակերտներ, եղանք սան, ուսանելու համար անվճար:

Լուրը տարածուած էր: Կաթոլիկ երկու վարդապետներ, ժողովրդապետը եւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը ներկայացան մեր տունը: Տէր Կղմես Մալճեան եւ Տէր Մանուէլ Պաթագեան: Հազիւ 5-6 տարեկան մանուկ, իրենց այցելութեան պատկերը աչքիս առջեւն է տակաւին:

Զեղչ տալ չուզողները հիմա պատրաստ էին մեր երեքն ալ ձրիաբար ընդունելու:

Ուշ էր արդէն: Կտրուկ կերպով մերժուեցան:

Սուկի քեռին՝ յանձին Սուքիաս Թագաճեանին, բոլորին կողմէ յարգանք վայելող, ազնիւ ոգիով, բարեսիրտ, գիր-գրականութեան նուիրուած, մտաւորական անձնաւորութիւն մըն էր: Արժանաւոր զաւակը՝ պատմութեան մէջ իր հետքը ձգած զէյթունցի Բարդողոմէոս վարդապետի գերդաստանին:

Զէյթունի ապստամբութիւն-ինքնապաշտպանութեան 1895-ի յաղթանակէն ետք, Թագաճեան վարդապետի դէպի երկինք բարձրացած սուրին տակէն գլխիկո՛ր անցած էին թուրք գերիները:

Սուկին երկկողմանի ազգական էր: Հօրս հօրաքրոջ կողմէ, մօրս՝ մօրեղբայրին: Իրեն կը պարտիմ գիր-գրականութիւն սիրելու հակումներս: Կը զմայլէի իր պատէ-պատ գրադարանին վրայ: Կ’երազէի նոյնը ունենալ:

Ամէն առիթի՝ Նոր տարի, վկայական, տարեդարձ, գիրք կամ բառարան կ’ըլլար իր նուէրը: Մինչեւ այսօր, աւելի քան 65 տարիէ կ’օգտագործեմ իր նուիրած բառարանները:

Ոչ միայն մեր ընտանիքին, այլ մօրաքրոջս՝ Եղսային մէկ հատիկ տղուն համար ալ հասած էր բարեխօսելու: 1967-ի պատերազմէն ետք, Եգիպտոսէն Լիբանան փոխադրուած էին: Արմէնը պէտք էր դպրոց արձանագրուէր: Այդ օրերուն Վահան Թէքէեան վարժարանը մօտ 1200 աշակերտ ունէր: Տնօրէն պարոն Պապայեանը երբ կ’առարկէ, թէ դասարանները տեղ չկայ, թէ ամէն մէկ դասարան արդէն 42 հոգի եւ աւելի են, Սուկի քեռին կը պնդէ՝ ըսելով. «Եթէ աթոռ դնելու տեղ չկայ, աղբամանը ծուռ դարձուր, վրան թող նստի: Առանց դպրոցի, առանց ուսումի չենք կրնար ձգել փոքրիկը»:

Թ.Մ.Մ., Ռամկավար, Բարեգործականի լայն շրջանակը, իր բոլոր ղեկավարներով, գիտէին թէ Սուքիասը մեր Սուկի քեռին էր:

Մօրեղբայրս ալ՝ Պետրոս Քէօշկէրեան, նոյն շրջանակին մօտիկ էր, բայց սկիզբէն յանձնարարած էր հօրս որ չըլլայ, չըլլա՛յ գիտնան թէ ինք մեր հարազատ մօրեղբայրն է՝ քեռին: «Ինչո՞ւ»-ն չէինք գիտցած, կռահելու ալ կարիքը չկայ: Սրտերը կարդացողը Աստուած է:

Տարիները սահեցան, անցան: Անահիտը համալսարան է, Հերմինէն՝ Դարուհի, ես՝ Յովակիմեան: Երեքս ալ փայլուն աշակերտներ: Անահիտը՝ գերազանց արդիւնքներով, Հերմինէն՝ դպրոցին պարուսոյցը: Բոլոր աշակերտութեան կողմէ ընտրուած դպրոցի ընկերասէր-ծառայասէր աշակերտուհին: Ես՝ բեմերու վրայ, ասմունք, թատրոն, գեղարուեստ:

Հարազատ քեռիս, Պետրոսը, սկսած է Թ.Մ.Մ., Ռամկավար, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն օրուան նախագահը ըլլալ:

Առիթով մը, առ ի շնորհակալութիւն, ամբողջ ղեկավարութիւնը Պետրոսին տունն են այցելութեան, ընթրիքի:

Բոլորը անակնկալի գալով, շշմած կը լսեն Պետրոսի «տարօրինակ» հարցումը. «Քրոջս զաւակները ինչպէ՞ս են դպրոցին մէջ»: Վստա՛հ մէկ կողմէն  White Horse Whiskey-ին ներգործութիւնը կայ, միւս կողմէ ալ հպարտութիւն ներշնչող մեր փայլուն աշակերտներ ըլլալը:

– Ո՞ր զաւակները:

– Արապեանները՝ Անահիտը, Հերմինէն, Պերճը:

Բոլորը ապշած կը նային Սուկի քեռիին: Անձամբ ներկայ էի պատահարին: Երկար տարիներէ իրենք գիտեն որ Սուքիասն է մեր քեռին, Պետրոսը ուրկէ՞ ելաւ: Երկուքը եղբայրներ չեն, մէկը՝ Քէօշկէրեան, միւսը՝ Թագաճեան:

Յաջորդ օր, Դարուհիի տնօրէնուհին՝ տիկին Սօսի Պետիկեան, պատահածէն ապշահար մնացած, իր գրասենեակը կը կանչէ աշակերտուհի քոյրս՝ Հերմինէին:

– Պետրոս Քէօշկէրեանը ի՞նչդ կ’ըլլայ:

– Մօրեղբայրս, քեռիս:

– Հիմա Պետրոս Քէօշկէրեանը քեռի՞դ է:

– Այո՛:

– Այսինքն մամայիդ եղբա՞յրը:

– Այո՛:

– Մամայիդ հարազա՞տ եղբայրը:

– Այո՛:

– Այդ պարագային Սուքիասը ի՞նչդ կ’ըլլայ:

Սուքիասը մեր հոգատար, իսկակա՛ն քեռին էր, իսկ Պետրոսը՝ արիւնակցական կապով:

Ճիշդ այդ պատճառաւ ալ կեանք մը ամբողջ երախտապարտ մնացի Սուկի քեռիին: Ամէն անգամ որ ոտք կոխէի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, պարտք կը զգայի անպայման այցելել իրեն եւ իր ազնիւ ընտանիքին, նոյնիսկ երբ երկու գիշեր եւ երեք ցերեկ մնայի միայն:

Աստուած հոգին լուսաւորէ Պետրոս քեռիին:

Բի՜ւր յարգանք Սուկի քեռիին՝ Սուքիաս Թագաճեանի անմա՜ր յիշատակին:

Լոյսերու մէջ ննջեն երկուքն ալ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ – ՀՈՒՆՁՔ 2025

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 33 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 33 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.