Միջազգային դրամատան տարածաշրջանային տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարիէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ քննարկեց լիբանանեան 14 ոլորտներ բարեկարգելու ծրագրին մանրամասնութիւնները եւ գործադրութեան փուլերը: Ան խոստացաւ շուտով հրապարակել ծրագրին մանրամասնութիւնները, դիտել տալով, որ այդ արդէն իսկ գործադրուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: