Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԹՂԹԱԿԻՑ 

June 3, 2025
in Գաղութային
0
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Մայիսի յետմիջօրէին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհահանդէս, մտաւորականներու ընտրանիի մը ներկայութեամբ: Մենագրութեան հեղինակն է դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան: Գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր արեւմտահայերէնով, իսկ այս անգամ՝ արեւելահայ տարբերակով, որուն վերածման աշխատանքը կատարած է Արեւիկ Արապեան: Հատորը միաժամանակ թարգմանուած է անգլերէնի: Գիրքը լոյս տեսած է 2023-ին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց եւ այնուհետեւ հանդիսավարութիւնը վարեց Արմինէ Մելքոնեան, որ համառօտակի անդրադարձաւ սոյն աշխատութեան կարեւորութեան եւ բովանդակութեան: Ան անդրադարձաւ հեղինակին կենսագրական գիծերուն, ուսումնառութեան՝ Վիեննայի մէջ, հոգեւորականի պաշտօններուն, գիտական կոչումներուն, հեղինակած գիրքերուն, անոր հետաքրքրութեան ոլորտներուն եւ այլն: Ապա, մենագրութեան գիտական վերլուծութիւնը ներկայացուց Արուսեակ Թամրազեան, ընդգծելով աշխատութեան ծանրակշիռ բնոյթը, նիւթին մշակման գիտականութիւնը, աղբիւրագիտական վաւերականութիւնը. ան կարգ մը հատուածներ ընթերցելով, շօշափելի կերպով հաստատեց՝ թէ մենագրութեան հեղինակը կատարած է պրպտողական երկար ու բարեխիղճ աշխատանք, լուսարձակի տակ առած է հայ մատենագրութեան, կանոններու ու օրէնքներու մանրամասն կէտերը եւ ընդգծած հայ սարկաւագուհիներու, միանձնուհիներու, եկեղեցւոյ ծառայողներու անուրանալի իրողութիւնն ու ներդրումը: Սոյն նիւթին աստուածաբանական քննարկումը կատարեց աստուածաբան, դասախօս Յարութիւն Յարութիւնեան, որ կրօնականներու եւ փիլիսոփաներու խօսքերէն մէջբերելով, կեդրոնացաւ իգական սեռին ունեցած դերին ու առաքելութեան՝ քրիստոնէական մօտեցումով: Ան ընդգծեց, որ հին ժամանակներուն եւ յատկապէս յունական դիցաբանութեան մէջ չաստուածները մեծ մասամբ կիներ էին: Կանանց աստուածացումը կու գայ դարերէն եւ Մարիամ ինքնաբերաբար շարունակութիւնն է անոնց: Ան իր ակնածանքը յայտնելով գիրքի հեղինակին եւ արծարծած նիւթին շուրջ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց կանանց կրօնականութեան, եկեղեցւոյ գործերուն մէջ կանանց օգտակար մասնակցութեան, եկեղեցւոյ պատմական դէմքերու կարծիքներուն շուրջ: Իր սրտի եւ երախտագիտութեան խօսքը կարճառօտ փոխանցեց Մատենադարանի վաստակաշատ դասախօս, աստուածաբան, հեղինակ Էռնա Շիրինեան:

Այնուհետեւ եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, նշելով որ այս զգայուն նիւթը տասնեակ տարիներէ ի վեր եղած է իր հետաքրքրութեան եւ ուսումնասիրութեան նիւթը: Պատմական փաստերու յիշատակումով հաստատեց, թէ սարկաւագուհիներ, միանձնուհիներ գործօն դեր ունեցած են հայ եկեղեցիէն ներս, ունեցած հոգեւոր եւ հանրային ծառայութիւններ, նշելով օրինակ Սանդուխտ իշխանուհիին պարագան: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մէջ եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչ եղած է գլխաւոր անհատականութիւնը, ապա նոյնքան մեծ առաքելութիւն ունեցան Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց կոյսերը, որոնց նահատակութեան հետեւանքով լայն ժողովրդականութիւն գտաւ եւ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն հետեւեցաւ նոր կրօնքին, վկայ՝ անոնց նուիրուած նախ վկայարանները եւ ապա վանքերը: Ան նշեց կարգ մը վայրեր, ուր քրիստոնեայ կանայք եւ իգական սեռի նուիրեալներ հանրօգուտ մեծ ծառայութիւններով գրաւած են ուշադրութիւնը հայութեան՝ ինչպէս Կ. Պոլիս, Նոր Ջուղա, Թիֆլիս: Ան կարգ մը աստուածաբան հայրերու կարծիքները մէջբերելով հաստատեց, թէ այս նիւթը եղած է վիճայարոյց եւ շատ հայրեր ընդդիմացած են կանանց ներկայութեան եկեղեցիէն ներս: Ի հարկէ, ան դիտել տուաւ Մարիամ Աստուածածնի պարագան, Մարիամներու ներկայութիւնը Քրիստոսի կեանքին մէջ, կանանց խիզախութիւնը Քրիստոսի գերեզման այցելելու, երբ փախած էին տղամարդ աշակերտները անոր: Ապա՝ անդրադառնալով այսօրուան կացութեան, նշեց թէ վերջերս Թեհրանի թեմէն ներս ունեցած ենք սարկաւագուհի: Որմէ ետք դիտել տուաւ, որ պէտք է մօտենալ ժամանակակից մտածողութեամբ, կանանց ներգրաւել եկեղեցիէն ներս, վստահիլ եւ քաջալերել զանոնք, ապա թէ ոչ կրնան հեռանալ հայ եկեղեցւոյ շրջածիրէն եւ դառնալ աղանդաւորներու հետեւորդներ, ինչ որ ազգային իմաստով անբաղձալի է: Ան որոշ մանրամասնութիւններ եւս փոխանցեց մենագրութեան եւ անոր այժմէականութեան շուրջ: Նշենք, թէ Տէր Աբէլ այս հայրենական այցելութեան, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին նուիրած է պատմական լուսանկար մը հայ սարկաւագուհի մը ներկայացնող, որուն համար Մատենադարանի աշխատակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս մշակութանուէր քայլին համար:

Խօսքերէն ետք, հեղինակը նորատիպ հատորը մակագրեց ներկաներուն համար: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

«ՆԵՂՈՍԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՕՆԹԱՐԻՕ ԼԻՃ»` ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Next Post

 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

Next Post
 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

 ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ «Ա.Տ.Օ.Մ.»-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ «COUNTRY LODGE»-Ի ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.