Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ շարք մը կողմեր կը փորձեն ապակայունութիւն յառաջացնել Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ եւ լարուածութիւն հրահրել: Նախապէս, իսրայէլեան բանակը յայտարարած էր, թէ սուրիական հողերէն արձակուած հրթիռներ ինկան բռնագրաւեալ Կոլանի բաց տարածութիւններու մէջ, առանց պատճառելու մարդկային կամ նիւթական վնաս: Որպէս հակադարձութիւն, իսրայէլեան հրետանին եւ օդուժը շարք մը դիրքեր հարուածեցին Սուրիոյ հարաւային Տարաա գաւառին մէջ: Հրթիռարձակումը ստանձնեց «Մոհամմատ Տայֆի փաղանգներ» կազմակերպութիւնը, խոստանալով յարձակումները շարունակել, մինչեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի դադրեցումը: Յիշեցնենք, որ Մոհամմատ Տայֆ Համասի «Քասսամ» զինեալ թեւի նախկին հրամանատարն էր, որ ահաբեկուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն ձեռամբ: