Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի օգնական, Ամալ շարժումէն ընտրուած երեսփոխան, նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնուեցաւ արդարադատութեան լուսարձակին տակ, երբ անոր եղբայրը ամբաստանուեցաւ կեղծ դեղորայքի վաճառականութեամբ զբաղելու եւ օրինական ոլորտին 300 միլիոն տոլարի վնաս պատճառելու մէջ: Ալի Հասան Խալիլ մեկնաբանեց թղթարարը եւ պնդեց, թէ որեւէ կապ չունի իր եղբօր եւ անոր նախկին կնոջ վերաբերող թղթածրարին հետ, նիւթը որակելով զուտ դատական թղթածրար մը, որ պէտք է ընթանայ իր բնականոն հունով: «Կը շեշտենք դատական բոլոր նիւթերը իրենց յարմար տեղը քննարկելու անհրաժեշտութիւնը, հեռու քաղաքական եւ այլ միջամտութիւններէն», ըսաւ Ալի Հասան Խալիլ: