Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր վիճակն ու կառավարութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան խախտումները: Ռաատ բարեկամական որակեց Սալամի հետ հանդիպումը, տեղեկացնելով թէ որոշուած է առարկայական եւ խոհեմ լուծում գտնել զէնքի թղթածրարին, այնպէս որ Լիբանան պաշտպանուի իսրայէլեան ոտնձգութիւններէն: Նախագահը շեշտեց, թէ «մեր որոշումները կը կայացնենք քաղաքական գլխաւոր ուժերուն հետ հաղորդակցելու եւ վերականգնումի ծրագիրը արծարծելու միջոցաւ»: