Երէկ առաւօտեան պաշտօնապէս վերստին սկսաւ գործել Լիբանանի հիւսիսային Արիտա սահմանային անցակէտը, որ կը համարուի Աքքարը Սուրիոյ կապող գլխաւոր անցակէտերէն մէկը: Արիտան իսրայէլեան հարուածներով կործանուած էր վերջին պատերազմին ընթացքին, սակայն վերականգնումի աշխատանքները վերջերս աշխուժացան՝ անյապաղ վերաբանալու համար սահմանային կէտը: Սուրիոյ ցամաքային եւ ծովային անցակէտերու ընդհանուր խորհուրդը իր կարգին յայտարարեց, թէ հակառակ վերականգնումի աշխատանքներու շարունակութեան, որոշուած է անցակէտը վերաբանալ Ահտհայի տօնին նախօրէին՝ դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն փոխադրութիւնը: