Պաղեստինեան Ֆաթահ շարժումի լիբանանեան ճիւղի պատասխանատուներէն Ապու Իյատ Շաալան ժխտեց Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները ապազինելու քննարկումներուն հարցով Ֆաթահի մէջ տարակարծութիւններու առկայութիւնը: Անոր խօսքով, իրենք յանձնառու կը մնան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութեան յօդուածներու գործադրութեան եւ ընդարձակ ժողով մը պիտի գումարեն 15 Յունիսին, նախքան գաղթակայաններուն ապազինումի հոլովոյթին սկիզբը՝ 16 Յունիսին: Նշենք, որ նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնած էր, թէ նախ պիտի յանձնուին Պէյրութի մերձակայ գաղթակայաններուն զէնքերը: