Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

June 3, 2025
in Գաղութային
0
 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի՝ «Ա․Տ․Օ․Մ․»-ի կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ի կէսօրէն առաջ ժամը 11:30-ին, Պսալիմի «Country Lodge»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ բուժարանի խնամակալութեան, նախագահութեամբ տիկ․ Ալիս Պօղոսեանի եւ ներկայութեամբ քոյր տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու եւ շուրջ 120 ներկաներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի ատենապետուհի Թալին Լախեան մայրերու նուիրուած բանաստեղծութեամբ կատարեց ձեռնարկի բացումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ նախագահին, հիւրերուն եւ բոլոր ներկաներուն իրենց աջակցութեան համար: Ապա  հրաւիրեց խնամակալութեան ներկայացուցիչ  տիկ․ Սօսի Փոլատեանը իր խօսքը փոխանցելու: Ան յիշեցուց խնամակալութեան կատարած իրագործումները վերջին երեք տարուան ընթացքին, ինչպէս՝ մատուռի նորոգութիւն, արեւային վահանակներու զետեղում, պտղատու ծառերու յաւելեալ հոգատարութիւն: Ան դրուատեց նաեւ «Ա․Տ․Օ․Մ․»-ի կողմէ կատարուած ընթացիկ տարուայ աշխատանքները, ինչպէս՝ կրօնական ու ազգային տօներուն առիթներով պատսպարեալներուն համար ստեղծուած հաճելի պահերը, գրադարանի մը ստեղծումը եւ հիւրերու համար վարձու տրուելիք սենեակի մը կահաւորումը: Ան յայտնեց թէ օրուայ ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի փոքր van-ի մը գնման:

Ձեռնարկի նախագահ տիկ․Ալիս Պօղոսեան խօսք առնելով արտայայտեց իր խոր զգացումները, նախ իր ներկայութեան համար իբր օրուայ նախագահ: Ապա անդրադարձաւ իր մէջ յուշերուն, հօրը՝ Ցոլակ Թիւթէլեանի առնչութեամբ, որ երկար տարիներ եղած է բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ: Տիկ․ Պօղոսեան շեշտեց թէ իր կապը բուժարանի պատսպարեալներուն հետ շատ խոր է:

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները յուշանուէրով եւ ծաղկեփունջով պատուեցին օրուայ նախագահուհին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ ընդգրկեց  խնամակալութեան եւ «Ա․Տ․Օ․Մ․»-ի իրագործած ծրագրերը, նկարներով եւ բացատրութիւններով: Անմիջապէս ետք, ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Թալին Լախեան՝ «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութեամբ:

Որմէ ետք, խնամակալութեան անունով, երիցուհի Մարիա Պագալեան անդրադարձաւ թէ ինչպիսի դժուարին պայմաններու մէջ Ազգային բուժարանը կանգուն կը պահուի, համատեղ ջանքերով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համախմբումին եւ խնամակալութեան: Ան դրուատեց Տիկնանց օժանդակ մարմինին ցարդ կատարած իրագործումները: Տեղեկացուց նաեւ նորակազմ երիտասարդական յանձնախումբին իրականացուցած առաջին ծրագիրը՝ «projector»-ի մը գնումը, որ հաճելի պահեր պիտի պարգեւէ պատսպարեալներուն:

Տիկ․ Պագալեան օրուան պատշաճ աղօթքով փակեց իր խօսքը:

Ապա ներկաները հրաւիրուեցան ճաշակելու համադամ ճաշերը: Պահը եղաւ իսկական հայկական մշակոյթի վայելքի պահ մը, յանձին երիտասարդներէ բաղկացած «Հեքիաթ» խումբին, որոնք մեկնաբանեցին սիրուած ժողովրդային եւ ազգագրական երգեր իրենց անզուգական ձայնով ու նուագակցութեամբ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն, Յունուար-Փետրուար 2025-ին ծախուած վիճակահանութեան, ուր բախտաւորուեցան երեք անձեր:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ օրուայ վիճակահանութեան վաճառք: Բախտաւորուեցան ներկաներ արժէքաւոր նուէրներով:

Ձեռնարկին հաղորդավարութիւնը կատարեց «Ա.Տ.Օ.Մ.»-ի յանձնախումբի անդամ՝՝ Լենա Երէցեան:

Ներկաները, խանդավառուած ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտէն, կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները հիացմունքով արտայայտուեցան սրահի եւ սեղաններու ներդաշնակ յարդարանքներուն նկատմամբ: Անոնք մեկնեցան, տոգորուած զուտ հայկական մշակոյթով ու գոհունակութեամբ, վստահ ըլլալով թէ իրենց լուման ի սպաս բերին, սատար հանդիսանալով լիբանանահայ կեանքի կարեւոր մէկ կառոյցին՝ Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

-2-

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ԱՆԴ, ՀԱՆԴ ԵՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Next Post

ԱՆԴ, ՀԱՆԴ ԵՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.