Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԴ, ՀԱՆԴ ԵՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

  Լ. Շ.

June 3, 2025
in Յօդուածներ
0

«Հանդ» բառին հանդիպա՞ծ էք երբեւիցէ ձեր ընթերցումներուն ընթացքին։
Համաստեղ, Մնձուրի, Բակունց կամ Գալշոյեան իրենց գիւղագրութիւններուն մէջ առատօրէն կը գործածէին այս բառը, որ կը նշանակէ դաշտ, արտ, մշակելի հող, արօտավայր։
«Գիւղացիները ամբողջ ընտանիքով կ‏‏‏՛աշխատին հանդերուն մէջ», կը գրեն մեր գիւղագիրները իրենց նկարագրական էջերուն մէջ։ Կամ, եկէ՛ք յիշենք արեւելահայ սիրուած մանկագիր Ղազարոս Աղայեանի նշանաւոր «Ճախարակ» ոտանաւորը, որուն մէջ այդ նախնական ու խեղճուկ գործիքը բանաստեղծին համար դարձած էր աղքատութեան ու չքաւորութեան դէմ պայքարելու խորհրդանիշ մը։ Հո՛ս եւս գործածուած է «հանդ»-ը.

Մանի՛ր, մանի՛ր, իմ ճախարակ,
Մանի՛ր սիպտակ փաթիլներ,
Մանի՛ր թելեր հաստ ու բարակ,
Որ ես հոգամ իմ ցաւեր։

Տիգրանիկս գուլպայ չունի,
ՀԱՆԴ է գնում ոտաբաց,
Գաբրիէլս չուխա չունի,
Միշտ անում է սուգ ու լաց։

Եթէ քիչ մը աւելի հետազօտենք մեր քաղցրիկ լեզուն, պիտի իմանանք որ «հանդ»-ին նախնական բուն արմատն ալ «անդ»-ն է։ Այո՛, ԱՆԴ, որ նմանապէս կը նշանակէ արտ, դաշտ, մշակելի հող։ «Անդապահ» (դաշտի պահակ) բառը հոսկէ կու գայ։ Հոսկէ է նաեւ մեր պապերուն կողմէ շինուած շատ գեղեցիկ բառ մը՝ ԱՆԴԱՍՏԱՆ-ը, որ կը նշանակէ  ընդարձակ դաշտ, դաշտագետին։
Այս բառը, ինքնին, սիրուն է ու բարեհունչ։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ անիկա մեր մշակութային կամ տոհմիկ ապրումներուն մէջ պահած է ու կը պահէ իւրայատուկ քաշողականութիւն մը։
Ամերիկահայ գրող Յակոբ Ասատուրեանի բանաստեղծութիւններու երախայրիքը կը կոչուէր «Անդաստան» (1946, Պոսթըն)։ Այս միեւնոյն անունով` գրականութեան ու արուեստի նուիրուած որակաւոր պարբերական մը հրատարակուած էր Փարիզ, 1952-1969, բանաստեղծ ու տպարանատէր Բիւզանդ Թօփալեանի անձնական ճիգերով ու խմբագրութեամբ։ Անդին, Հալէպի մէջ ալ, դա՛րձեալ նոյն անունով, հայերէնի 6 հատորանի դասագիրք մը պատրաստուած էր Յակոբ Չոլաքեանի կողմէ ու հրատարակուած,  ժամանակ մը առաջ (2009-2014)։
Անդաստանը իր փառաւոր տեղն ունի նաեւ մեր կրօնական գրականութեան ու ծէսերուն մէջ։ Արդարեւ, Անդաստանը դաշտի, հողի ու սերմնցուի հանդիսաւոր օրհնութիւնն է, որ հայկական մեր եկեղեցիները կը կատարեն տարին քանի մը անգամ, մասնաւորաբար՝ Խաչվերացի տօնին։ Մեր նահատակ բանաստեղծը՝ Դանիէլ Վարուժան, հաւանաբար ներշնչուելով Անդաստանի եկեղեցական իմաստալից ծիսակատարութենէն, նոյն վերնագրով գրի առած է գոհարանման բանաստեղծութիւն մը, ուր ի՛նք եւս կ՛‏օրհնէ աշխարհի չորս ծագերը՝ խաղաղութեան ու բերրիութեան սքանչելի մաղթանքներով.

 

 

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ո՜չ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին.
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի՝
Օրհներգութ՜իւն թող ըլլայ։

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերում թող ըլլայ…
Ծաղկի՜ մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ։

«Անդ»-ը երկրորդ իմաստ մըն ալ ունի։ Անիկա կը նշանակէ «այնտեղ, հոն»։ Եւ այս բառը զուգահեռ կ՛ընթանայ «աստ»-ին հետ, որ իր կարգին՝ կը նշանակէ «այստեղ, հոս»։ Աստ ու անդ։
Բանասէրներ կամ գրականագէտներ իրենց աշխատասիրութիւններուն մէջ երբ քաղուածք մը կատարեն տպագրեալ որոշ աղբիւրէ մը՝ պարտին նշել զայն անունով ու էջաթիւով։ Սակայն աւելի ետք, քիչ անդին, երբ հարկադրուին կրկին (երկիցս, երիցս կամ աւելի անգամներ) մատնանշել նոյն աղբիւրը, այս անգամ կը բաւարարուին «տե՛ս անդ» գրելով, այսինքն՝ մեզ կը յղեն դէպի այնտեղ, դէպի այն աղբիւրը, որ անգամ մը նշած էին նախապէս։
Ունինք «աստանդական» բարդածանց (աստ + անդ + ական) բառը, որ կը նշանակէ «հոս ու հոն թափառող»։ Նախաեղեռնեան մեր գրագէտներէն շատեր այդպէ՛ս էին՝ աստանդական։ Անոնք ակամայ կը հեռանային իրենց ծննդավայրէն ու հարազատ միջավայրէն, սա քաղաքին կամ նա երկրին մէջ ժամանակաւոր աշխատանքի մը կը ձեռնարկէին՝ մերթ իբրեւ ուսուցիչ, իբրեւ տնօրէն վարժարանի մը կամ իբրեւ խմբագիր լրագրի մը…։ Զարդարեան, Արփիարեան, Օտեան այդպէս չէի՞ն…։ Այս վերջինը իր աստանդական կեանքը հիանալիօրէն նկարագրած է «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» խորագիրը կրող յուշագրութեան մը մէջ։
«Աստ»-ն ու «անդ»-ը, ինքնաբերաբար, մեզի կը թելադրեն ուրիշ ազգական բառեր ալ։ Զորօրինակ, ԱՅՍՐ եւ ԱՆԴՐ կցորդ բառերը։ Առաջինը կը նշանակէ «դէպի այս կողմ», երկրորդը՝ «դէպի այդ կողմ»։ Պատմագրական գիրքի մը մէջ կը կարդանք.
– Անդրկովկասի երեք երկիրները՝ Հայաստան, Վրաստան ու Ատրպէյճան, իրերայաջորդ կերպով իրենց անկախութիւնը հռչակեցին 1918 Մայիսին։
Նոյն ձեւով կազմուած են Այսրյորդանան, Անդրատլանտեան, անդրմանիշակագոյն (ճառագայթներ), անդրսահմանային, անդրշիրիմեան (գերեզմանէն անդին) բառերը։

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

Next Post

14 ՈԼՈՐՏ ԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Next Post

14 ՈԼՈՐՏ ԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.