Լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը եւ հետախուզական ծառայութիւնները երէկ խուզարկումներ կատարեցին Պաալպաք քաղաքի Շարաունէ եւ Թել Ապիատ թաղամասերուն մէջ, որոնելով կասկածելիներ եւ արգիլուած նիւթեր: Գործողութիւններուն ընթացքին կարելի եղաւ յայտնաբերել եւ գրաւել մեծաքանակ զէնք, զինամթերք եւ արգիլուած նիւթեր, մինչ զինեալները կրակ եւ հրթիռներ արձակեցին օդը՝ խափանելու համար խուզարկումները: