Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ իր դռները միշտ բաց են Հըզպալլային դիմաց, պատրաստակամութիւն յայտնելով փոխադարձելու «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի բարեկամութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ տեսակցութեան ընթացքին Սալամ կառավարութեան յանձնառութիւնը յայտնեց վերակառուցելու վերջին պատերազմին պատճառով կործանուածը: Ըստ վարչապետին, վերակառուցումի համար անհրաժեշտ է առնուազն 7 միլիառ տոլար, մինչ Միջազգային դրամատունը կը խօսի 14 միլիառի մասին: «Ուաշինկթընի մէջ գումարուած ժողովին փորձեցինք այդ դրամատունէն ապահովել 250 միլիոն տոլար եւ յաջողեցանք, մինչ ֆրնասացիներն ալ յատկացուցին 75 միլիոն տոլար», ըսաւ Սալամ, կառչածութիւն յայտնելով կառավարութեան աշխատանքային ծրագրին՝ ներառեալ Լիբանանի ամբողջ տարածքին պետութեան հեղինակութեան ամրապնդումը, զէնքի հարցի լուծումը եւ Թայէֆի համաձայնութեան ամբողջական գործադրութիւնը: Վարչապետին կարծիքով, խորհրդարանի նախագահը որեւէ վերապահութիւն չունի բարեկարգումներու ծրագրին առնչութեամբ:
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր հաւաստիացուց, որ բնականոն յարաբերութիւնը կը վերականգնուի վարչապետին հետ եւ կառավարութիւնը կ’ակնկալէ արտերկրէն ստանալ մէկ միլիառ տոլարի օգնութիւն: