Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՐՈՒԱԾ

June 3, 2025
in Միջազգային
0
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՐՈՒԱԾ

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը երէկ ականատես դարձաւ անակնկալ եւ աննախադէպ զարգացումներու, որոնք կրնան առաջնորդել յաւելեալ մագլցումի, կործանումի եւ զոհերու: Պատերազմի սկիզբէն ի վեր գուցէ մեծագոյն եւ ամենէն յաջող յարձակումով, ուքրանական հետախուզական ծառայութիւնները աւելի քան 110 թռչող սարքով ռուսական օդային խարիսխներ հարուածեցին Ուքրանիոյ հետ սահմանային գօտիէն: Ուքրանական լարուած անօդաչուներուն ալիքը հասաւ մինչեւ Սիպերիոյ շրջանին մէջ գործող զինուորական ռազմակայանները, ուր կործանեցին օդակայաններուն մէջ կայանուած քանի մը տասնեակ կործանիչներ՝ ներառեալ Ռուսիոյ ռազմավարական հեռահար «Անթոնով» եւ «Թուփոլեւ» տիպի ռազմական օդանաւեր, որոնք հրկիզուեցան առանց օդ իսկ բարձրանալու: Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց ուքրանական սարքերով յարձակում մը ձախողութեան մատնելու մասին:

Զինուորական մագլցումին զուգահեռ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջնորդութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուեցաւ ռուս-ուքրանական բանակցային նիստ, որ տեւեց աւելի քան ժամ մը, սակայն աւարտին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ: Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց միայն, որ «նիստին ընթացքը վատ չէ եղած»:

Կը քննարկուին նաեւ Իրանի հարցով բանակցութիւններու հոլովոյթը շարունակելու հնարաւորութիւնները: Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ» գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան կը մտադրէ մերժել լուծումի ամերիկեան առջարկները, որովհետեւ կ’անտեսեն Իրանի շահերը, ուստի անգործադրելի են: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ահազանգեց, թէ կարելի պիտի չըլլայ համաձայնիլ, եթէ Արեւմուտքին նպատակն է Իրանը զրկել հիւլէական խաղաղ ուժանիւթէն օգտուելու հնարաւորութենէն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

  ԱՆՁՆԱԹՈՒՂԹԸ ԿԵՂԾԱԾ ԹՈՒՐՔԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՕՏԱՐԱԶԳԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՕՏԱՐԱԶԳԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.