Լիբանանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ յատուկ գործողութեամբ մը Պէյրութի Քորայթէմ թաղամասին մէջ յաջողած է ձերբակալել թուրք քաղաքացի մը, որ երկիր մուտք գործած էր լիբանանեան կեղծ անձնաթուղթ գործածելով: Հետաքննութեամբ ի յայտ եկած է, թէ ձերբակալուած թուրքը Լիբանանի մէջ անցեալին գործած է ոճիրներ եւ օրինախախտումներ, որոնց լոյսին տակ արգիլուած է անոր Լիբանան մուտքը: Ան սակայն Թուրքիա վերադառնալով փոխած է ազգանունը եւ կեղծ անձնաթուղթով դարձեալ մուտք գործած է Լիբանան: