Լաւատեսութեան ալիքէ մը ետք, Ուքրանիոյ դէմ ռուսական պատերազմին եւ Իրանի հիւլէական ճգնաժամին լուծումին միտող բանակցային լաւատեսական յոյսերը անհետացան, փոխարինուելով յոռետեսութեամբ եւ նորանոր սպառնալիքներով: Ռուս-ուքրանական ճակատին վրայ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարծիք յայտնեց, թէ Քիեւի իշխանութիւնները խաղաղութիւն չեն ուզեր եւ «ուքրանական ոճրագործութիւններուն նպատակն էր ձախողեցնել Իսթանպուլի բանակցութիւնները»: Նշենք, որ ուքրանական հետախուզութիւնը անօդաչուներով լայնածաւալ յարձակում գործեց ռուսական խարիսխներու վրայ, ճիշդ այն ատեն, երբ Իսթանպուլի մէջ կը կայանար ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններուն հանդիպումը: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի միւս կողմէ յայտնեց, թէ բանակցային պատուիրակութիւններու ներկայի կազմով անիմաստ է շարունակել բանակցութիւնը:
Իրանի թղթածրարին հարցով, Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէի յայտնեց, թէ «Միացեալ Նահանգներ պիտի չյաջողի թուլացնել մեր հիւլէական ծրագիրը եւ Թեհրան պիտի չհրաժարի եուրանիւմի հարստացումէն»: